kantsasar.com – Ս.ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հինգշաբթի, 27 Փետրուար 2014-ին, երեկոյան ժամը 5:00-ին, Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ տօնակատարութիւն, երեք համայնքներու հոգեւոր հայրերուն, պատասխանատու մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան ներկայութեան:
Օրուան հանդիսավար` Անի Չէլէպեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Վարդանանց եւ մեր բոլոր նահատակներու հոգիներուն, որմէ ետք հրաւիրեց Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը, որ յաջորդաբար երգեց Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը, «Նորահըրաշ» եւ «Հիմի էլ Լռենք» երգերը, խմբավարութեամբ` Արժ. Տ. Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանին եւ նուագակցութեամբ` Ռազմիկ Մելքոնեանին:
Բացման խօսքը կատարեց Պատուելի Սեւակ Թրաշեան, որ պարզաբանեց, թէ Վարդանանց Պատերազմը միայն հայոց պատմութեան անցեալի էջերուն մէջ գրուած պատմութիւն մը չէ, այլ` մեր գոյութեան պատճառն է, որպէս հա՛յ քրիստոնեայ ազգի զաւակներ: Ան ըսաւ. «Հաւատք, ինքնութիւն, լեզու, մշակոյթ եւ հող արժէքներ են, որոնց համար ինչպէս անցեալին նաեւ այսօր պատրաստ ենք մեր կեանքը նուիրելու: Նորանոր մարտահրաւէրներու դիմաց փախուստը երբեք լուծում մը չէ: Վարդանի տիպարը, իբրեւ դպրոց` ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան, պէտք է դրոշմուի եւ սերմանուի մեր ժողովուրդին մանաւանդ նորահաս սերունդին մտքին, խիղճին եւ ինքնութեան մէջ»:
Օրուան բանախօս` Գերապատիւ Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան, իւրայատուկ կերպով ներկայացուց Վարդանանց քաջագործութեան եւ զոհաբերութեան խոր իմաստը:
«Վարդանանք ինկան, բայց չմեռան: Անոնց մարմինները անտարակոյս հողին պիտի յանձնուէին օր մը, սակայն անոնք իմացեալ մահով անմահութեան փարոսներ եղան դարէ-դար»:
«Հայկէն մինչեւ Վարդանանք ու ասդին հայոց պատմութիւնը գոյամարտ մը եղաւ, վկայութիւն մը մեր հայկեան ինքնութեան ու ազգային արժանապատուութեան պաշտպանման:Հայոց թագաւորութիւնը հայրենիքին տուաւ մեծութիւն, քրիստոնէութիւնը` խիղճի ու հոգիի ազատութիւն: Ահա թէ ինչու անոնք հերոսաբար բարձրացուցին ապստամբութեան դրօշը, որովհետեւ որպէս հայր դաւանեցին Ս.Աւետարանը ու որպէս մայր` ընդհանրական եւ Առաքելական Ս.եկեղեցին»:
Վարդապետ հայրը ներկայացուց Վարդանանց պատերազմին պատմական համառօտ ակնարկը, որմէ ետք շեշտեց, թէ հակառակ պարսիկներուն եւ թուրքերուն վայրագ յարձակումներուն, հայ ժողովուրդը միշտ կառչած մնացած է իր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն եւ յաղթական դուրս ելած, որովհետեւ յաղթանակը քրիստոնէութիւնը պահելու մէջ է: Ան աւելցուց ըսելով, թէ այսօր հայ ժողովուրդը ունի հայրենիքի վերականգնման, Արցախի հարցի լուծման, Ջաւախքահայութեան, սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ հայութեան սպառնացող հայապահպանման խնդիրներ, որոնք կը կարօտին համահայկական ջանքերու:
Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան Հ.Կ.Մ.-ի եւ Հայ Աւետ.Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները, ներկայացնելով Վարդանանց պատերազմին նուիրուած ոգեւորիչ երգեր եւ արտասանութիւններ:
Տօնակատարութեան աւարտին Արժ. Տ. Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան յայտնեց, որ Վարդանանց յիշատակի տարեկան մեր ոգեկոչումը սովորական աւանդութիւն մը չէ այլ` խորիմաստ եւ բովանդակալից օր մըն է` իր յատուկ խորհուրդով ու պատգամով, իր ներշնչանքով եւ յաղթանակներով: «Այս օրը մեզի համար որպէս հաւատացեալ քրիստոնեաներ մեծ արժէք ունի, որովհետեւ այստեղ մենք մեզ է որ ցոյց տուած ենք, մեր ինքնութիւնն է որ փաստած ենք, մեր հաւատացեալի կերպարն է որ ցոյց տուած ենք, մեր հայկական դրոշմն է որ կնքած ենք: Այս օրը մենք մեր գործնական հաւատքով անգամ մը եւս կը հաւատարմագրուինք մեր հայութեան եւ քրիստոնէութեան ու մեր կապուածութիւնը կը յայտնենք մեր նախահայրերուն: Այնքան ատեն, որ կը հաւաքուինք երեք յարանուանութիւններ` միաբուռն եւ միասիրտ կերպով, անյաղթելի կը դառնանք: Հոս է միութեան արժէքը յաղթութեան տեսակէտէն»:
Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ տէր հօր օրհնութեամբ եւ «Պահպանիչ»աղօթքով:
ՆԱՅԻՐԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
09/04/2014