kantsasar.com – 1929 թ.ին Սահակ Բ. Կաթողիկոս Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարեց կիրակնօրեայ դպրոցին, հետեւեալ նշանաբանով. «Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկինքի արքայութիւնը » (Մտ 19.14):
Ապա Սահակ Կաթողիկոս սրբատառ կոնդակով հռչակեց կիրակնօրեայ դպրոցի հիմնադրութիւնը` միանգամայն հրահանգելով, որ ամէնուրեք կիրակնօրեայ դպրոցներ հաստատուին` հայ նոր սերունդին կրօնաբարոյական եւ ազգային հոգեշունչ դաստիարակութեան համար:
Յետագային աշակերտութեան թիւի ստուարացման արդիւնքով տարբեր շրջաններու մէջ յառաջացան չորս կեդրոններ` Ս. Քառասնից Մանկանց, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Գէորգ բաժինները, որոնց բեղուն գործունէութիւնը կասեցուեցաւ քաղաքիս վիճակուած անբարենպաստ պայմաններուն բերումով` առաջնահերթութիւնը տալով կրթական հաստատութիւններուն:
Արհամարհելով պայմանները, 2013 թ.ի ամրան, Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի նախաձեռնութեամբ ի գործ դրուեցաւ հոգեւոր երկամսեայ դասընթացք մը, որ մեծ արձագանգ գտաւ գաղութէս ներս:
Անսալով ծնողներու խնդրանքին, Ս. Թարգմանչաց տօնը բարեպատեհ առիթ համարելով, Ազգային Վարչութեան Կրօնական ժողովը որոշում կայացուց Կիրակնօրեայ դըպրոցին վերաբացման գծով: Այս առթիւ ուսուցչական կազմը, որ կը բաղկանար տասը անհատներէ` կիրակնօրեայ դպրոցի շրջանաւարտներէ, կրօնի դասագիրքերու պատրաստութեան պատասխանատուներէ եւ հայագիտական հիմնարկի ուսանողուհիներէ, հանդիպում ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի հետ` անհրաժեշտ ցուցմունքներ ստանալու միտումով: Առաջնորդ Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք շեշտը դրաւ հայ լեզուի անաղարտ գործածութեան վրայ, յիշեցնելով, որ «Աստուծմով կը պահպանենք հայ լեզուն, իսկ հայ լեզուով` հայ ժողովուրդը»:
Հանդիպման ընթացքին զրոյց ունեցանք կիրակնօրեայ դպրոցի պատասխանատու` Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանին հետ` մեզ մտահոգող հարցերուն բացատրութիւններ ստանալու:
Հ1.- Քաղաքիս վիճակուած այս տագնապալի օրերուն հոգեւոր քրիստոնէական դաստիարակութիւնը փոխանցելը կենսական խնդիր է, այս առումով ի՞նչ հեռանկար ունիք:
Պ1.- Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդը յառաջիկայ օրերուն աշխատանքի պիտի լծուի` վերահրատարակելով «Օշական» կիրակնօրեայ շաբաթաթերթը եւ Երեքշաբթի օրերը Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցելով: Քրիստոնէականը իր աշխատանքային ծիրէն ներս նաեւ կարեւոր նկատեց կիրակնօրեայ դպրոցի վերաբացումը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2013-ին Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն ներս:
Հ2.- Գործնական գետնի վրայ ինչպէ՞ս կարելի է իրագործել քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը:
Պ2.- Քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը չենք կրնար իրարմէ անջատել, եւ զայն իրագործելու համար պէտք է մայրենի լեզուով եւ Աստուծոյ խօսքով դաստիարակել աշակերտը` ի խնդիր անոր հոգեմտաւոր աճման: Արդէն իսկ վերամուտի ամենայատկանշական առիթը Ս. Թարգմանչաց տօնն է, որ անցնող ամբողջ շաբթուան ընթացքին նշուեցաւ հսկումի եւ Ս. Պատարագի մատուցմամբ:
Հ3.- Յայտնի իրողութիւն է, որ արտաքին ազդակները բացասական ազդեցութիւն ունեցան մանուկներուն ներաշխարհին վրայ, կիրակնօրեայ դպրոցը որքանո՞վ կրնայ յագուրդ տալ անոնց հոգեմտաւոր պահանջներուն եւ ի՞նչ կը թելադրէք ծնողներուն:
Պ3.- Այս շրջանի մեր ծրագիրը իրականութեան մէջ կ՛ընդգրկէ անցեալի կիրակնօրեայ դպրոցներու յայտագիրն ու ծրագիրը, որուն հիման վրայ պիտի փորձենք խաղի եւ գծագրութեան յաւելեալ ժամեր տրամադրել եւ մտամփոփման պահեր ստեղծել աշակերտներուն, որպէսզի իրենց ուսուցիչներուն հետ հարազատ զգալով` իրենց դժուարութիւններն ու հարցերը արտայայտեն եւ ըստ այնմ լուծումներ որոնեն:
Իսկ ինչ կը վերաբերի երկրորդ հարցին, կ՛ուզեմ ըսել, թէ մենք եւս մեր մանկութեան տարիներուն կիրակնօրեայ դպրոց յաճախած ենք, որովհետեւ հայեցի դաստիարակութիւնը կ՛ամբողջանայ կրօնական դաստիարակութեամբ: Եթէ կ՛ուզենք, որ մեր զաւակները առողջ մտքով եւ ազնիւ հոգեբանութեամբ անձեր ըլլան` պայման է, որ Տիրոջ մասին ամբողջական տեղեկութիւն ունենան:
Արդարեւ, Շաբաթ 19 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցին, կեդրոն ունենալով Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանը:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանը, Գերպ. Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեանը, Արժանապատիւ քահանայ հայրեր, նորընտիր ուսուցչական կազմն ու 60 աշակերտ-աշակերտուհիներ:
Կիրակնօրեայ դպրոցի սաները մեծ խանդավառութեամբ եւ ծափողջոյններով դիմաւորեցին Սրբազան Հայրը եւ յաջորդաբար ներկայացուցին Տէրունական աղօթքը, «Զգործս ձեռաց մերոց» մաղթանքը, «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս», «Այս գիշեր քնացայ» եւ «Տէրը իմ հովիւս է» աղօթքներն ու սաղմոսները, Կիրակնօրեայի մաղթերգը, «Որք Զարդարեցին» եւ «Քրիստոսի մէջ» շարականները, ինչպէս նաեւ «Նայեաց սիրով», «Ողջոյն քեզ կեանք», «Բարեկամ մանկանց» եւ «Սերովբէներ» հոգեւոր երգերը:
Այնուհետեւ անցնելով դասարան, աշակերտները մտերմիկ զրոյց մը ունեցան Սրբազան Հօր հետ, որ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայր Սուրբին, քահանայից դասին, ուսուցչական կազմին եւ ի մասնաւորի Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանին: Սրբազան Հայրը Մատթէոս Աւետարանի 5-րդ գլուխէն դրուագ մը մէջբերելով ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն թելադրեց հետեւիլ Յիսուսի օրինակին` սորվելով եւ սորվեցնելով, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ վայելել Քրիստոսի ներկայութիւնը: Սրբազան Հայրը վերստին այցելութիւն կատարելու խոստումով, խաղաղութեան բարեմաղթութիւններով եւ «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը:
Աւարտին, համեստ հիւրասիրութիւն մը տրամադրուեցաւ աշակերտներուն, որմէ ետք մեծ գոհունակութեամբ հեռացան` յարատեւ յաճախելու խոստումով:
Կիրակնօրեայի ուսուցչուհիներ`
Ալին Հայրապետեան եւ Միրնա Ճարպիկեան