PERIO NEWSfb – Քանի մը օրէ ի վեր Հալէպ մուտք կը գործեն բեռնաւորուած հարիւրաւոր բեռնակարգեր: Նշենք, որ կառավարութիւնը կարելին կ’ընէ կացութիւնը բնականոն վիճակին վերադարձնելու: Վերոյիշեալ բեռնակարգերը բեռցուցած են 90 թոն դեղորայք, 37000 թոն ալիւր, սննդամթերք եւ ամէն տեսակի կենսական նիւթեր : Այս մասին կը տեղեկացնէ «Բերիոյ նիւզ»-ը: