aztagdaily.com – «Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ քանի մը օրէ ի վեր Հալէպ մուտք կը գործեն հարիւրաւոր բեռնաւորուած բեռնակառքեր: Կառավարութիւնը կարելին կ’ընէ կացութիւնը բնականոն վիճակին վերադարձնելու: Վերոյիշեալ բեռնակառքերը բեռցուցած են 90 թոն դեղորայք, 37 հազար թոն ալիւր, սննդամթերք եւ ամէն տեսակի կենսական նիւթեր:

Ելեկտրականութիւնը Հերթականօրէն Կը Վերականգնի

«Բերիոյ նիուզ» նաեւ կը տեղեկացնէ բովանդակ Հալէպի ելեկտրականութեան հոսանքը մէկ շաբաթէ ի վեր անջատուած էր զանազան պատճառներով, իսկ քաղաքը` ամայութեան եւ մթութեան գիրկը ինկած: «Անջատուած ելեկտրականութեան մատակարարումը երէկ եւ այսօր հերթականօրէն կը վերականգնի», կը նշէ ելեկտրոնային լրատուամիջոցը:

Նշենք, որ ելեկտրականութեան անջատուած ըլլալուն պատճառով (անկախ այլ զրկանքներէն) սառնարաններուն մէջ պահ դրուած սառեցուած բոլոր պաշարներն ու ձմեռնային պահածոները նեխած ու աղբաման թափուած են: