kantsasar.com – Ամէն տարի, Փետրուար ամսուն Հայ Առաքելական Ս. եկեղեցին եւ ողջ հայութիւնը կը տօնեն Աւարայրի դաշտին վրայ իրենց հայրենիքի եւ կրօնքի պաշտպանութեան համար նահատակուած Վարդանանց Քաջերու յիշատակը:
Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտութիւնը , տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս կազմակերպեց ձեռնարկ մը, ուսուցիչ-աշակերտ համագործակցաբար ոգեկոչելու Վարդանանց անթառամ յիշատակը:
Ոգեկոչումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 25 Փետրուար 2014-ի առաւօտեան, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, զոյգ տնօրէններու, օրուան բանախօսի, դաստիարակներու եւ ուսուցչական կազմի ու ողջ աշակերտութեան ներկայութեամբ:
Ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս` յարգելու յիշատակը մեր հին ու նոր նահատակներուն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԺԱ. կարգէն Ալիսիա Արսլանեան: Ան համառօտ ակնարկով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան եւ փառապանծ էջերուն, որոնք լի էին սխրագործութիւններով եւ որոնց տարեթիւերը դրոշմուած պիտի մնան հայ մարդու յիշողութեան մէջ: Անոնց շնորհիւ էր, որ հայը գոյապայքար մղեց նոյնիսկ Հայաստանի պատմական հողերէն դուրս սփռուելով աշխարհի չորս ծագերուն: Ապա անդրադառնալով այսօրուան իրավիճակին, ան կոչ ուղղեց ճեմարանական իր դասընկեր-դասընկերուհիներուն Վարդանանց ոգիով զօրանալու, զիրար յարգելու, եւ իրարու օգնելու :
Միջնակարգի աշակերտները եւս յայտագիրին մաս կազմելով հանդէս եկան պատմական անցուդարձերու հաղորդումով: Եօթերորդ կարգի աշակերտները ողջ հանդիսութեան ընթացքին յաջորդաբար պատմական դրուագներ ներկայացուցին, որոնք կ՛ընդմիջուէին գեղարուեսական յայտագիրով մը: Այսպէս`
– Եօթերորդ կարգէն խումբ մը աշակերտներ յաջորդաբար երգեցին` «Հիմի էլ լռենք» եւ «Իմ հայրենեաց»-ը:
-Ութերորդ կարգէն աշակերտներ արտասանեցին Յովհաննէս Թումանեանի «Լուսաւորչի կանթեղե քերթուածը, որոնց լաւ մատուցումը հանդիսատեսի ուշադրութեան եւ գնահատանքին արժանացաւ:
-Ութերորդ կարգէն աշակերտներ հանդէս եկան «Արեգակն արդար» շարականի մատուցմամբ:
Այս բոլորէն ետք, Ժ. կարգէն Մկօ Մինասեանի կողմէն պատրաստուած տեսաերիզի ցուցադրութիւն տեղի ունեցաւ, որ նուիրուած էր օրուան խորհուրդին:
-Ժ. կարգէն աշակերտ-աշակերտուհիներու բեմականացումով, ներկաները կենդանի պատկերներով տեսան Վարդանի, Ղեւոնդ Երէցի եւ հայրենասէր նախարարներու կերպարներն ու լսեցին անոնց իմաստուն խօսքերը: Շատ հրապուրիչ ձեւով այդտեղ մատուցուեցաւ Վարդանի ճառը, ճակատամարտէն առաջ, ուղղուած իր քաջ զինուորներուն: Մեծ էր հայ կնոջ դերը, որպէս հայ քաջուհի այս ճակատամարտին:
Բեմականացումէն ետք, Ժ. կարգէն Յարութ Չուալերթանեան մեներգեց «Նորահրաշ» շարականը: Անոր յաջորդեց եօթերորդ կարգէն Յակոբ Յովհաննէսեանի Վարդանանքի նուիրուած ասմունքը, որով հմայեց ունկնդրողը:
Օրուան բանախօսն էր Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ քահանայ Միքայէլեան: Յարգելի բանախօսը համառօտ պատմականը ներկայացնելէ ետք, յայտնեց որ Վարդանանց պատերազմը գոյապայքար էր: Նահատակներու զաւակները շարունակելով իրենց պապերու աւանդը դարեր շարունակ կենաց եւ մահու պայքար մղեցին եւ անոնց շնորհիւ է, որ մենք` մշակոյթի, կրօնքի, հայրենիքի եւ դրօշակի տէր ազգ մըն ենք եւ ունինք մեր սեփական հողը: Շարունակելով խօսքը` Տ. Տաթեւ շեշտեց, որ որպէս ազգ պէտք չէ վստահիլ օտարներուն եւ ինքնազարգացումով պէտք է քայլ պահել այսօրուան ճարտարագիտական աշխարհի հետ` միաժամանակ վստահելով մեր կարողութիւններուն:
Տօնակատարութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանիս տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան` պարգեւատրելու տարբեր կարգերու առաջնակարգ աշակերտները:
Ստորեւ կը ներկայացնենք առաջնակարգ աշակերտներու անուանացանկը`
Եօթերորդ կարգ-
Շիրազ Գպըճեան Ա., Աւօ Պօղոսեան Ա., Մէյրի Տըրմաշ Ա. ,Յակոբ Տէօքմէճեան Ա., Մարալ Ղազարեան Բ., Անդրանիկ Մութաֆեան Բ., Տեսիլ Սարեան Գ., Սէրլի Կենտիմեան Գ.
Ութերորդ կարգ-
Յակոբ Սասունեան Ա., Վանա Եագուպեան Բ., Անժելա Սարգիս Չաղլասեան Գ., Մարալ Պահարեան Գ.
Տասերորդ կարգ
Ալիք Սարեան Ա., Սերենա Սարգիսեան Բ., Անի Մկրտիչեան Գ.
Տասնմէկերորդ կարգ
Գրական- Աննա Մարիա Պարսումեան Ա., Թագուհի Խորէն Բ., Մարիա Եափուճեան Գ.
Գիտական- Գէորգ Եղիայեան Ա., Ժեմմա Տաուլէ Գ., Ալիսիա Արսլանեան Բ., Մեղրիկ Մուշոյեան Բ.
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ տէր հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Գէորգ Եղիայեան
ԺԱ. կարգ-Գիտական
09/03/2014