aztagdaily.com – «Բերիոյ նիուզ կը հաղորդէ, որ երէկ` կիրակի, 2 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 14:00, Հալէպի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու ներքնասրահներուն մէջ տեղի ունեցան Ազգային երեսփոխանական ժողովի (նախապէս` գաւառական) լրացուցիչ ընտրութիւններ:
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան իր կարգին իր ազգային պարտականութիւնը կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Ընտրական հոլովոյթը ընթացաւ ժողովրդավարական պայմաններու մէջ, եւ համայնքի զաւակները` գիտակից իրենց ազգային պարտականութեան, ինչպէս կը սպասուէր խուռներամ շարքերով մասնակցեցան ընտրութիւններուն:
Ազգային երեսփոխանական Ժողովի լրացուցիչ անդամներ ընտրուեցան.-
1.- Յակոբ Յակոբեան
2.- Կարապետ Թրթռեան
3.- Անդրանիկ Պօղոս
4.- Անժել Գրաճեան-Պոշկէզենեան
5.- Բժիշկ Վահէ Սիսեռեան
6.- Կարապետ Եուզպաշեան
7.- Ճորճ Պապեան
8.- Վահէ Ղազարեան
9.- Դոկտ. Հուրի Ազէզեան
Իսկ Կրօնական ժողովին կողմէ պիտի ընտրուի կղերական մը:
Նշենք, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովի աթոռներուն թիւը 35 է, 30-ը աշխարհական, 5-ը` կղերական դասէն: