Perio Newsfb – Սրբոց Թարգմանչաց տօնը հայ ժողովուրդի հոգիի պանծացման ցնծատօնն է: Թարգամանիչ վարդապետներու կատարած գործը, թափած քրտինքը չպէտք է փնտռել միայն պարզ թարգմանչական աշխատանքի մէջ, այլ այն հոգեւոր եւ ազգային գիտակցութեան ճիգին մէջ, որով անոնք պայծառացուցին հայ եկեղեցին, օժտեցին զայն իր սեփական լեզուով, իր զմայլելի շարականներով եւ հայու հոգին Աստուածաշունչով վերակենդանացուցին:
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասուն ու թաղականութեան, արժանավայել տօնակատարութեամբ նըշուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ սկսեալ 7 Հոկտեմբերէն մինչեւ 11 Հսկումի արարողութիւններով եւ քարոզախօսութեամբ, Շաբաթ առաւօտ հանդիսաւոր արարողութեամբ եւ դասախօսութեամբ, իսկ 12-ին Կիրակի հանդիսաւոր Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագի խորհուրդի մատակարարումով:
Հսկումի Խորհրդաւոր արարողութիւնները, որոնք Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» ներկայացումով յատկանըշուեցան, հերթական ամէն երեկոյ ժամը 4-ին սկսելով, ամբողջ շաբթուան տեւողութեամբ խոր հմայք մը թողուց հաւատացեալներու սրտին ու հոգիին մէջ, ուր արարողակարգին զուգընթաց Դպրաց Դասի փոքրիկ եւ պատանի դպիրներ մատուցին ժողովրդական անուանումով «Նարեկ» աղօթամատեանէն հոգեւոր պատառիկներ, քաղցրահնչիւն մեղեդիներ: Խորհրդածական Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ եւ քահանայ հայրերու կողմէ հերթական քարոզախօսութեամբ ներկայացուցին Նարեկի գոյառումին եւ բովանդակութեան զարգացման ընթացքը, սուրբին հոգեւոր աշխարհը, մեղաւոր մարդուն մեղքերէն մաքրուելու, ապաշխարհութեան միջոցով փրկութեան հասնելու ձգտումը եւ ընդհանրապէս սուրբին գրութեանց վերլուծումը:
Շաբաթ 12 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 9-ին հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ քաղաքիս բոլոր հոգեւորականաց դասուն, Ազգ. Վարչութեան, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Տնօրէնութեան, Խնամակալութեան, ուսուցչական կազմին եւ 10-11-րդ կարգի աշակերտութեան, տեղի ունեցաւ առաւօտեան հանդիսաւոր ժամերգութիւնը ի յիշատակ Սրբոց Թարգմանիչ վարդապետներու անմահ յիշատակին: Այս առիթով բանախօսեց` տիար Խաժակ Տիլպէրեան, նիւթ ունենալով «Թարգմանչաց վարդապետաց գործ»ը, համապարփակ ձեւով ներկայացուց թարգմանիչ վարդապետներու ծաւալած աշխատանքը: Աւարտին, Սրբազան Հայրը գնահատեց աշակերտութեան ներկայութիւնը Սրբոց Թարգմանիչ վարդապետներու յիշատակի արարողութեան եւ թելադրեց, Թարգմանչաց ոգին մնայ իբրեւ նշանաբան իւրաքանչիւր ուսանողի կեանքին մէջ: Սրբազան Հօր, քահանայ հայրերու եւ ուսանողութեան ուղեկցութեամբ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ի յիշատակ հիմնադիրներու եւ կրթական մշակներու:
Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2013-ին առաւօտեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Սրբազանը, Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առիթով, Ազգ. Վարչութեան եւ խուռներամ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, ուր Սուրբ Պատարագին կը սպասարկէին Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան եւ Տ. Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան: Օրուան ազգային եկեղեցական մեծ տօնին առթիւ Առաջնորդ Սըրբազան Հայրը տուաւ իր պատգամը, նախ փառք եւ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, «Նարեկ» աղօթամատեանի բառերով աղօթք վերառաքեց առ Աստուած, որ Թարգմանչաց տօնի Շաբթուան տեւողութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու Ներկայութեամբ միասնաբար աղօթեցինք եւ հսկումի երեկոները դարձան օրհնութիւն, նարեկացիով օծուած. «Այսօր մեր սրտերն ու հոգիները բացուած են մեր Տիրոջ խօսքին առաջ` «Լոյսը խաւարին մէջ կը լուսաւորէ» (Յհ 1.5): Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աւետարանի հատուածը մեկնելով ցոյց տուաւ, թէ աստուածային լոյսը կը փարատէ մեղքի թանձր խաւարը, սակայն նիւթապաշտ եւ աշխարհասէր մարդիկ աչքերնին կը փակեն Անոր դիմաց: Ան ըսաւ: «Սըրբոց Թարգմանչաց շարժումը եզակի երեւոյթ է ժողովուրդներու պամութեան մէջ. հայ ժողովուրդը իր հոգին բացաւ Աւետարանի Լոյսին, այդ Լոյսին ներգործութեամբ ստեղծեց իր գիրն ու գրականութիւնը, թարգմանեց Սուրբ Գիրքը` Աստուածաշունչը, սկիզբ դնելով ազգային գիտակցութեան` մարդասիրութեան, արդարութեան եւ ազատութեան գաղափարներով: Սրբազան Հայրը իր խօսքը ուղղելով ժողովուրդին ըսաւ. «Համեմատաբար նախորդ տարուան դժուարին կացութեան, ուր աղօթեցինք գալիք տարուան համաժողովրդային ներկայութեան համար, այսօր մենք եկած ենք մեր կապուածութիւնը վերահաստատելու հանդէպ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, մեր յանձնառութիւնը հանդէպ հայերէն լեզուին եւ կ՛աղօթեմ որ ոսկեղնիկ մեր լեզուն, որ աստուածային շունչ ունի չցամքի մեր ժողովուրդի բերնին մէջ: Վերջաւորութեան Սրբազան Հայրը գնահատեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը` քահանայ հայրերով, թաղական խորհուրդով, տիկնացով ու դպրաց դասով եւ ըսաւ. «Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներու ոգեկոչման յիշատակին, այսօր, մեզի կը մնայ աղօթել, որպէսզի Սրբոց Թարգմանչաց ոգին եւ անոնց շնորհները իջնեն մեր կրթական մշակներուն վրայ, ինչպէս անցեալին նաեւ այսօր անոնք անձնուիրութեամբ ու սրբութեամբ ծառայեն, եւ մեզի հետ մնայ Աստուծոյ լոյսը եւ ամէն տեղ ճառագայթէ մեր ազգի կեանքին մէջ, ի փառս Աստուծոյ»:
Ս. Պատարագի աւարտին «Որք Զարդարեցին», «Ուրախ լեր» շարականներու երգեցողութեամբ հաւատացեալները խաչահամբոյր կատարեցին եւ ստացան Սրբազան Հօր օրհնութիւնը, ապա «Կիլիկիա» մաղթերգով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցական թափօրով ուղղուեցաւ սրահ, ուր «Պահպանիչ» աղօթքով իր խաղաղութիւնը բաշխեց ներկաներուն:
Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նուիրուած շաբաթը յատկանշուեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիով հոգեւոր վերանորոգութեան եւ մեր սուրբ հայրերու շունչով վերապրելու ուխտի նորոգութեան հրաշալի առիթի:
Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան
24/10/2013