kantsasar.com – Սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն առա­ւօտ կա­նուխ սուրճս եփած պատշ­գամ ելայ, ամէն կողմ լռու­թիւն էր, փո­ղո­ցը հան­դարտ, կէս ժամ անց երու­զեռ մը ծայր առաւ, փոք­րիկ­ներ ու­սեր­նին գու­նա­ւոր պա­յու­սակ­ներ, ոմանք իրենց մայ­րե­րուն ձեռ­քէն բռ­նած, կարգ մը հայ­րեր զա­ւակ­նե­րուն սա­կառ­նե­րը շալ­կած մէկ ուղ­ղու­թեամբ կ՛եր­թա­յին:

Ան­մի­ջա­պէս անդ­րա­դար­ձայ, որ վե­րա­մուտ է, վե­րա­մո՜ւտ դէ­պի դպ­րոց: Հա­ճե­լի, մի­եւ­նոյն ատեն յու­զիչ տե­սա­րան մը կար:

Երե­ւա­կա­յու­թեամբս տա­րի­ներ ետեւ գա­ցի 1940-1950-ի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը 2013-ին մէջ կ՛ապ­րէ­ինք: Յի­շե­ցի մեր դպ­րո­ցա­կան օրե­րը, երբ մեր ծնող­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ քա­լե­լով դպ­րոց կ՛եր­թա­յինք, «է՜ աշ­խարհ ետեւ կ՛եր­թաս թէ առ­ջեւ»: Ինք­զին­քիս գա­լով «հոգ չէ մեր աշա­կերտ­նե­րը քա­լե­լով թող դպ­րոց եր­թան, միայն թէ ու­սու­մէ չզրկ­ուին», ըսի մտո­վին ու հար­ցը թե­թե­ւի առ­նե­լով բա­րի տա­րե­մուտ, բա­րի աշուն­ներ մաղ­թե­ցի մեր երկ­րին, քա­ղա­քին ու ազ­գին:
Հին օրե­րու պատ­կե­րը հին ըն­կե­րու­հի­ներս յի­շե­ցուց: Քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րը, եր­թե­ւե­կի ու հե­ռա­ձայ­նա­յին կա­պի դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը պատ­ճառ դար­ձած են, որ եր­կար ժա­մա­նակ ըն­կե­րու­հի­ներ իրար­մէ ան­տեղ­եակ մնանք: Այդ օր սա­կայն, նկա­տե­լով որ հե­ռա­ձայ­նե­լու կա­րե­լիու­թիւն կար, որո­շե­ցի կապ­ուիլ հե­տեր­նին ու որ­պի­սու­թիւն­նին հարց­նել եւ իրենց ամառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դին մա­սին տե­ղե­կու­թիւն քա­ղել:

Ըն­կա­լու­ջը ձեռ­քիս երի­ցա­գոյն ըն­կե­րուհի­էս սկ­սայ:

– Ալօ, Ժոր­ժէթ բա­րի լոյս, Ան­ժէլն է հետդ:

– Հա՜ Ան­ժէլ բա­րե՜ւ, այս ինչ անակն­կալ է:

– Գի­տես Ժոր­ժէթ, անձ­նա­պէս այ­ցե­լու­թիւն տա­լը դժ­ուա­րա­ցած է, ըսի հե­ռա­ձայ­նով շր­ջապը­տոյտ մը ընեմ, նա­յիմ ինչ­պէս էք, ամա­ռը ինչ­պէս ան­ցու­ցիք:
– Ինչ ըսեմ, շատ հան­գիստ չեմ, բայց եղա­ծին փառք կու տամ, իսկ ամա­ռը ինչ­պէս անցը­նելս կը հարց­նես, ինչ­պէս պի­տի ան­ցը­նեմ, անց­եա­լին քա­նի մը տա­րին ան­գամ մը տղուս քով Ամե­րի­կա կ՛եր­թա­յի, հի­մա գի­տես ան­կա­րե­լի է, բայց ես հոս ալ ու­րախ էի, ձմե­ռը Ճե­մա­րա­նի, Սա­հակ­եան վար­ժա­րա­նի աշա­կեր­տու­թեան ձայ­նե­րով կը խան­դա­վառ­ուէի, կը զբա­ղէի, իսկ ամա­ռը կէ­սօ­րէ ետք Ճե­մա­րա­նի պար­տէզ կ՛իջ­նէի, շա­բա­թը ան­գամ մը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պար­տէ­զը կ՛եր­թա­յի, շաբթ­ուան մէջ մէկ-եր­կու գի­շեր աղ­ջիկ­նե­րուս եւ թոռ­նե­րուս հետ Դա­լար տա­նիք կ՛ել­լէ­ինք, կ՛ու­տէ­ինք, կը խմէ­ինք ու­րախ-զուարթ տուն կը դառ­նա­յինք, Աս­տու­ծոյ փառք տա­լով ան­կո­ղին կը մտ­նէ­ինք, ա՜խ ուր մնա­ցին այդ օրե­րը:

– Հոգ չէ Ժոր­ժէթ, այս օրե­րուն ալ փառք տանք, մաղ­թենք մին­չեւ գալ վե­րա­մուտ ամէն ինչ իր տե­ղը կը գտ­նէ, ներ­կա­յիս ամա­յա­ցած, բայց անց­եա­լին աշա­կեր­տու­թեամբ ու մար­դոց­մով եռուն փո­ղոցդ կր­կին իր հին պատ­կե­րը կը ստա­նայ ու դուն իրենց­մով կը զբա­ղիս ու կըր­կին Դա­լար տա­նիքդ կը վա­յե­լես:
– Այդ երազ­նե­րով է որ կ՛ապ­րինք Ան­ժէլ, շնոր­հա­կա­լու­թիւն հե­ռա­ձայ­նե­լուդ, գի­տեմ ժա­մա­նակդ կարճ է, պայ-պայ ըսեմ:
* * *
– Բա­րեւ Լու­սին, բա­րի լոյս:

– Օ՜ բա­րեւ Ան­ժէլ, ի՞նչ­պէս ես, շատ ու­րախ եմ զիս յի­շե­լուդ:

– Գի­տե՞ս Լու­սին միշտ միտքս էք, բայց պայ­ման­նե­րը…- ըսէ նա­յիմ ի՞նչ­պէս ես, Ղա­զա­րը ի՞նչ­պէս է:

– Ի՛նչ ըսեմ, Ղա­զա­րին ոտ­քը դի­պու­կա­հա­րի մը փամ­փուշ­տէն վնաս­ուե­ցաւ, բա­ւա­կան քա­շեց, փառք Աս­տու­ծոյ հի­մա լաւ է: Օրը ան­գամ մը վար կ՛իջ­նէ, Տիգ­րան­եան սրահ կ՛եր­թայ, հոն ըն­կեր­նե­րով կը զբա­ղին, ես ալ մեր անց­եա­լի Ս.Օ.Խա­չի կազ­մա­կեր­պած ան­մո­ռա­նա­լի պտոյտ­նե­րու յի­շա­տակ­նե­րով, ամէն օր շըր­ջա­նի մը, օր մը Սէտ­նա­յա­յի, օր մը Մա­ա­լու­լա­յի, օր մը պար­տէ­զի ճա­շի ձեռ­նարկ­նե­րու նկար­նե­րով կը զբա­ղիմ, է՜հ երա­նե­լի օրեր ըսե­լով ար­ցուն­քը աչ­քե­րուս, ժպի­տը դէմ­քիս օ՜ֆ քա­շե­լով կը դի­տեմ:

– Վնաս չու­նի Լու­սին մնա­յուն բան չկայ, այս դժ­ուար օրե­րը կ՛անց­նին: Գի­տես դուն ժա­մա­նա­կին «Ձա­խորդ օրե­րը ձմ­րան նման կու գան ու կ՛եր­թան» կ՛եր­գէ­իր, հի­մա ալ այդ եր­գը հաս­տա­տե­լու հա­մար եր­գէ, որ­պէս­զի մեր երազ­նե­րը իրա­կա­նա­նան ու մենք կր­կին այդ պտոյտ­նե­րը կազ­մա­կեր­պենք:
– Աստ­ուած բեր­նէդ լսէ: Իրաւ Ան­ժէլ մեր միւս ըն­կե­րու­հի­նե­րէն ի՞նչ լուր, Սե­դա­յէն, Տիգ­րա­նուհի­էն, Իս­կուհի­էն…:
– Սե­դան Ամե­րի­կա է, Տիգ­րա­նու­հին Հա­յաս­տան, անոնք ալ քու երգդ կ՛եր­գեն ու վե­րա­դար­ձի հա­մար խա­ղա­ղու­թեան կը սպա­սեն: Իս­կու­հին հոս է, անոնց ալ նոր Երե­ւա­նի մէջ գտ­նուող ամա­ռա­նոց տու­նը օտար­ներ գրա­ւած նս­տած են, անոր հա­մար շատ կը նեղ­ուին: Բո­լո­րին պէս իրենց խա­ղա­ղու­թեան աղօթ­քին պա­տաս­խա­նին կը սպա­սեն: Յու­սանք ալ կ՛իրա­կա­նա­նայ, շա­տը գնաց քի­չը մնաց: Մօտ ատե­նէն տեսնը­ւե­լու յոյ­սով պայ-պայ ըսեմ Լու­սին: Միւս ըն­կե­րու­հի­նե­րուս ալ պի­տի հե­ռա­ձայ­նեմ:
* * *
– Ալօ՛ Կի­թա­ռիկ, ըն­կե­րու­հիդ է:

– Վայ Ան­ժէլ, ի՞նչ­պէս ես, որ­քան կա­րօտ­ցած եմ քեզ ու բո­լոր մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րը: Այս ինչ օրե­րու մնա­ցինք, նոյն քա­ղա­քին մէջ զի­րար տես­նե­լու, լսե­լու դժ­ուա­րու­թիւն:

– Հոգ չէ Կի­թառ, միայն հոգիի վնաս չու­նե­նանք, մէյ մը որ խա­ղա­ղու­թիւն ըլ­լայ ամէն բան շուտ կը մոռ­նանք, ըսէ նա­յիմ ինչ­պէ՞ս ես, ամա­ռը ինչ­պէ՞ս ան­ցու­ցիր:

– Հա­ւա­տա՛ ըն­կե­րու­հիս ամառ­ուան ոչ գա­լը զգա­ցի ոչ եր­թա­լը, այս կա­րօ­տի ցա­ւը ամէն ինչ մոռց­նել տուաւ: Աղջ­կաս մէ­կը Պէյ­րութ, միւ­սը Հա­յաս­տան, տղուս ըն­տա­նի­քը եւ ես հոս. կը յի­շե՞ս Ան­ժէլ «Ճա­պալ Ար­պա­ի­նի» պտոյտ­նե­րը, ամ­բողջ ճամ­բան կ՛եր­գէ­ինք, երբ «Օտա­րու­թիւն այս­քան տա­րով» եր­գին սկ­սանք չձ­գե­ցի որ շա­րու­նա­կենք, բայց հի­մա, ես այդ եր­գը ամէն օր կ՛եր­գեմ:

– Հոգ չէ Կի­թառ, այդ եր­գին մէջ տող մըն ալ կայ, որ կ՛ըսէ. «այս խն­դի­րը լուծ­ուի շու­տով համ­բե­րէ հո­գիս համ­բե­րէ», դուն ալ միայն այդ տո­ղը կրկ­նէ ու տե՛ս ինչ­պէս կը թե­թեւ­նաս: Հե­ռա­ձայ­նի գի­ծը չի կտ­րած «պայ-պայ» ըսեմ, ժա­մա­նակս կարճ է, «պա՜յ», կը նե­րես Կի­թառ:
* * *
– Ալօ՛ Պեր­ճուկ, Ան­ժելն է քեզ ան­հագս­տացը­նո­ղը:

– Վա՜յ ինչ ան­հանգս­տաց­նել շատ ու­րախ եմ ձայնդ լսե­լուս, ուր­կէ՞ կը խօ­սիս Հա­լէ­պէ՞ն, թէ դուն ալ ճամ­բոր­դած ես:

– Չէ Պեր­ճուկ չէ, ես Հա­լէ­պէն չեմ կր­նար բաժն­ուիլ, առանց փու­շի վարդ չկայ, Հա­լէ­պը մեր Վարդն է, ըսի նա­յիմ ինչ­պէ՞ս էք, ամա­ռը ինչ­պէ՞ս ան­ցու­ցիք:
– Ինչ­պէս պի­տի ան­ցը­նենք, փառք Աս­տու­ծոյ տու­ներ­նուս մէջ ենք, բայց գի­տես Քե­սապ սե­փա­կան տուն ու­նինք, տա­րի­նե­րէ ի վեր վարժ էինք ամառ­նե­րը հոն ան­ցը­նե­լու, այդ 3 ամս­ուայ մա­քուր օդը որ կը շն­չէ­ինք ամ­բողջ ձմե­ռը մեզ առողջ կը պա­հէր, անոր հա­մար ամու­սինս ամ­րան Քե­սապս-Քե­սապս կ՛ըսէ, գլուխս կ՛ու­տէ, հա­պա այդ «Ղաս­դալ»ի սր­ճա­րա­նը նս­տի­լը, այդ փա­ռա­ւոր նա­խա­ճաշ ընե­լը, «քր­տի­յէ» պա­նի­րով հա­ցը, թէ­յը, տապկ­ուած հաւ­կի­թը, ձի­թապ­տու­ղը, ամուս­նոյս հա­մար ոչ­խա­րի լից­քէն ար­ժէ­քա­ւոր էր:

Թոռ­ներս ալ մէկ մա­սը բա­նա­կու­մէն, մէկ մա­սը հա­մա­գու­մա­րէն վերջ մե­զի կու գա­յին, 10-15 օր կը մնա­յին, կազ­դուր­ուած ու­րախ-զուարթ քա­ղաք կ՛իջ­նէ­ին ու հի­մա, այդ բա­նա­կում­նե­րը «մե­զի հա­մար երազ դար­ձան» կ՛ըսեն ու այդ օրե­րը կը փնտ­ռեն, ես ալ զի­րենք կը մխի­թա­րեմ, ողջ մնա­ցո­ղը ամէն դժ­ուա­րու­թիւն կը յաղ­թա­հա­րէ: «Միայն ողջ մնանք», կ՛ըսեմ:

– Հոգ չէ Պեր­ճուկ, ամէնքս գի­տենք որ այս օրե­րը այս­պէս պի­տի չի մնան, պի­տի եր­թան, Աստ­ուած մեր բո­լո­րին տու­նե­րը եւ բա­նա­կա­վայ­րե­րը կա­յուն պա­հէ ու տէ­րե­րը ան­փոր­ձանք, մաղ­թենք որ յա­ջորդ ամառ այս բո­լոր բա­ցե­րը գո­ցենք: Ժա­մա­նակէդ չառ­նեմ Պեր­ճուկ, ու­րախ եղայ ձայնդ լսե­լուս, «պայ»:
* * *
– Ալօ՛ բա­րեւ Տա­լի­դա, ինչ­պէ՞ս ես, Ան­ժէլն է խօ­սո­ղը:
– Ա՜ բա­րեւ Ան­ժէլ, «պրա­ւօ» որ մեզ յի­շեր ես:

– Դուք մոռց­ուե­լիք մար­դիկ չէք, բայց ժա­մա­նա­կը ամէն ինչ դժ­ուա­րա­ցուց, խօ­սիր նա­յիմ տոք­թո­րը ինչ­պէ՞ս է, ինչ­պէ՞ս կ՛ան­ցը­նէք ձեր օրե­րը:
– Ա՜խ, փառք Տի­րոջ, տու­ներ­նուս մէջ ենք, ողջ առողջ ենք բայց…, ինչ ըսեմ, շատ լաւ դրա­ցի­ներ ու­նինք, եր­բեմն մեզ կ՛այ­ցե­լեն, իրենց­մով կը զբա­ղինք, բայց առ­հա­սա­րակ ին­կած ռում­բե­րու ձայ­նե­րով, հա ասի­կա «տօշ­կա» է, չէ «հաուն» է, մեր մօտ ին­կաւ, հա պատշ­գամ կը վա­զենք գիտ­նա­լու հա­մար, որ ին­կա­ծը ուր ին­կաւ ու այս­պէս…:

Տոք­թորն ալ տե­ւա­բար հե­ռա­ձայ­նը ձեռ­քին զա­ւակ­նե­րէն լուր կը սպա­սէ, գի­տե՞ս, ար­դէն երեք ման­չերս ալ քա­ղա­քէն դուրս են, մեծս Լա­թաք­իա, այս­քան մօտ, սա­կայն տեսն­ուե­լու հա­մար ամե­րի­կա­յի չափ դժ­ուար, միւ­սը Գա­նա­տա` կա­րօ­տի եր­գեր եր­գե­լէն յոգ­նած, պզ­տիկս Ամե­րի­կա, ան ալ Հա­լէպս-Հա­լէպս կ՛ըսէ, ու­րիշ բան չը­սեր, «տղաս կ՛ըսեմ, Հա­լէ­պը քու գիտ­ցած Հա­լէպդ չմը­նաց», «Հա­լէ­պին կէսն ալ մնայ կը բա­ւէ», կը պա­տաս­խա­նէ ու կը շա­րու­նա­կէ. «Գի­տե՞ս մա­մա, ամէն ան­գամ որ ըն­կեր­նե­րով կը հա­ւաք­ուինք, մեր դպ­րո­ցա­կան օրե­րուն սոր­ված եր­գե­րը կ՛եր­գենք, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը կ՛ար­տա­սա­նենք նա­մա­նա­ւանդ Յով­հան­նէս Թու­ման­եա­նի գոր­ծե­րէն եր­կու­քը` «Ամէնից Լաւ Տու­նը», «Հին Օրհ­նու­թիւնը»: Եթէ մոռ­ցած ես քա­նի մը տո­ղով յի­շեց­նեմ.

Հին Օրհ­նու­թիւն
Մայ­րիկ, էս­տե­ղից պէտք է հե­ռա­նամ
Մի­ակ ձանձ­րա­լի տե­ղը որ գի­տեմ
Էս գորշ խր­ճիթն է
– Ման եկայ մայ­րիկ աշ­խար­հից աշ­խարհ
Ամէ­նից սի­րուն լաւ տու­նը որ կայ
Էս գորշ խր­ճիթն է
Էս հին խր­ճի­թը
Գե­տի եզեր­քին ծա­ռե­րի տա­կին:
Խա­ղա­ղու­թիւն ձեզ մեր ան­բախտ պա­պեր
Ձեզ տան­չող ցա­ւը մեզ էլ է պա­տել
Այժմ, տխ­րու­թեան թէ քէ­ֆի ժա­մին.
Մենք է՛լ օրհ­նե­լիս մեր զա­ւակ­նե­րին,
Ձեր խօսքն ենք ասում «Ապ­րի՛ք երե­խեք
Բաց մեզ պէս չապ­րէք…:

Է՜ մայր եղիր դի­մա­ցիր Ան­ժէլ, բայց քա­ջա­լե­րե­լու հա­մար կ՛ըսեմ. «հոգ չէ տղաս գի­շեր­ուայ մու­թին կը յա­ջոր­դէ լու­սա­բա­ցը, ամէնքս ալ այդ լոյ­սին կը սպա­սենք ու երբ բաց­ուի` մենք բո­լորս կր­կին «դարձ­եալ փայ­լեց»ը պի­տի եր­գենք:

– Այո Տա­լօ, ես ալ նոյն փա­փա­քը կը յայտ­նեմ, որ համ­բե­րենք: Կը նե­րես Տա­լօ քե­զի պէտք է «պայ-պայ» ըսեմ, տեսն­ուե­լու յոյ­սով` «պա՜յ»:
* * *
Ու այս­պէս պար­տա­կա­նու­թիւն մը կա­տա­րա­ծի հո­գե­կան մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ փառք տուի, որ ըն­կե­րու­հի­ներս ամէնքն ալ ողջ առողջ գտայ, թէ­եւ անոնք մտո­վին ան­հան­գիստ, բայց ապա­գա­յի նկատ­մամբ լա­ւա­տե­սու­թեամբ ու յոյ­սով զրահ­ուած կառ­չած կը մնան երկ­րին ու կը խնդ­րեմ Աս­տուծ­մէ, որ իրենց խա­ղա­ղու­թեան հա­մար ըրած աղօթ­քին շուտ պա­տաս­խա­նէ:
Անժէլ Պօշկէզէնեան