kantsasar.com –
Յոգներ ենք. ընդունինք կամ ոչ` յոգներ ենք: Տակաւին կը ջանանք, կը գործենք, կը յարաբերինք, տակաւին կը ժպտինք ալ իրարու, տակաւին դուրսէն հարցնողներուն «Լա՜ւ եմ, ամէն ինչ «նորմա՜լ է, մի՛ վախնաք», կ՛ըսենք ու մենք ալ կը հաւատանք թէ իրաւ լաւ ենք: Իսկ որքանո՞վ ճիշդ պիտի ըլլայ մեր տագնապները յայտնել անոնց, երբ օր ու գիշեր կը կարդան մեր «ազատարարներու» քարանձաւային բնազդներու մասին ու կը սահմըռկին. դեռ պէ՞տք է աւելի ընկճել զանոնք, երբ կարող չեն օգնել:Մինչդեռ` յոգներ ենք: Ու յոգնութիւն տուողները մահուան մերձաւորութիւնը, անկանոն ու տկար սնունդը, անգործութիւնը, քաղաքին կաթուածահար վիճակը չեն միայն: Հիմնականը անվերջ սպասումէն յոգնութիւնն է, մարդ ըլլալով` քաղաքականութեան աղբանոցին մէջ լիովին թաթխուելու պարտադրանքն է, սպասումն է, թէ ահա՛, պիտի ըլլայ համաձայնութիւն, թէ ահա՛, անտառին տէրերը իրարու հետ լեզու գտած են: Ու ապա` կրկին հիասթափութիւն, երբ կը պարզուի թէ անոնք ընդամէնը թաքթիկ խաղերու մէջ են, ու գիշատիչներու պայքարը անվերջ է:
Վճռեր եմ` պիտի չենթարկըւիմ յոգնութեան, պիտի չընկըրկիմ, ամէն առաւօտ պիտի լիցքաւորեմ միտքս ու հոգիս հաւատով, ներքին ուժերով ու պիտի սպասեմ մարդու մարդացումը, թէկուզ եւ ան տեւէ հազարամեակներ: Կը կարծեմ` նոյն որոշումի մէջ է քաղաքիս մէջ մնացողներուն մեծամասնութիւնը:
Գօտեպնդեցէ՛ք նաեւ տկարները, քանի որ անպայմա՛ն, անպայմա՛ն առջեւը լոյսն է….
****
Զատիկ էր, «Ղուրպան պայրամ», զոհի զատիկ… ու զոհ է երկիր մը ամբողջ, իր մեծ ու պըզտիկով, իր զինուորով ու հողագործով, իր բերք ու բարիքով. զոհ է մարդկային խղճուկ ու կարճատես ես-ին, անոր անդնդախոր ունայնամտութեան:
Զոհ է ահա այս անդամահատուած մանուկը, որ կրնար ապագայի Այնըշթայնը կամ Պէթհովէնը ըլլալ (ո՜վ ըսաւ, թէ դուք միայն կրնաք հանճարներ ծնել….):
Զոհ է այս ծերուկ մամիկը, որ կորսնցուցեր վերջին յենարանը` ցնորած կը շրջի փողոցները:
Զոհ է մահամերձը, որ վստահ չէ թէ մարդու վայել թաղում ու գերեզման պիտի ունենայ:
Զոհ է այս պատանին, որ անլըւայ դէմքի սառած արտայայտութեամբ, պատառոտուն հագուստով, առտու կանուխէն կը կծկտի մայթեզերքը ու կը մուրայ:
Զոհ է այն մայրը ծերունազարդ, որ հեռուներ ճամբած իր զաւակներուն ապահովութեամբ կը մխիթարուի, առանց վստահ ըլլալու, թէ կրկին զանոնք տեսնելու բախտը պիտի ունենայ:
Զոհ է այս գործարար այրը, որ այսօր, իր կորուստներուն հաշտըւիլ փորձելէն ալ անդին` աւելորդութեան ու անպէտքութեան զգացումին տակ կքեր, կորսնցուցեր է կեանքին իմաստը:
Դո՛ւք էք դահիճները բոլոր անոնց ու դուք անընդունակ էք հասկնալ անոնց վիճակը, քանզի դադրած էք մարդ ըլլալէ, մինչդեռ աստուած ըլլալ կը յաւակնիք:
Դուք զանոնք մարդ չէ՜ք հաշուեր, քանզի դո՛ւք էք որ մշտական խաւարի մէջ կը ջանաք նետել զանոնք, քանզի ձեր ունայն «մեծ գործերը» մեծ զոհեր կը պահանջեն:
Ու՜ր պիտի պահուըտիք ձեր անսիրտ ու լկտի կարգախօսներուն ետին, ո՞ւր պիտի պահուըտիք, երբ օր մը արթննայ ան, որ խիղճ կը կոչուի. իսկ ան անպայմա՛ն պիտի արթննայ:
****
Հիմա տարօրինակ լռութիւն է. Սուրիոյ անունը առաջին լուր չէ մեծ լրատուութեան մէջ, անդին` գիշերները չի լռեր հրանօթաձգութիւնը… Ի՞նչ կը կատարուի մութին մէջ. առա՞ջ կ՛երթանք, թէ՞ երկարատեւ քաշքշուքի շրջան կը մտնենք:
Բացուեցան կարգ մը «դուռեր», Լիբանան ու մեր այլ բնակավայրերու մէջ «բանտարկուածներ» յաջողեցան վերադառնալ, մեկնիլ-պրծիլ փափաքողներ առիթ ունեցան հեռանալ, անկարողներ, զգուշաւորներ ու հաւատաւորներ կը մնան տակաւին, ու անորոշութեան օրօրոցին մէջ մեր միտքերը կը զարնուին ասդին- անդին:
Հոգեբանական այս անելէն ելլելու ջանքեր են մշակութային քանի մը ձեռնարկներ, որոնք եկան խզելու երկարատեւ լռութիւնը, փարատելու վախի մթնոլորտը, բնականոն կեանքի պատրանքներ տալու եւ կեանքի երակը աշխուժացնելու:
Բայց ամէնէն յուսատուն այս շրջանին ամուսնութիւններն են: Անդին, երբ նորանոր պատեր մահազդերով կը «զարդարուին», պսակի հրաւիրատոմսերը կու գան յիշեցնելու, թէ կը շարունակուի սիրոյ եւ ատելութեան, չարի ու բարւոյ յաւերժական պայքարը ու հաստատելու իրողութիւնը, թէ «Մահն իր ճամբով, կեանքը` իր»:
Միայն կը խնդրենք մահուան, որ իր հունձքը կանաչ արտերու մէջ չընէ….
****
Հակառակ իր կամակատար հնազանդութեան ու ջանքերուն` Սուրիոյ մէջ դեմոկրատիա ստեղծելու համար Ամերիկայի պոչէն կախեալ Ֆրանսան ինքզինք գտաւ որպէս խմբի ամէնէն տկար օղակը: Որակուեցաւ երրորդ կարգի դաշնակից: Ըստ երեւոյթին մահուան խաղին մէջ իր դերը թերի կատարեց: Զարմացա՜ւ, առաւել` զայրացաւ ալ, որ իր «մեծ եղբօր» կասկածներու ու մշտական հսկողութեան տակ է եղեր այսքան ատեն: «Գողը գողէն գողցաւ, Աստուած վերէն զարմացաւ», պիտի ըսէր տատիկս: Բայց իրենց զարմա՞նքը: Զարմանալի՜ զարմանք, ինչպէս պիտի ըսէր Չարենց: Չըլլա՞յ թէ ֆրանսական պետութիւնը իրաւ հաւատարիմ (անշահախնդի՜ր) դաշնակից ու միանգամայն ճերմակ աղաւնի էր: Կեղծիքի ծովուն մէջ կը լողան ու աշխարհը կը դարձնեն «ահաւոր ճհէննէմ»: Ինչպէ՜ս կը նային մերձաւորներու դէմքերուն….
****
Մենք, այսինքն անոնք, որոնք նստեր իրենց տուներուն մէջ, ունինք քիչ թէ շատ ապահովութիւն (գէթ ծածկ) ու նաեւ` եկամուտի աղբիւր, կը գանգատինք` մազութը պետութիւնը յիսունո՞վ, թէ՞ վաթսունով պիտի ծախէ մեզի, պէնզինի կայաններու շուրջը շուրջօրեայ կարգեր են, մխթարը կը խաբէ, կը խաղցնէ ու կազ չի տար, ելեկտրականութիւնը մոռցուող հաճոյք կը դառնայ, լոլիկին քիլօն 400ի հասած է… եւ այլն: Իրաւունք ունի՞նք: Ամէն ինչ յարաբերական է:
Երբ հեռատեսիլ կը դիտես, մանաւանդ, երբ կը լսես գիւղացիներու պատմածները, մարդու ճիւաղութենէն սոսկումդ, պըժգանքդ, զարմանքդ այլեւս գագաթ չեն ճանչնար: Կ՛ամչնաս գանգատներուդ համար ու կը խորհիս` ահա վիճակ, երբ մահը նախընտրելի է: Կը գիտակցիս թէ, մեր կրած բոլոր աղէտներով մէկտեղ, այս սոսկալի եղեռնագործութիւնը մեր քովէն կ՛անցնի (փա՛ռք Աստուծոյ):
Դեռատի կիներ ու աղջիկներ կը դարձնեն «երկու ժամուայ ամուսին», իրենց պղծութեան մեղքը բարդելով կրօնին վրայ (վըստահաբար տեսաք այդ կիներու կեցուածքները շարքի մէջ…): Բայց «գաղափարի զինուորները» առաւել աշխոյժ ու մարտական ըլլալու համար առաւել մատղաշ, մանկահասակներու պէտք ունին, ու իրենց երկժամեայ «ամուսնութեանե համար 8ամեայ աղջընակը հասունցա՜ծ է…
Ահա վիճակ, որ կը հաստատէ, թէ որեւէ անասուն մարդէն վեր է:
Ու զոհը արաբ գիւղացին է, գրաւեալ տարածքներու մարդը:
Ինչպէ՜ս եւ ո՞վ պիտի հատուցանէ այս մարդոց անլուր տառապանքին ու անվերջ անարգանքին համար…
Եւ այս նախճիրը յաջողութեամբ ի կատար ածելու համար մարդիկ մարդուն խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակո՜վ կը գնեն…
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
