kantsasar.com – Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան ան­նա­խա­դէպ տագ­նա­պի սկզբ­նա­կան շըր­ջա­նին թէ­եւ հա­մար­եա՛ կանգ առաւ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան մշա­կու­թա­յին եռուն կեան­քը եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը գլ­խա­ւո­րա­բար կեդ­րո­նա­ցան շտապ օգ­նու­թեան բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան վրայ, այ­նու­հե­տեւ ամիս­ներ անց հա­լէ­պա­հա­յու­թեան մշա­կու­թա­յին, եկե­ղե­ցա­կան, մար­զա­կան միու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տան­քը կր­կին թափ առաւ:

Վա­խի, կաշ­կանդ­ուա­ծու­թեան եւ յու­սալ­քու­մի ճի­րան­նե­րէն դուրս եկաւ հա­լէ­պա­հա­յը, վե­րա­կազ­մա­կեր­պեց իր կեանքն ու զին­ուե­ցաւ լա­ւա­տե­սու­թեամբ, այ­լեւ` իրա­տե­սու­թեամբ:

Ապ­րե­լու տենչն ու մշա­կու­թա­յին աւի­շով ներշնչ­ուե­լու մղու­մը ի մի բե­րին միու­թե­նա­կան­նե­րը ու կր­կին բա­նիլ սկ­սան երաժըշ­տա­կան դպ­րոց­նե­րը, ակումբ­նե­րը, մար­զա­կան կեդ­րոն­ներն ու մշա­կու­թա­յին սրահ­նե­րը:

Թէ­եւ մշա­կու­թա­յին կարգ մը կեդ­րոն­ներ եւ մար­զա­դաշ­տեր բա­խում­նե­րու հե­տե­ւան­քով ան­հա­սա­նե­լի դար­ձան, սա­կայն կեան­քին, ու յատ­կա­պէս հայ­կա­կան կեան­քին, կառ­չած մնա­լու կամ­քը վերս­տին աշ­խոյժ գոր­ծու­նէ­ու­թեան մղեց հա­լէ­պա­հայ միու­թիւն­նե­րը, ան­գամ սահ­մա­նա­փակ կեդ­րոն­նե­րու մէջ, սահ­մա­նա­փակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով:

Հա­մե­մա­տա­բար ապա­հով շր­ջան­նե­րու մէջ գտ­նուող կեդ­րոն­ներ ծա­ռա­յել սկ­սան ե՛ւ որ­պէս երաժշ­տա­կան դպ­րոց­ներ, ե՛ւ որ­պէս ժո­ղո­վա­վայ­րեր, ե՛ւ որ­պէս ըն­կե­րա­յին հա­ւա­քա­վայ­րեր:

Հա­կա­ռակ տն­տե­սա­կան ու կեն­ցա­ղա­յին դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն, անա­պա­հո­վու­թեան ու քա­ղա­քի զա­նա­զան թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ պայ­թող ան­կան­խա­տե­սե­լի ար­կե­րուն, հրա­սան­դե­րուն, յա­ջոր­դա­բար ըն­թացք առին հան­րա­յին ձեռ­նարկ­ներ, հան­դի­սու­թիւն­ներ, եր­գա­հան­դէս­ներ, ցու­ցա­հան­դէս­ներ, նոյ­նիսկ ըն­կե­րա­յին խրախ­ճանք­ներ:

Յու­սադ­րիչ երե­ւոյթ մը, որ հա­մայն­քի կեան­քին եր­բեմ­նի կեն­սու­նա­կու­թիւնը վերս­տեղ­ծեց:

Հա­լէ­պա­հայ միու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թեան, մշա­կու­թա­յին կեան­քի վե­րաշ­խու­ժաց­ման անդ­րա­դար­ձող բազ­մա­թիւ թղ­թակ­ցու­թիւն­ներ հրա­տա­րակ­ուե­ցան «Գան­ձա­սար»-ի էջե­րուն մէջ, որոնք հա­լէ­պա­հա­յու­թեան տագ­նա­պի պատ­մու­թեան մէջ լու­սա­ւոր ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ պի­տի դառ­նան:
Յու­սալ­քու­մի յանձն­ուե­լու փո­խա­րէն, լա­ւա­տե­սու­թեամբ առաջ­նորդ­ուե­լու եւ ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն մէջ հնա­րա­ւո­րինս սըր­տապն­դիչ ըն­թացք ու­նե­նա­լու հա­լէ­պա­հայ միու­թիւն­նե­րուն ճի­գը հայ­կա­կան ոգիի գե­ղեց­կա­գոյն ար­տա­յա­յտու­թիւնն էր:

Նոյն­քան աշ­խու­ժու­թեամբ գոր­ծե­ցին ու կը շա­րու­նա­կեն գոր­ծել հա­լէ­պա­հայ վար­ժա­րան­նե­րը: Թէ­եւ քա­ղա­քին մէջ դպ­րո­ցա­կան հան­րա­կառ­քե­րու շր­ջա­գա­յու­թիւնը անհ­նար էր, ելեկտ­րա­կա­նութ­եան, ջու­րի ու վա­ռե­լա­նիւ­թի տագ­նա­պը` եր­կա­րա­տեւ, տն­տե­սա­կան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը` կաշ­կան­դող, սակայն հայ աշա­կերտ­ներ պար­տա­ճա­նաչ ներ­կա­յու­թեամբ շա­րու­նա­կե­ցին յա­ճա­խել հայ­կա­կան վար­ժա­րան ու կա­նո­նա­ւոր ըն­թաց­քով հե­տե­ւիլ ու­սում­նա­կան ծրագ­րին:

Կր­թա­կան մշակ­ներ, դաստ­ի­ա­րակ­ներ, տնօ­րէն­ներ աշ­խա­տե­ցան ան­կա­րե­լին կա­րե­լի դարձ­նել, յար­մա­րիլ պայ­ման­նե­րուն ու իրենց առա­ւե­լա­գոյ­նը տալ հայ աշա­կեր­տին:

Վար­ժա­րան­նե­րէն ներս եւս թափ առաւ ձեռ­նարկ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը` տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ, մր­ցոյթ­ներ, ար­տա­դա­սա­րա­նա­յին աշ­խա­տանք­ներ:

Այս­պէս եղած է Հա­լէ­պը իր խա­ղաղ ու ապա­հով օրե­րուն, այս­պէս է նա­եւ այ­սօր, սահ­մա­նա­փակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ու կաշ­կան­դող պայ­ման­նե­րու մէջ ան­գամ:

Աշ­խա­տու­նակ այս կեն­ցա­ղով ապ­րած է հա­լէ­պա­հա­յը տաս­նամ­եակ­ներ շա­րու­նակ, անձ­նա­կան իր կեան­քին կող­քին սեր­տօ­րէն աղերս­ուե­լով հա­ւա­քա­կան կեան­քին:

Դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը ցարդ չեն փա­րա­տած, երկ­րի տագ­նա­պը կը շա­րու­նա­կէ նե­ղել, ինչ­պէս տե­ղա­ցի ժո­ղո­վուր­դին, նոյն­պէս հա­լէ­պա­հա­յուն առօր­եան: Այ­սու­հան­դերձ, ապ­րե­լու, գոր­ծե­լու եւ ծա­ռա­յե­լու տեն­չը, հա­մայն­քի կազ­մա­կերպ կեան­քը կը շա­րու­նա­կեն դրա­կան լից­քեր հա­ղոր­դել մեր շր­ջա­պա­տին:

Այս բո­լո­րին հա­մադ­րումն է, որ այս­քան ջերմ ու քաղցր կը պա­հէ Հա­լէպն ու Հա­լէ­պի Մայր գա­ղու­թը:

Զ.Պ.

04/03/2014