kantsasar.com – Ս.Օ.Խաչի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը հաւատարիմ իր առաքելութեան, «ժողովուրդին հետ ժողովուրդին համար» նշանաբանով` գնահատելի գաղափարը յղացաւ նախաձեռնելու աննախադէպ միջոցառում մը` Քերմէս, որ տեղի ունեցաւ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, երեք օրուան տեւողութեամբ` 17-18-19 Հոկտեմբեր 2013-ին:
Քերմէսի աշխատանքին օժանդակեցին Նայիրի մասնաճիւղի ընկերուհիներն ու Սուրիոյ երիտասարդաց միութեան երեք մասնաճիւղերէն խումբ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ:
Սրահը լեցուած էր ընկերուհիներով, համակիրներով, մանուկներով եւ երիտասարդներու խումբերով, որոնք եկած էին ուրախանալու եւ դուրս քալու իրենց առօրեայէն: Ս.Օ.Խաչի պատնէշի վրայ ըլլալու ապացոյցն էր հոծ բազմութեան ներկայութիւնը:
Սոյն ձեռնարկը եկաւ ապացուցելու, որ երկրի անապահով պայմաններն ու կենցաղային դժուարութիւնները յուսահատութեան չեն մատնած մեր նուիրեալ անդամուհիները:
Այդ օր սրահը կը փայլէր գոյնզգոյն զարդերով եւ փուչիկներով, իսկ սրահին պատերը զարդարուած էին գեղեցիկ ու տպաւորիչ գծագրութիւններով:
Ձեռնարկը եզակի էր իր կազմակերպութեամբ: Սրահին մէջ, սեղաններու վրայ կային տարբեր տարիքի համար նախատեսուած խաղեր ու մրցանքներ` բաժնուած քսան տաղաւարներու:
Բծախնդրութեամբ պատրաստուած այս ձեռնարկը ոգեւորութիւն ստեղծեց երեխաներուն մէջ եւ յաջողեցաւ անոնց դէմքերուն գծագըրել ժպիտ եւ աչքերուն հրճուանքի փայլք: Մեծ հաճոյքով եւ ամենայն հետաքրքրութեամբ մասնակցեցան զանազան խաղերու եւ յաղթանակի նուէրներով հաճելի ժամանց ունեցան: Գեղեցիկ գոյներով ներկեցին քաճէ արձանիկներ եւ իրենց դէմքերուն վրայ գծել տուին մանկական նկարներ:
Ներկաները հիացմունքով կը դիտէին սեղաններու վրայ զարդարուած շնորհալի ընկերուհիներու ձեռամբ, նրբաճաշակ ոճով պատրաստուած ձեռային աշխատանքները` վզնոցներ, ապարանջաններ, մատանիներ, պանտեր, որոնց ընդմէջէն ի յայտ կու գար հայ տիկիններուն եւ օրիորդներուն թաքուն ձիրքերը:
Ահաւասիկ հայը, շնորհաշատ հայը, հետեւաբար Պարոյր Սեւակ ի զուր չէ ըսած.-
«… Եթէ տիրել ենք, ձիրքերով միայն…»
Անոնց կողքին ուշագրաւ էր Լուսնակ հրատարակչատան տաղաւարը, որ կ՛ընդգրկէր պատկերազարդ զանազան ուսուցողական խաղեր, բառամթերքի խաղ եւ ծաղկախաղ:
Ճոխ մթնոլորտ մը կը տիրէր սրահէն ներս,ներկաները բարձր տրամադրութեամբ կ՛ունկնդրէին ռատիոժամի երգերը: Երաժշտութիւնն ու երգերը շուտով ունեցան իրենց դրական ազդեցութիւնը: Մթնոլորտի զուարճութիւնը ակնյայտ էր կենսունակ երեխաներուն եւ պատանիներուն վրայ: Սրահը ողողող բազմութիւնը կը վայելէր այս յաջող ձեռնարկն ու կը ճաշակէր համադամ ուտեստներն ու ըմպելիները:
Քերմէսը վերջ գտաւ շուրջպարով ներկաները բաժնուեցան սրահէն ամբողջական յուսադրութեամբ լեցուած, որ Սուրիոյ մղձաւանջը երկար պիտի չտեւէ, փոթորկոտ ու անտանելի դարձած ճնշիչ տագնապը շուտով պիտի անցնի գէշ երազի նման:
Վարձքը կատար Ս.Օ.Խաչի նուիրեալ խաչուհիներուն,նուիրատուներուն եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց ներդրումը բերին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան:
Անխաբան երթ Ս.Օ.Խաչի սրբազան առաքելութեան:
ՅՈՅՍԻ ԵՒ ԼՈՅՍԻ ԵՐԵԽԱՆԵՐ
Մանկութիւնը նկարագիր կերտող ու ապագայ կեանքին ընթացքը ճշդող ճակատագրական հանգրուան մըն է: Մանուկներն են մեր ներկան ու ապագան:
Արդ Ս.Օ.Խաչի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը ազնիւ գաղափարը յղացած էր կազմակերպելու յատուկ ձեռնարկ մը` «Յոյսի եւ լոյսի երեխաներ» խորագրով 4 Սեպտ. 2013-ի յետմիջօրէին Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս:
Սոյն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին 5-13 տարեկան երեխաներ եւ պատանիներ:
Առաջին հերթին հանդէս եկան հիւր ծաղրածուներ, որոնք իրենց կոկիկ յայտագրով փայլք տուին ձեռնարկին ու ծիծաղի ալիքներ յառաջացուցին:
Մանկապատանեկան ներկայացում մըն է որ կը թելադրէ ըլլալ բարի, զիրար սիրել, օգնել, չնախանձիլ, լաւատես ըլլալ:
Շատ հաճելի էր փոքրիկներուն խանդավառութիւնը, անոնք մասնակցեցան խաղերուն եւ ամենայն հետաքրքրութեամբ պատրաստեցին ձեռային աշխատանք: Իրենց երեւակայութիւնն ու ճաշակը զարգացնելէ ետք փոքրիկները աշխուժացան եւ զուարճացան, իւրաքանչիւրը ունեցաւ իր ձեռային աշխատանքը:
Այդ օր սրահէն բարձրացող երգն ու երաժըշտութիւնը անոնց անմեղունակ շրթներէն հնչեցին, որպէս մաղթանք լոյսի եւ յոյսի, որպէս աղօթք խաղաղութեան:
Իսկ պատանիները խորանարդներու վրայ անմահացուցին իրենց անունները եւ կտորները միացնելով պատկեր մը յառաջացուցին:
Բոլորը միաբերան երգեցին ազգային ու մանկական երգեր, որմէ ետք պատանիներուն կողմէ ներկայացուած շուրջպարով փակուած յայտարարուեցաւ ձեռնարկը:
Աւարտին փուչիկները իրենց ձեռքին եւ ժպիտը իրենց դէմքին բարձր տրամադրութեամբ հեռացան սրահէն:
Վստահ այդ օրը իւրաքանչիւր մանուկի համար ունէր իրեն յատուկ նշանակութիւն, որ անջնջելի պիտի մնայ անոնց մատղաշ մտայնութեան մէջ:
Յարատեւ վերելք, բոլորին վարձքը կատար:
ԱՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
«ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ»
Ս.Օ.Խ.-ի Անի մասնաճիւղի վարչութիւնը 11 Սեպտեմբեր 2013-ին հրաւիրած էր ընկհ. Մարինէ Տէր Աբրահամեանը դասախօսելու «Պատերազմին ազդեցութիւնը մանուկներուն վրայ» նիւթին շուրջ:
Ընկհ. Մարինէ Տէր Աբրահամեան, շրջանաւարտ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն, աւարտած է Հալէպի Պետական Համալսարանի Հոգեբանական Խորհրդատուութեան ճիւղը:
Ձեռնարկը սկսաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Զեփիւռ Խաչատուրեանի բացման խօսքով, ապա գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան.-
Օր. Լիլիթ Տէր Աբրահամեան` մեներգ,
Օր. Լիզա Սահակեան` ֆլիւթ,
Պր. Յարութ Մկրտիչեան` դաշնամուր, որոնք ներկայացուցին «Հայաստան Աշխարհ» երգը:
Ընկհ. Սեւան Պարմաքսըզեան ներկայացուց օրուան դասախօսուհի` ընկհ. Մարինէն, որ համապարփակ ձեւով անդրադարձաւ սուրիական ասպնջական հայրենիքի ծանր պայմաններու ազդեցութեան երեխաներուն եւ ինչու չէ երբեմն պատանիներուն վրայ: Ան անդրադարձաւ նաեւ զանոնք յաղթահարելու միջոցներուն, ներկայացնելով օգտակար գաղափարներ, որպէսզի այս դժուար ժամանակաշրջանէն դուրս գան նուազագոյն վնասներով:
Առիթը տրուեցաւ ներկաներուն զիրենք մտահոգող եւ հետաքրքրող բոլոր հարցումները ներկայացնելու, որոնց պատասխանեց դասախօսուհին:
Դասախօսութեան աւարտին վարչութիւնը գրահատեց ընկհ. Մարինէն յուշանուէրով մը:
Բոլոր ընկերուհիները գոհունակութեամբ բաժնուեցան, մաղթելով որ Սուրիան վերադառնայ իր նախկին օրերուն, փայլուն եւ խաղաղ ապագայով: