kantsasar.com – Պատերազմ է: Հոս կան հրթիռներ ու կապարներ, վախ ու մտահոգութիւն, սղաճ ու անգործութիւն, ելեկտրական հոսանքի ու ջուրի անվերջ տագնապ, ամէնօրեայ վտանգ, առօրեայի հետ կապուած անսովոր երեւոյթներ ու այս ամէնը ապրելով հանդերձ, ամէն առտու դպրոց արշաւող աշակերտներ:
Գաղութի բոլոր հաստատութիւններուն նման, դպրոցներն ալ իրենց բաժինը ստացան պատերազմի ծանր հարուածէն, իսկ տուժողը եղաւ աշակերտութիւնը:
Ինծի նման շատերուն միտքը հարցման նշաններով լեցուն է: Արդեօք այս պայմաններուն մէջ աշակերտները ինչպէ՞ս կ՛անցնեն ուսումնական տարեշրջանը:
Համեմատաբար նախորդ տարուան, թէեւ 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտը ճշգրիտ ժամկէտին սկսած էր, բայց ուզեցի իմանալ, թէ պատերազմական առօրեային մէջ ի՞նչ կը պատահէր իւրաքանչիւր աշակերտի ներաշխարհէն ներս…:
Այս հարցումին պատասխանը կարելի էր գիտնալ միայն եղելութիւնը ապրողներէն:
Ահա թէ ինչու ուղղուեցայ հայկական վարժարան մը` Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան եւ փորձեցի քննել հարցին տարբեր կողմերը:
«Այս տարի, բաղդատաբար նախորդ տարուան, ուսումնական տարեշրջանը աւելի լաւ է: Ճիշդ ժամկէտին սկսելով աշակերտութեան թիւն ալ քիչ մը աւելի աճ արձանագրած է» փոխանցեց Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն տիար Յակոբ Քիլէճեան: «Նկատի առնելով երկրին պայմանները, աշակերտներուն ճնշուած ըլլալը եւ ընտանեկան, ընկերային, տնտեսական զանազան հարցերը, աշակերտներուն կարգապահական վիճակը ընդունելի է: Իսկ ուսումնական գետնի վրայ հիմնական խնդիրը նախորդ տարի առաջին կիսամեայի դասաւանդութիւնը յապաւումով սկսիլն էր: Այս մէկը, բնականաբար, ազդեց քըննութեանց արդիւնքներուն վրայ»: Տնօրէնին կարծիքը երկրորդեցին 11-րդ կարգէն խումբ մը տղաք եւ աղջիկներ ու ըսին. «Արաբերէն լեզուի եւ թուաբանութեան մէջ կային դասեր, որոնք պէտք էր անցեալ տարի անցած ըլլայինք: Ուսուցիչները տարուան սկիզբը 10-րդ կարգի ամբողջ ծրագիրը բացատրեցին, բայց եւ այնպէս մենք կարիքը զգացինք ինքնաշխատութեամբ պրպտումներ ընելու, յաւելեալ գիտելիքներով օժտուելու համար»: Տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը այս հարցը մասամբ լուծելու համար կազմակերպած են զօրացուցիչ դասընթացքներ: Անոնք տեղի կ՛ունենան դպրոցական ժամերէն դուրս, խորհըրդանշական սակերով:
Հալէպի առօրեայ վատ պայմաններուն հիմնականը ելեկտրական հոսանքի անդադար անջատումն է, որ հետզհետէ անտանելի կը դառնայ: Այս մէկը մեծ ազդեցութիւն ունի աշակերտներուն վրայ: Անոնք տարբեր կարծիքներ յայտնեցին այս դժուարութեան գծով. «Այո՛, մենք դժուարութիւններու հանդիպեցանք, սակայն կրցանք յաղթահարել զանոնք: Մեզի համար հարց չէր մոմի լոյսի տակ դաս սորվիլն ու քննութիւն պատրաստելը: Մենք կը դասաւորենք մեր պարտականութիւնները այնպէս մը, որ նախքան մթննալը լրացուցած կ՛ըլլանք զանոնք» պատմեցին Աննա Մարիա Պարսումեանն ու Գէորգ Եղիայեանը: 8-րդ կարգէն Նինա Մուրատեանի կարծիքը այլ էր. «Դասարանի մեծամասնութիւնը տրամադրութիւն չունի դաս սորվելու: Բոլորին համար ալ հարց է ելեկտրական հոսանքի անջատումը: Ամէն առտու մէկս միւսին միեւնոյն հարցումը կ՛ուղղենք` ելեկտրականութիւն ունէի՞ք»: Նինան, ինչպէս 7-րդ եւ 8-րդ կարգի բոլոր աշակերտները, տակաւին կ՛ապրին Ք.Ե.Ա.Ճ.-ի կառոյց յաճախելու երազով: Ազգային Կիւլպէնկեան վարժարանը իր բառերով «պարզ է»: Հոգեբան-խորհըրդատու Օրդ. Ալիս Մելքոնեան կը շեշտէ, թէ դպրոցական փոփոխութիւնները կ՛ազդեն աշակերտներու հոգեվիճակին վրայ: «Դպրոցի վայրի փոփոխութիւնը, կարգ մը դասընկերներու ճամբորդութիւնը, դպրոցի, դասապահերու եւ զբօսանքի ժամերու փոփոխութիւնը, բոլորն ալ իրենց լուրջ ազդեցութիւնը ունին աշակերտներուն վրայ: Անոնք իրենց պատանեկան եւ դպրոցական մտահոգութիւններուն կողքին, կը դիմագրաւեն նաեւ կենցաղային մտահոգութիւններ (հաց, ելեկտրականութիւն, ջուր ապահովելու դժուարութիւն եւայլն): Նինային մայրը` տիկին Անի Մուրատեանը կ՛անդրադառնայ իր զաւակներու հոգեկան փոփոխութիւններուն, բայց եւ այնպէս չի դադրիր զանոնք համբերութեամբ յորդորելէ: «Պզտիկները իրենց կըրցածին չափ կ՛աշխատին, գոհ եմ իրենց ընդհանուր վիճակէն, թէեւ պարզ է որ պզտիկ մը երբ առտու կանուխ տաքուկ-տաքուկ, հանգիստ հագուի, դպրոց երթայ ու օրը ապրի առանց մտահոգութիւններու աւելի լաւ արդիւնք կու տայ»: Ան տան մէջ տեւական կը յորդորէ իր զաւակները համբերութեամբ զինուիլ ու չյուսալքուիլ: «Մենք հիմա այս քաղաքին մէջ կ՛ապրինք, քանի որ այդպէս է ուրեմն պէտք է համակերպինք»:
Պատերազմի դժուարութիւնները յաղթահարելու գաղափարով համոզուած էին նաեւ 11-րդ կարգի աշակերտները: Անոնք ըսին, թէ փիլիսոփայութեան դասի պահուն, ուսուցիչին հետ կը զրուցեն ու զիրար կը քաջալերեն: «Ամէն քաղաքի մէջ կրնան պատահիլ այսպիսի բաներ: Այս մէկը պատճառ չէ, որ մենք ատենք մեր քաղաքը» կ՛ըսէր Կարօ Աւագեանը: Ըստ Արազ Չագրեանին անոնք տեւական ընկերային յայտագիրներ կը պատրաստեն` պատերազմի մթնոլորտէն դուրս ելլելու համար:
Թագուհի Մելքոնեանը պատմեց Հալէպի առաջին պայթումի ընթացքին դպրոցէն ներս տիրած խուճապին մասին: «Այն ժամանակ բոլոր աշակերտներն ալ շատ ցնցուած էին, բայց հիմա տեսակաւոր բախումներու ձայներ արդէն սովորական դարձած են մեզի համար: «Եթէ դասարանէն ներս վախցողներ ըլլան, անմիջապէս մթնոլորտը փոխել կը փորձենք: Նահատակներու յուղարկաւորութեան ժամանակ հրաձգութեան ձայները յաճախ մեր դասերը կ՛ընդհատեն: Բոլորս ալ վարժ դարձանք այսպիսի ձայներու»: Օրդ. Ալիս Մելքոնեան փոխանցեց, թէ դպրոցէն ներս ապահովութեան նախազգուշական բոլոր միջոցները առնուած են, աշակերտներուն թելադրանքներ փոխանցըուած են, թէ ինչպէս պէտք է վարուիլ զարկի եւ ահազանգի պահերուն:
Աշակերտներուն արտայայտութիւնները դրական էին: Անոնք ապագային կը նայէին յոյսով ու հաւատքով: Յստակ էր, թէ պատանեկան տարիքի անոնց տղայական վարուելակերպը փոխուած էր, ինչ որ զարմանալի էր ինծի համար: Անոնք ունէին իմաստուն ու խոհեմ չափահասի մը գիտակցութիւնը եւ շատ լաւ ըմբռնած էին, թէ պատերազմի պայմաններուն մէջ բոլորս նոյնանման դժուարութիւններ կ՛ապրինք: «11-րդ կարգի 6 բաժանումներուն թիւը եղած է 4: Մեր մէջ այլեւս չկան խմբաւորումներ, մենք բոլորս մէկ խումբ ենք: Վատ պայմանները պատճառ դարձան, որ մենք զիրար լաւ ճանչնանք ու իրարու վստահինք: Մեր նկարագիրը փոխուած է, մենք մեզ տասը տարի աւելի մեծ կը զգանք: Այլեւս շատ լաւ կը հասկնանք, որ մեր ծնողները ինչպիսի՞ դժուարութիւններով եւ զոհողութիւններով ընտանիք կը պահեն: Հիմա ամէն բանի համար փա՛ռք կու տանք Աստուծոյ».,- եղան անոնց վերջին խօսքերը:
Մտաբերելով տիար Յակոբ Քիլէճեանի այն խօսքը, թէ. «Կ՛երեւի հայ ըլլալուն հիմնական յատկանիշներէն մէկն է նեղ ու դժուար պայմաններու մէջ, աւելի լաւ արդիւնք տալը»: Վստահ չեմ թէ «տուժող» բառը յարմար էր օգտագործել մեր աշակերտութեան համար: Պատերազմի օրերուն ուսանող ըլլալու դժուար պատկերացումին մէջ ի յայտ եկաւ, որ մարդ արարածի համակերպման բնազդը միշտ յաղթական է:
Փաստօրէն աշակերտները իրենց սովորական դասերուն կողքին, կեանքի մասին այնպիսի դասեր սորված էին, որոնք կարելի էր սորվիլ միայն «Հալէպ» կոչուած դպրոցին մէջ:
Արտա Տէր Յակոբեան