yerakouyn.com – Աշտարակ քաղաքին մէջ սուրիահայերու համար «Նոր Հալէպ» թաղամասի կառուցումը մօտ 20 միլիոն տոլար պիտի արժէ, «ARKA» գործակալութեան յայտնած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը:

«Նոր Հալէպ» նախագիծին նպատակը Հայաստանի մէջ մշտական բնակութիւն հաստատած սուրիահայերուն մատչելի գիներով բնակարան ձեռք բերելու հարցով օժանդակելն է»,– կը նշուի շինարարութեան ծրագրի մասին պատմող տեղեկատուական գրքոյկին մէջ:

Գրքոյկին մէջ կը նշուի, որ Սուրիոյ մէջ սկսած ռազմական գործողութիւններու պատճառով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն բնակարանով ապահովելու նախագիծը մեկնարկած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարականով: 6 Յունիս 2013-ին Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունած է «Աշտարակ քաղաքին մէջ «Նոր Հալէպ» թաղամասի շինարարութեան մասին» որոշումը: Այս տարուան Յուլիս 23–ին Աշտարակի աւագանիի խորհուրդը որոշում ընդունած է թաղամասի կառուցման համար 4.8 հեքթար մակերեսով տարածք տրամադրելու վերաբերեալ:

Թաղամասին նախագծումը հանրային հիմքերով ստանձնած են ճարտարապետներու խումբը, որուն կազմին մէջ է նաեւ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետը, Հայաստանի պետական ճարտարապետական համալսարանի եւ «Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտ–շինարարներու համահայկական ընկերակցութեան» ներկայացուցիչները: «Նոր Հալէպ» թաղամասին մէջ բնակարան ստանալու յայտ ներկայացուցած է աւելի քան 550 ընտանիք:

Ցանկացողներուն բնակարանները պիտի տրամադրուին արտօնեալ պայմաններով` ծախսերուն մէկ մասը պիտի մարէ պետութիւնը, միւս մասը` գնորդը:

Շինարարութիւնը կը ծրագրուի իրականացնել պետական միջոցներու, ինչպէս նաեւ նուիրատու երկիրներէն եւ միջազգային կառոյցներէն նուիրած միջոցներու հաշուին: Շինարարական շխատանքներու եւ միջոցներու նպատակային բաշխման ընդհանուր վերահսկողութիւնը դրուած է «Սուրիահայերու խնդիրներու համակարգման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան վրայ:

Սուրիոյ տիրող լարուած ռազմաքաղաքական իրավիճակի հետեւանքով սուրիահայերուն մէկ մասը գաղթած է դէպի պատմական հայրենիք: ՄԱԿ–ի փախստականներու գործերով Գերագոյն յանձնակատարի վարչութեան (UNHCR) տուեալներով` Հայաստանի մէջ կը գտնուի 7 հազար սուրիահայեր: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան տուեալներով` այդ թիւը կը գերազանցէ 10 հազարը:

26/10/2013