Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

kantsasar.com – Պա­տանիի մը պատ­մա­ծը

Այդ օրը լրա­ցու­ցիչ պահ ու­նէ­ինք: Երբ վեր­ջա­ցու­ցինք, օրի­որ­դին հետ մի­ա­սին ելանք: Շատ խիստ ու­սուց­չու­հի էր, աւե­լի կը վախ­նա­յինք, քան թէ կը սի­րէ­ինք զին­քը: Քա­նի մը քայլ ըրած էինք, երբ ահա­ւոր պայ­թիւն ու թա­ղին մէջ, գրե­թէ մեր դի­մա­ցը շէնք մը իջաւ: Փլու­զու­մը վայրկ­եան­ներ տե­ւեց, ու մենք սա­ռած կը դի­տէ­ինք, երբ զին­եալ­ներ սկ­սան վա­զել ու կրա­կել: Թա­ղը արագ պարպ­ուե­ցաւ: Օրի­որ­դը պո­ռաց, որ բո­լորս պատս­պար­ուինք մօ­տա­կայ անց­քին մէջ: Պա­տին սեղմ­ուած, շըն­չակտուր կը սպա­սէ­ինք, փախ­չե­լու տեղ չու­նէ­ինք:

Երբ շէն­քին փո­շին իջաւ, յան­կարծ, առա­ջին յար­կի անվ­նաս մնա­ցած դռ­նէն կին մը ելաւ` ուր­ուա­կա­նի պէս սա­հե­լով: Փո­շե­պատ էր. դե­դե­ւե­լով կը քա­լէր. գիր­կը մա­նուկ մը կար. քա­նի մը քայլ ընե­լէ ետք ին­կաւ ծուն­կե­րուն, ապա դան­դաղ հա­կե­ցաւ գետ­նին: Մա­նու­կը դեռ գիր­կին մէջ էր:

Շուր­ջը փամ­փուշտ­ներ կը սու­լէ­ին. մա­նու­կը մօր գիր­կէն ելաւ, կե­ցաւ փո­ղո­ցին մէջ­տե­ղը: Չէր լար. չորս դին կը նա­յէր, մէկ թա­թի­կով մօր մարմ­նին յե­նած: Մենք սոս­կու­մի մէջ էինք: Յան­կարծ մեր ու­սուց­չու­հին պո­ռաց` «Չշար­ժի՛ք, չել­լէ՛ք» ու դուրս թռաւ թաքս­տո­ցէն: Չհաս­ցու­ցինք ար­գի­լել: Հա­սաւ, մա­նու­կը գր­կեց ու արագ դէ­պի մե­զի կու գար, երբ հնձ­ուած հաս­կի պէս տա­պա­լե­ցաւ ան ալ: Գն­դա­կը կըռ­նա­կէն եկաւ. ան իր մարմ­նով փըր­կած եղաւ ման­կի­կը:

Կրա­կոց­նե­րը դադ­րե­ցան: Մենք լուռ ու ան­շարժ էինք, քա­նի մը աղ­ջիկ միայն խեղդ­ուած ձայ­նով կը հե­կե­կա­յին: Ապա լռու­թիւն մը իջաւ, որուն նմա­նը չէի լսած. միայն իյ­նա­լէն ցա­ւած մա­նու­կին լա­ցը կար: Փո­ղո­ցին մէջ­տե­ղը, իր եր­կու մերկ տո­տիկ­նե­րուն վրայ օրօր­ուե­լով կը քա­լէր ու կու լար. յայտ­նի էր որ նոր կը սոր­վէր քա­լել:

Թա­ղը ամա­յի էր. միայն նոր քա­լել սոր­վող մա­նուկ մը ու եր­կու մայ­րե­րու դի­ակ­նե­րը կա­յին…

****
Ամե­րիկ­եան բա­նա­կի կամ ներ­քին գաղտ­նի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տա­կից­ներ, թո­շա­կի ան­ցած ու այ­լեւս իրենց խիղ­ճին ձայ­նը լսե­լով` հին գզ­րոց­ներ կը բա­նան, աշ­խար­հի մէջ իրենց տա­րած գոր­ծու­նէ­ու­թեան մա­սին բա­ցա­յայ­տում­ներ կ՛ընեն: Յի­շե­ցին, թէ աշ­խար­հի մէջ շատ քիչ են վայ­րեր, ուր դե­մոկ­րատ­իա­յի անու­նով յե­ղաշր­ջում­ներ հրահ­րե­լով` իրենց յար­մար մար­դիկ չեն դրած իշ­խա­նու­թեան վրայ: Վեր­ջին մեր տե­սած­նե­րը` Ուք­րա­նի­ա, Վրաս­տան, Վե­նեզ­ուե­լլա, Իրաք, Լիպ­իա, Եգիպ­տոս, եւ այլն, ու` Սուր­իա, ուր դեռ իրենց քր­տին­քը ու մեր արիւնը կը թա­փեն…. Իսկ մի­ա­միտ ժո­ղո­վուրդ­ներ, յան­կար­ծա­կի քու­նէն արթնց­ած` կ՛եր­ջան­կա­նան ու կը հպար­տա­նան, թէ իրենք յե­ղա­փո­խու­թիւն կ՛ընեն ու բռ­նա­կալ­ներ կը տա­պա­լեն… յա­նուն մե­ծա­գոյն կրուն­կին տակ իյ­նա­լու…

Ամե­րի­կա­ցի­նե­րու խօս­քե­րէն յի­շո­ղա­բար քաղ­ուածքս`

« Երբ մենք մեր շա­հե­րը կը պաշտ­պա­նենք որե­ւէ երկ­րի մէջ, բո­լոր մի­ջոց­նե­րը ըն­դու­նե­լի են…,»
«Մենք գեր­տէ­րու­թիւն ենք եւ կ՛ընենք աշ­խար­հի մէջ ինչ որ մեր շա­հին հա­մար է»:
«Մեր մե­ծա­գոյն խո­չըն­դո­տը Սո­վետ Միու­թիւնն էր, զոր վեց-եօ­թը տար­ուան աշ­խա­տան­քով քան­դե­ցին­ք»:
«Կը զգու­շաց­նեմ ռու­սե­րը, մի­ա­միտ մի՜ ըլ­լաք, ձեր եր­կի­րը քայ­քա­յե­լու աշ­խա­տանք­նե­րը լայն ճա­կա­տով կը շա­րու­նակ­ուին…»:
Հա­ւա­նա­բար ռու­սե­րը այդ­չափ ալ մի­ա­միտ չեն, բայց ըստ երե­ւոյ­թին շատ կար­ճա­տես են այն եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը, որոնք այ­սօր, պա­տառ մը փրց­նե­լու սի­րոյն այդ «գեր­տէ­րու­թեա­ն» պո­չէն բռ­նած կը քա­լեն, առանց անդ­րա­դառ­նա­լու, թէ ի վեր­ջոյ պի­տի կորսն­ցեն մե­ծը, ստր­կա­ցու­մին կար­գը պի­տի գայ նա­եւ իրենց, քա­նի դեռ այդ պե­տու­թեան ռազ­մա­վա­րու­թիւնը չէ փոխ­ուած:
Վեր­ջերս ֆրան­սա­կան աքա­ղա­ղին մէջ ալ կար­ծես իր նախն­եաց աս­պե­տա­կան ոգին արթն­ցաւ ու ան յի­շեց, թէ Սուր­իոյ մէջ ան­մեղ մար­դիկ կը կո­տոր­ուին, մարդ­կա­յին տար­րա­կան պայ­ման­ներ չկան, հա­զա­րա­ւոր մա­նուկ­ներ դպ­րոց եր­թա­լէ զրկ­ուած են… Մա՛րդ Աս­տու­ծոյ, հի­մա՞ արթըն­ցար, երբ զգա­ցիր թէ տի­րոջդ խո­փը քա­րին եկաւ:
****
Վեր­ջերս Հա­յաս­տա­նի հե­ռա­տե­սիլ շատ քիչ կը բա­նամ: Առաջ ալ կը դարձ­նէի ու առատ դի­պա­շա­րե­րու մէջ կամ մաֆ­իա­յի հայ ար­քա­նե­րու գար­շե­լի դէմ­քեր, կամ կոկ­լիկ-սի­րուն հա­րաւ ամե­րիկ­եան դէմ­քեր` կամ ազ­գո­վին քէֆ-ու­րա­խու­թիւն, տա­շիկ-տու­շիկ կար, (կայ) կար­ծես աշ­խար­հի ամե­նա­եր­ջա­նիկ ազ­գը ըլ­լա­յինք` ան­հոգ, ապա­հով… Տէ՛, քա­նի որ հա­յե­րը ծանր ազգ են ու դեռ ու­ղեղ ու­նին, անոր լուա­ցու­մը աւե­լի մեծ ճի­գե­րու պէտք ու­նի, ու մեր արիւ­նա­կից­ներն ու բա­րե­կամ­նե­րը այդ ուղ­ղու­թեամբ ձեռք-ձեռ­քի կը գոր­ծեն, առանց ջանք խնա­յե­լու:

Իսկ եթէ կար լուրջ ծրա­գիր մը` ապա յա­ճախ հո­գիս տակ­նուվ­րայ ընող` մեր գիւ­ղե­րու ամա­յա­ցու­մը ու հե­րո­դո­տոս­եան ժա­մա­նակ­նե­րու վի­ճա­կը, մնա­ցող­նե­րու հա­լած, մա­շած, խեղճ տես­քը, աղան­դա­ւոր­նե­րու, մի­ա­սե­ռա­կան­նե­րու եւ այլ աղէտ­նե­րու մա­սին, որոնց­մէ սիրտս ցա­ւիլ կը սկ­սէր: Շր­ջան մը որո­շե­ցի այ­լեւս չդառ­նալ այդ կողմ:

Այ­սօր արագ կ՛անց­նէի մեր կա­յան­նե­րու վրա­յէն, երբ Հայր Կո­մի­տա­սին վշ­տա­ցած դէմ­քը տե­սայ: Ան սր­դո­ղած կը խօ­սէր, թէ Ուք­րան­իա­յէն Հա­յաս­տան մտած է նոր աղանդ, որ իրա­կա­նու­թեան մէջ կը քա­րո­զէ սե­ռա­յին սան­ձար­ձա­կու­թիւն` խառ­նա­կու­թիւն­ներ արիւ­նա­կից­նե­րու մի­ջեւ, ման­կապղ­ծու­թիւն ու նման «ազա­տու­թիւն­նե­ր»: Գի­տենք, որ մարդս հոգի­ով ու միտ­քով զար­գաց­նե­լը եր­կար ու ջան­քա­տար ճամ­բայ է, մինչ­դեռ անաս­նա­ցու­մի ու­ղին` շատ կարճ ու դիւ­րին: Ու սեւ ու­ժե­րը կը գոր­ծեն, ու ծախ­ուած հո­գի­նե­րը անոնց գոր­ծա­կա­տար­ներն են: Հար­ցը հոն է որ, ըստ իր ըսա­ծին` պաշ­տօ­նա­կան մա­կար­դա­կով ո՛չ մէկ ար­գելք, հա­կա­ռակ աշ­խա­տանք կամ սահ­մա­նա­փա­կում կայ…

Տէ՛, եթէ կ՛ու­զէք ան­պայ­ման եւ­րո­պա­ցի ըլ­լալ, ու­րեմն վայ­ելե­ցէ՛ք նա­եւ անոր աղ­բը ու քա­ղա­քա­վար ձե­ւով ժպ­տե­ցէք` «Շնոր­հա­կալ ենք, որ կը լու­սա­ւո­րէք զմեզ…»:

Իսկ մենք բո­լորս վա­տա­բա՛ր, շա­հա­դի­տա­բա՛ր, վախ­կո­տա­բա՛ր լռենք ու թող տանք, որ այս­պէս` բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ բզիկ-բզիկ քայ­քա­յեն մեր դա­րե­րով երազ­ուած եր­կի­րը….

****
Կար­ծես թէ Սուր­ի­ա­կան եր­կին­քին թուխ­պե­րը կը սկ­սին նօս­րա­նալ, կար­ծես թէ հո­րի­զո­նին վրայ լոյ­սի նշոյլ­ներ կ՛առ­կայ­ծեն ու մար­դոց հո­գի­նե­րուն մէջ` յոյ­սի: Կար­ծես թէ մեր հիմ­նա­կան թշ­նա­մի­նե­րը սկ­սած են ոչ միայն մեղմ, այ­լեւս նոյ­նիսկ գո­վես­տով ար­տա­յայտ­ուիլ մեր նա­խա­գա­հին հաս­ցէ­ին, զոր դեռ երէկ կը մե­ղադ­րէ­ին բո­լոր մա­հա­ցու մեղ­քե­րու մէջ:

Ժո­ղո­վուր­դին մէջ ալ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը հա­կա­սա­կան են. ոչ ոք կ՛ու­զէ սխա­լած ըլ­լալ. լա­ւա­տես­ներ կ՛աւե­տեն (տա­կա­ւին ցած­րա­ձայն, խորհր­դա­ւոր կեր­պով) մօ­տա­կայ աւար­տը մեր խա­ւա­րի տա­րի­նե­րուն, զգու­շա­ւոր­ներ տա­կա­ւին եր­կար ու անո­րոշ խար­խա­փու­մի շր­ջան կը գու­շա­կեն, նոյ­նիսկ եթէ դադ­րին ուղ­ղա­կի մար­տե­րը: Իրա­քի, Եգիպ­տո­սի ու Լիպ­իոյ վի­ճա­կը այլ բան յու­սալ թոյլ չեն տար:

Եթէ իրաւ ալ աւար­տի այս մըղ­ձա­ւան­ջը, հա­ւա­նա­բար պի­տի չկա­րե­նանք հա­ւա­տալ, այն­քան ան­գամ որ յու­սա­ցինք ու նոյն կոտ­րած տաշ­տա­կին առ­ջեւ նս­տե­ցանք: Չենք ու­զեր նա­խա­պէս ու­րա­խա­նալ, կ՛ար­գի­լենք մեր հո­գի­նե­րուն ըն­կա­լել այդ, քա­նի որ այդ մէ­կը մեր ջի­ղե­րուն լա­րու­մը կը թուլց­նէ, ինչ որ անհ­րա­ժեշտ է տա­կա­ւին տո­կա­լու հա­մար անո­րոշ գա­լի­քին:

Ո՜վ կր­նայ հա­ւա­տալ, թէ քա­ղա­քա­կա­նա­պէս սնան­կա­ցող ու տն­տե­սա­պէս ճգ­նա­ժամ ապ­րող Ամե­րի­կան ու Եւ­րո­պան յե­ղա­կար­ծօ­րէն պի­տի տո­գոր­ուին մար­դա­սի­րա­կան վսեմ գա­ղա­փար­նե­րով ու հրա­ժա­րին «եր­րորդ աշ­խարհի» հարս­տու­թիւն­նե­րը ծծե­լու իրենց քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն: Իսկ Ռուս­­իան, որ մեր հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնը ստանձ­նած է, մե­զի հա­րա­զա՞տ, թէ՞ խորթ հայր պի­տի ըլ­լայ…

Ամէն պա­րա­գա­յի մե­զի այլ բան չի մնար ընել, քան յու­սալ` ին­շալ­լա՛հ…

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

19/10/2013