kantsasar.com – Երբ կը խօսինք սուրիահայութեան մասին պէտք է անդրադառնանք անոր գոյութեան պատճառին, գործած ներդրումներուն, ձեռքբերուած մենաշնորհին առ այդ ապագայի հանդէպ անոր մտասեւեռումին:
Միջին դարերէն կազմուած սուրիահայութիւնը կ՛աշխուժանայ ու կը գօտեպնդուի Մեծ Եղեռնի իբր արդիւնք հայկական գաղթին դէպի Սուրիա: Հայեր իրենց արաբ եղբայրներուն հետ միասին կը դրոշմուին սուրիական հպատակութեամբ, թօթափելով Օսմանեան անարգ լուծը:
Հայրը սուրիական անապատի աւազներուն վրայ Այբուբենը իր մանուկներուն սորվեցնելով, անցաւ թիթեղածածկ տաղաւարներէն ու հասաւ քարաշէն դպրոցներուն, արհեստաւորներ ծառայողական գործերէն անցան սեփական հիմնարկներու, անօթի չմնալու մարմաջով զինուորագրուող թոշակաւոր սուրիահայեր զրահուելով քաղաքացիական բարձր գիտակցութեամբ պատրաստուեցան եւ կազմաւորուեցան սուրիական բանակի կառոյցին մէջ ու դարձան պատասխանատու սպաներ: Ընտանիք պահելու համար պաշտօնավարեցին պետական տարբեր հիմնարկներու մէջ ու անոնց յառաջդիմութեամբ ու զարգացմամբ իրենք եւս զարգացան մշակելով իրենց կարողութիւնները ու բարելաւելով իրենց կենսամակարդակը` տնտեսական կացութիւնը:
Սուրիական Հայրենիքի տարբեր բնագաւառներէն ներս, ինչպէս ճարտարարուեստի, վաճառականութեան, ցանքի, ինքնակառավարման, մշակոյթի ու մանաւանդ կրթութեան ոլորտներու մէջ հայը ունեցաւ իր համեստ, բայց պատուաւոր ներդրումը, Սուրիական հայրենիքի կերտման աղիւսի մէջ խառնեց իր դարաւոր մշակոյթէն մասնիկներ եւ այս իսկ պատճառաւ ազդեցութեան ու փոխազդեցութեան եղանակին մէջ ունեցաւ որոշ ինքնուրոյն մենաշնորհներ:
Սուրիոյ անկախացումէն ետք հայրենիքը կոչ կ՛ուղղէ իր զաւակներուն, ներառեալ սուրիահայերուն, համընդհանուր ջանքերով մասնակցելու հայրենիքի ինքնակերտման աշխատանքին:
Ոմանք կոչը ընդունելով կը լծուին գործի, իսկ ոմանք օգտըւելու նպատակով բռնատիրութեան հետ իրենց կապերը չուզեցին խզել եւ դէմ կանգնեցան հայրենիք կերտելու սուրբ գործին:
Սուրիահայութիւնը զանգուածային ու ինքնակամ եղանակով կը լծուի հայրենիք կերտելու ծրագըրին ու իր բոլոր կարելիութիւնները կը տրամադրէ Սուրիոյ զարթօնքին:
Սուրիական զարգացումի ազդանշանը կը համընկնի եւ կը նոյնանայ սուրիահայութեան զարգացման ազդանշանին, եւ առիթ կ՛ընծայէ հայութեան որ իրենց երախտապարտութիւնը արտայայտեն իրենց կատարած ներդըրումով եւ ունենան յարգելի, արժանապատիւ տեղ սուրիական խճանկարին մէջ:
Սուրիահայեր բաղկացուցիչ մասնիկը կը դառնան հայրենի դահլիճ կերտող ենթամասերուն եւ ճիւղաւորուող բաժիններուն, արձանագրելով պատուաբեր կեցուածք:
Ճիշդ չէ որպէս հիմք կամ կըշռաչափ ընդունիլ սուրիահայութեան օրինակը խոր չափելու համար Սուրիոյ մէջ ապրող տարբեր հաւաքականութիւններուն կամ փոքրամասնութիւններուն ընծայած նպաստի տարողութիւնը հայրենաշինութեան գործին: Արդարեւ, հայերու ներդրումը չի համեմատուիր նոր չափանիշերով, այլ կը հաշուառուի բարոյականութեան ու կամեցողութեան բարձր աստիճաններով:
Սուրիահայութեան ներդրումը այդ աղքատի լուման է, որ տըրուած է բոլոր սրտով ու խղճի կատարեալ հանգստութեամբ, տըրուած է առաւելագոյնը ի խնդիր հայրենիք կերտելու գերնպատակին:
Եւ այժմ, երբ ժամանակի կրկնութեամբ սուրիահայութեան դիմաց նոր մարտահրաւէրներ կը բացուին, հայրենակերտ գործի ուրուականը կը գծուի ապագայի երկնակամարներուն վրայ, սուրիահայեր նոյն նուիրումով եւ հաւատարմութեամբ պատրաստ կը սպասեն ահազանգին, որ անգամ մը եւս հատուցեն իրենց հոգու պարտքը ու ամրապնդեն իրենց ներկայութիւնը Սուրիական Հայրենիքի մէջ:
Արամ Աւագեան