kantsasar.com – Ինչպէս նախորդ տարիները, այս տարի եւս Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերաշընորհ Տէր Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանը, եւ Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչները հակառակ երկրիս եւ յատկապէս Հալէպ քաղաքիս տագնապալի ու ճգնաժամային օրերուն, չխնայելով իրենց հայրական հոգատարութիւնը, նախանձախնդրութիւնն ու սէրը հայ դպրոցի նկատմամբ, Չորեքշաբթի 9 Հոկտեմբեր 2013-ին, այցելեցին Ազգ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի շէնքին մէջ տեղադրուած Ազգ. Հայկազեան եւ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարաններ հանդիպելով զոյգ նախակրթարաններու աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի բաժնի փոքրիկներուն հետ, ուր Սրբազան Հայրը երեխաներու աշխարհին միանալով խանդավառեց բոլորը:
Գերշ. Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ վարժարանիս տնօրէնին եւ ուսուցչական կազմին հետ: Ան բարձր գնահատեց անոնց նուիրումը եւ մասնաւորելով զգաստ եւ շըրջահայեաց ըլլալու կարեւորութիւնը շեշտեց, թէ անոնք հիմնական տուեալներ են առաքինի ապրելակերպի համար:
Գերշ. Սրբազան Հայրը կեանքի ներկայ իրավիճակին նկատմամբ յուսալքումի հոգեբանութենէն դուրս գալը անմիջական պահանջք նկատեց, որպէսզի կարենանք հարթել դըժուարութիւնները եւ շարունակել ճանապարհը:
Ան շեշտեց, որ հարկաւոր է ամուր պահել մեր հաւատքը, կամքն ու կորովը եւ առաւել եռանդուն քայլերով եւ զոհողութիւններով շարունակել հայեցի դաստիարակութեան մեր երթը, հայ դպրոցը անաղարտ պահելով եւ կերտելով հոգիով ու հաւատքով ամուր, սրտով մաքուր եւ մըտքով առողջ սերունդներ:
Ան եզրափակեց իր հանդիպումը ուսուցիչներու զոհողութիւնները հերոսութիւն համարելով, որովհետեւ հայ ուսուցիչին շնորհիւ հայ դպրոցը օտարացման եւ ձուլման վտանգներուն դիմաց մեր վահանը դարձած է:
Գերշ. Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ նաեւ դպրոցիս աշակերտներուն հետ, որոնք ծափողջոյններով դիմաւորեցին զինք: Սրբազան Հայրը թելադրեց աշակերտներուն, որ լաւապէս պատրաստեն իրենց դասերը ու մասունքի պէս պահպանեն մեր սուրբ լեզուն, որովհետեւ այդպիսով միայն պիտի արժանանան մեր մեծերուն յաւերժական օրհնանքին:
Այցելութիւնը իր աւարտին հասաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով:
Թարգմանչաց Տօնի Ոգենշում Ազգ. Հայկազեան Վարժարանէն ներս
Ուրբաթ 11 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ազգ. Հայկազեան Վարժարանի աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը համախմբուեցան վարժարանիս շրջափակէն ներս, ոգեկոչելու Հայ Գիրերու գիւտին եւ Թարգմանիչներուն տօնը:
Տօնակատարութեան բացումը կատարուեցաւ նախակրթարանիս վեց կարգերու աշակերտութեան կողմէն « Մեր Այբուբենը» ոտանաւորի ասմունքով:
Վարժարանիս տնօրէնուհին` Օր. Սիլվա Ճապաղջուրեանը, օրուան խորհուրդը ներկայացուց շեշտելով հայ գիրի կարեւորութիւնը հայ ազգի գոյատեւման համար: Ան պատկերաւոր ոճով շեշտեց, որ հայ լեզուի տառերը դարձան հայ ժողովուրդի յաւերժահունչ հոգիի մշտանուագ քնարը:
Ան աշակերտները յորդորեց թարգմանիչներուն նման քրտնաթոր ու արգասաբեր աշխատանք ծաւալելու եւ հաւատարիմ մնալու հայ լեզուին, գիրին եւ հայկական եկեղեցւոյ, որոնց շնորհիւ մենք այսօր կ՛ապրինք իբրեւ հայ եւ կը գրենք ու կը կարդանք հայերէն:
Ապա իւրաքանչիւր կարգ իր դասարանին մէջ հայոց այբուբենին եւ անոր ստեղծիչին ու առաջին ուսուցիչին նուիրուած գեղարուեստական յայտագիր ներկայացուց:
Ազիկ Խաչատուրեան
Հայերէնաւանդ ուսուցչուհի`
Ազգ. Հայկազեան Վարժարանի