Perio Newsfb – Հ.Բ.Ը.Միութեան Սուր­իոյ Շր­ջա­նա­կա­յին Յանձ­նա­ժո­ղո­վի հո­վա­նա­ւո­րութեամբ եւ Հ.Ե.Ը.-ի Գոր­ծա­դիր Մար­մի­նի կազ­մակերպութեամբ, Կի­րա­կի, 3 Հոկտ. 2013-ին, երեկոյեան ժա­մը 4:30-ին, Գ.Յ. Նա­զարեան սրա­հէն ներս, տեղի կ՛ունենայ գեղա­րուեստա­կան երեկոյ «Հա­լէպ…. Վերապ­րող Յոյ­սը» ընդ­հա­նուր խո­րագ­րով:

Ի ներկա­յութեան գա­ղու­թիս երեք հա­մայն­քապետերուն, Հ.Հ. Հա­լէ­պի Գլ­խա­ւոր Հիւ­պա­տո­սին, Հա­լէ­պա­հայ միու­թիւններու, կազ­մակերպու­թիւններու ներկա­յա­ցու­ցիչներուն եւ աւելի քան հինգ հա­րիւր հա­լէ­պա­հայերու, կը գոր­ծադր­ուի գեղա­րուեստա­կան բարձ­րո­րակ եւ բազմերանգ յայ­տա­գիր մը, որուն առ­թած տպա­ւո­րու­թիւնը երկար ժա­մա­նակ թարմ պի­տի մնայ հա­լէ­պա­հայ գա­ղու­թի հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղութեան մէջ:

Յայ­տա­գի­րը սկիզբ կ՛առ­նէ­ Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի քայլերգներով, կա­տա­րո­ղութեամբ Հ.Ե.Ը.-ի Սկաու­տա­կան փողերա­խում­բին:
Վա­րա­գոյ­րը կը բաց­ուի «Անդ­րա­նիկ» պա­րա­խում­բի ներկա­յա­ցու­ցած տպա­ւո­րիչ գեղա­րուեստա­կան պա­րա­յին կենդա­նի պատկերով, որ­ ցոյց­ կու տայ բա­խու­մը` բարիի ու չա­րի, մարմ­նա­ւոր­ուած աղաւնիի ու ագ­ռա­ւի կերպարներով: Ան­շուշտ աղաւ­նին իր բա­րութեամբ եւ լա­ւատեսութեամբ կը յաղ­թէ­ ու­յոյս կը հա­ղոր­դէ մար­դոց ու­ժաս­պառ հո­գիներուն:

Նոր­ յոյս… : Յոյս կը բաղ­ձայ հա­յը, հա­լէ­պա­հա­յը եւ ծն­կա­չոք Աս­տուծ­մէ կը խնդ­րէ, որ չզ­լա­նայ շնորհելու ի­ր օրհ­նու­թիւնը…:
Ու ահա «Սպենդ­ի­արեան» երգ­չա­խում­բի ան­դամները, խա­ղա­ղութեան աղաւ­նիներու առաջ­նոր­դութեամբ, «Տէր Ողորմեա» մրմնջելով, բեմ կը բարձ­րա­նան…: «Տէր Ողորմեա» կ՛երգեն ու ամենա­կալ Աս­տու­ծոյ ողոր­մութեան շնոր­հիւ Հա­լէ­պի երկ­նա­կա­մա­րը կը փայ­լի նոր յոյ­սի շողերով:
Բա­րին կը յաղ­թէ…:

Այս­պէս կը բաց­ուի բեմի վա­րա­գոյ­րը ու ան­մի­ջա­պէս կը հն­չէ Հ.Ե.Ը.-ի «The Big Band»-ը , իբրեւ մեկնա­կէտ նոր, երի­տա­սարդ, յու­սա­տու ու վառ կեան­քի:

Ընկերակ­ցութեան խօս­քը արաբերէն լեզուով կը հա­ղոր­դէ տի­ար Արտեմ Չի­րիշեան, իսկ հայերէն` տի­ար Յա­կոբ Մի­քա­յէլեան, որ կ՛անդ­րա­դառ­նայ հա­յա­պահ­պան­ման առու­մով մշա­կոյ­թին վերա­պահ­ուած դերին, ընդգծելով. « Հա­յոց ամենա­հա­տու զէնքն ու­խոցելի վա­հա­նը եղած է մշա­կոյ­թը»:

Ապա, կը շեշտէ Հ.Ե.Ընկերակ­ցութեան տա­րած մշա­կու­թան­ուէր աշ­խա­տան­քը, որ 82 տա­րիներէ ի վեր, իր բազ­մաբեղուն գոր­ծու­նէ­ութեամբ կր­ցած է դառ­նալ «մէկ օղա­կը հա­լէ­պա­հա­յու­թիւն կոչ­ուած այս ոսկեայ ու­լուն­քա­շա­րին, մէկ գու­նագեղ քա­րը այս հրա­շագեղ խճան­կա­րին»:

Եւ իս­կա­պէս, այս հրա­շագեղ խճան­կա­րի գու­նագեղ քարերն են Հ.Ե.Ը.-ի «Անդ­րա­նիկ» պա­րա­խում­բը, «Ադամեան» թատերա­խում­բը, «Կո­մի­տաս» սենեկա­յին նուա­գա­խում­բը` փոքրերու­ խում­բով հանդերձ, «Սպենդ­­իարեանե երգ­չա­խումբ, «The Big Band»-ն ու Սկաու­տա­կան փողերա­խում­բը, որոնք իրենց բա­ցա­ռիկ կա­տա­րումներով սրա­հէն ներս կը ստեղծեն ան­զու­գա­կան մթ­նո­լորտ մը ու հան­դի­սատեսին կը մնար վայելել, ըմ­բոշխնել մա­տուց­ուած ազ­նիւ արուեստը:

«Հա­լէպ…. Վերապ­րող Յոյ­սը» խո­րագ­րով ելոյ­թ ունեցող երի­տա­սարդները յոյս կը ներշնչեն, եռանդ կը հա­ղորդեն բո­լոր ներկաներուն:
Հա­կա­ռակ Հա­լէ­պի ներկայ պայ­մաններուն, Հ.Ե.Ը.-ի Գոր­ծա­դիր Մար­մի­նը, ի գին նիւ­թա­կան ու բա­րո­յա­կան բա­զում զո­հո­ղու­թիւններու, գեղա­րուեստա­կան այս յայ­տա­գի­րով կր­ցաւ վերա­մ­ի­ա­ւորել իրուժերը, հա­մալրել շարքերը, կեան­քի կոչել իր յանձ­նա­խումբերը, քաջ գի­տակցելով որ տարբեր տագ­նապներու մատն­ուած հա­յը, ցա­ւի ու վա­խի գերիշ­խա­նու­թիւնը յաղ­թա­հարելու հա­մար, նիւ­թա­կան նեցու­կի եւ ապա­ւէ­նի կող­քին, կա­րիքն ու­նի բա­րո­յա­կան քա­ջալերան­քի, յու­սա­տու ժպի­տի…:

Ձեռնար­կը կ՛ըն­թա­նայ հեզա­սահ եւ ներդաշ­նակ յա­ջոր­դա­կա­նութեամբ: Մէջ ընդ մէջ պաս­տառ­րի վրայ կը ցու­ցադր­ուին նաեւ պատկերներ` Հ.Ե.Ը.-ի մշա­կու­թան­ուէր յանձ­նա­խումբերու գոր­ծու­նէ­ու­թիւններէն առն­ուած:

Աւար­տին, Տի­ար Յա­կոբ Մի­քա­յէլեան բեմ կը հրա­ւի­րէ Բերիոյ Հա­յոց Թեմի Առաջ­նորդ Գերշ. Տէր Շա­հան Սրբ. Եպս. Սար­գիսեանը, փո­խանցելու հա­մար սր­տի­ խօս­քը:

Սր­բա­զան Հայ­րը Տի­րոջ օրհ­նու­թիւնն ու պաշտ­պա­նու­թիւնը կը հայ­ցէ, որ­պէս­զի խա­ղա­ղու­թիւնը հաս­տա­տուն մնայ երկ­րին վրայ: Ան բարձր կը գնա­հա­տէ օր­ուան ձեռնար­կը, իբրեւ եզա­կի եւ յոյս կենդա­նաց­նող հան­դի­սու­թիւն, շեշտելով. «մենք չենք մեռած եւ պի­տի չմեռնինք: Պի­տի ապ­րինք եւ պի­տի ապրեցնենք»:

Սր­բա­զան Հօր սր­տա­ռուչ եւ գօտեպն­դող խօս­քը բո­լոր ներկաներուն ոգեւո­րութեան ալի­քը կը բարձ­րաց­նէ գա­գաթ­նա­կէ­տին:
Հան­դի­սատեսները սրա­հէն կը մեկնին իս­կա­պէս բա­ւա­րար­ուած ու յագեցած:

Հա­լէ­պա­հա­յը վերջին երկու տա­րիներուն դար­ձած էր ակա­նատեսը չար ուժերու մենա­մար­տին եւ հար­կադ­րա­բար զրկ­ուած էր նմա­նա­տիպ ձեռնարկներ վայելելու հա­ճոյ­քէն:

«Հա­լէպ…. Վերապ­րող Յոյ­սը» յայ­տա­գի­րի գոր­ծադ­րողներուն, երգ­չա­խում­բի եւ նուա­գա­խումբերու ղեկա­վարներուն, հան­դի­սու­թիւնը վա­րողներուն եւ յատ­կա­պէս Հ.Ե.Ը.-ի Գոր­ծա­դիր Մար­մի­նի ու բո­լոր յանձ­նա­խումբերու եռան­դուն աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ հա­լէ­պա­հա­յը մտո­վին­ կը վերապ­րի Հա­լէ­պի երբեմնի մշա­կու­թա­յին ճոխ կեան­քի եռուզեռը, ներք­նա­պէս կրկնելով.

Հա­լէպ…

Վերապ­րող Յոյս…

Հա­լէպ…

Վերապ­րող կեան­քի օր­րան ….:

Սոյն ձեռ­նար­կը, հան­դի­սա­տես­նե­րու փա­փա­քին հա­մա­ձայն կրկն­ուե­ցաւ Ուր­բաթ 18 Հոկտ. 2013-ին:

Զեփիւռ Թամերեան

24/102013