aztagdaily.com – 1929-ին Դամասկոս հաստատուած հայերը հիմը կը դնեն Ազգային մանկապարտէզի մը` քանի մը նախնական դասարաններով, իսկ 1932-ին վարժարանի բուն հիմնաւորումը եւ վերելքը կը սկսի երբ Արմէն Մարաշլեանը (բանաստեղծ Արմէն Անոյշ) պաշտօնի կը կոչուի իբրեւ տնօրէն: Վարժարանը հետզհետէ յառաջանալով կը հասնի լրիւ նախակրթարանի աստիճանին, իսկ կրթական այս տարեշրջանին միջնակարգի առաջին հունձքը պիտի քաղէ:

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդարանին հովանաւորութիւնը վայելող վարժարանը 2009 -2010 տարեշրջանին գործեց Դամասկոսի Մլեհա արուարձանին իր նորակառոյց շէնքին մէջ, սակայն քանի որ այդ արուարձանները դարձան բախումներու գօտի, հետեւաբար երկու տարիէ ի վեր վարժարանը վերադարձած է մայրաքաղաքի կեդրոնը համարուող «Սալհիէ» շրջանը` «Ապետ» փողոցի վրայ իր նախկին շէնքը:

Պէտք է նշել, որ մայրաքաղաքին ապրած իրավիճակը պարտադրեց, որ որոշ արուարձաններ բնակող Միացեալի կարգ մը հայ աշակերտներ յաճախեն իրենց բնակարաններու մօտակայ վարժարանները:

Ներկայիս Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարան կը յաճախեն 182 աշակերտներ` մանկապարտէզ (36), նախակրթարան (89) եւ միջնակարգ (57): Յիշենք, որ ընդհանուր թիւը կ՛ընդգրկէ 45 արաբ աշակերտներ, որոնց մեծ մասը դպրոցի շրջակայքը բնակութիւն հաստատած են վերջին դէպքերու իբրեւ հետեւանք:

Վարժարանին մէջ հայերէն լեզուն կը դասաւանդուի շաբաթական 5 դասապահերով իսկ կրօնը 2 դասապահով, երեք ուսուցչուհիներու կողմէ նախակրթարանին եւ միջնակարգին, եւ երկու ուսուցչուհիներու կողմէ մանկապարտէզին:

Վարժարանը կը հետեւի Սուրիոյ կրթութեան նախարարութեան ուսումնական ծրագիրին: Որպէս օտար լեզու, մանկապարտէզը կը կիրարկէ անգլերէն լեզուն, իսկ նախակրթարանն ու միջնակարգը` անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները:

Սուրիոյ ապրած իրավիճակին առընթեր Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարանը իր անձնակազմով եւ հոգաբարձութեան օժանդակութեամբ, նոյնպէս կանոնաւոր ձեւով կը շարունակէ օրական գոյապայքարը հայեցի կրթութիւն ապահովելու դամասկահայ աշակերտին: