aztagdaily.com – Perio-News1«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 12 եւ չորեքշաբթի, 13 նոյեմբերին Պէյրութէն Հալէպ մեկնող մեծ չափի հանրակառքեր դժբախտ ճակատագիրի հանդիպեցան: Երկու հանրակառքերն ալ Թրիփոլիէն դէպի Սուրիոյ սահմանը (լիբանանեան հողի վրայ) զինեալ խմբաւորումներու կողմէ պարտադրուեցան կանգ առնել եւ բոլոր ուղեւորները կողոպտուեցան, յատկապէս անոնց ամէն տեսակի վաւերական թուղթերը (ոչ բոլորին), բջիջայինները եւ այլ իրեր:
«Բերիոյ նիուզ» կը նշէ, որ ուղեւորներու մեծամասնութիւնը հայեր էին:
Դամասկոս
Միւֆթի Հասսուն Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ անցնող երկու օրերուն Դամասկոսի մէջ իրավիճակը մնաց լարուած, բուռն բախումներ տեղի ունեցան սուրիական բանակի եւ զինեալ խմբակներու միջեւ ծայրամասերուն, ինչպէս՝ Ժոպարի շրջանին մէջ, ուր ծանր եւ միջին զէնքերու ձայները կը լսուէին Ապպասիին եւ Քասաա թաղամասերուն մէջ:
Հրթիռարձակումի ենթարկուեցան զանազան թաղամասեր, ինչպէս՝ Ժարամանա, Ապպասիին, Պապ Շարքի, Պապ Թումա, Քասաա, Քուսուր եւ այլն՝ պատճառելով երկու տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ վնաս հասցնելով տեղւոյն դպրոցներուն եւ բնակարաններուն:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ միւֆթի Պատրէտտին Հասսուն եւ Պաաս կուսակցութեան փոխնախագահ Հիլալ Հիլալ, մայրաքաղաքի տարբեր վնասուած դպրոցներուն եւ թաղամասերուն տուած իրենց այցելութեան շրջագիծին մէջ այցելեցին նաեւ հայ առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցին՝ ցաւակցութիւն յայտնելու Թարգմանչաց ճեմարանի զոհերուն համար:
Պաշտօնական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ սուրիական բանակը յառաջխաղացում արձանագրած է եւ իր տիրապետութեան տակ վերադարձուցած մայրաքաղաքի հարաւի եւ արեւելեան կարգ մը արուարձանները: