Անց­նող եր­կու­քու­կէս տա­րի­նե­րու Սուր­իոյ քա­ղա­քա­կան տագ­նապն ու մա­նա­ւանդ հա­յա­հոծ Հա­լէ­պի հետզ­հե­տէ վատ­թա­րա­ցող ապա­հո­վա­կան վի­ճա­կը իրենց անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցան նա­եւ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան ըն­կե­րա­յին ու մշա­կու­թա­յին կեան­քին վրայ:

Հա­լէ­պա­հա­յու­թեան ըն­կե­րա­յին ու մշա­կու­թա­յին կեան­քը այն­քան եռուն էր, որ միու­թիւն­ներ եր­բեմն կը գան­գա­տէ­ին ձեռ­նարկ­նե­րու խա­չա­ձե­ւու­մէն:
Ամառ, թէ ձմեռ շա­բա­թա­կան ձեռ­նարկ­ներ, տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ, խրախ­ճանք­ներ կամ ըն­կե­րա­յին հա­ւաք­ներ տե­ղի կ՛ու­նե­նա­յին Հա­լէ­պի զա­նա­զան միու­թիւն­նե­րու սրահ­նե­րուն եւ ակումբ­նե­րուն մէջ:

Մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րու ծաղ­կուն գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը` ցու­ցա­հան­դէս­նե­րով, երգ­չա­խում­բե­րով, պա­րա­խում­բե­րով եւ թատ­րեր­գու­թիւն­նե­րով յա­ճախ մր­ցակ­ցու­թեան առողջ մթ­նո­լորտ կը ստեղ­ծէր ու խթան կը հան­դի­սա­նար նոր ծրա­գիր­նե­րու:

Ըն­կե­րա­յին ձեռ­նարկ­ներն ու հան­դի­պում­նե­րը եւս իւ­րա­յա­տուկ գոյն ու համ կու­ տա­յին հա­լէ­պա­հա­յու­թեան կեն­սըն­թա­ցին: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Բա­րե­գոր­ծա­կա­նի, Կի­լիկ­եան Ճե­մա­րա­նի, Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի, Գեր­մա­նիկ Վաս­պու­րա­կան եւ Կր­թա­սի­րաց մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րու ամառ­նա­յին պար­տէզ­նե­րը երի­տա­սարդ­նե­րու եւ ըն­տա­նիք­նե­րու ամէ­նօր­եայ ժա­մադ­րա­վայ­րերն էին: Անոնց կող­քէն անց­նե­լով կը լսէ­ինք հայ­կա­կան երաժշ­տու­թիւն, երի­տա­սարդ­նե­րու խան­դա­վառ բա­ցա­կան­չու­թիւն­ներ, մա­նուկ­նե­րու խա­ղա­վայ­րե­րէն բարձ­րա­ցող ու­րա­խութեան ճի­չեր:

Մեր մա­նուկ­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը այն­քան շատ զբա­ղում­ներ ու­նէ­ին` մար­զա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ միու­թե­նա­կան: Սկաու­տա­կան բա­նա­կում­նե­րը ողջ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը կ՛ուղ­ղէ­ին Քե­սապ, որ կը դառ­նար փոք­րիկ Հա­յաս­տան` իր սէգ լեռ­նե­րով, հիւ­րըն­կալ ժո­ղո­վուր­դով, կա­պու­տակ ծո­վա­փով ու լեռ­նա­յին զով կլի­մա­յով:
Այս բո­լո­րը սա­կայն Հա­լէ­պի զին­եալ բա­խում­նե­րու արա­գըն­թաց զար­գա­ցու­մին հետ մե­ծաւ մա­սամբ կանգ առին: Օրեր եղան երբ տու­նե­րէն դուրս գալն ան­գամ վտան­գա­ւոր դար­ձաւ:

Յատ­կա­պէս տագ­նա­պի առա­ջին տար­ուան ըն­թաց­քին, երբ բո­լորս ան­ծա­նօթ նման վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու տա­րո­ղու­թեան ու տե­ւո­ղու­թեան, սպաս­ման վի­ճա­կի մէջ մնա­ցինք:

Պա­տե­րազ­մին մէջ սա­կայն ապ­րիլ էր պէտք : Յու­սա­հա­տու­թիւնն ու ձեռ­նա­ծալ մնա­լը դըժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու լու­ծում չէր ու չէր կր­նար ըլ­լալ:
Օրե­րու թա­ւա­լու­մին հետ աս­տի­ճա­նա­բար եւ զգու­շա­ւո­րու­թեամբ յա­ջոր­դա­բար սկ­սան բաց­ուիլ վար­ժա­րան­նե­րը, մշա­կու­թա­յին կարգ մը ծրա­գիր­ներ ան­խա­փան ըն­թաց­քով շա­րու­նակ­ուե­ցան, ինչ­պէս` Հա­մազ­գա­յի­նի Հա­յա­գի­տա­կան հիմ­նար­կը, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Սար­եան» կեր­պար­ուես­տի ու­սում­նա­րա­նը, հայ աւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի «Ար­միս» երաժշ­տա­նո­ցը եւ ու­րիշ­ներ, մշա­կու­թա­յին կեան­քը Հա­լէ­պի մէջ որո­շա­կի կեն­սու­նա­կու­թիւն սկ­սաւ ապ­րիլ:

Մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ դրոշմուած պի­տի մնայ օրի­նակ Հա­մազ­գա­յի­նի կազ­մա­կեր­պած խորհր­դա­ժո­ղո­վին հա­լէ­պա­հայ մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ­նե­րու այն հան­դի­պու­մը, ուր բո­լո­րը անխը­տիր եր­կար բա­ցա­կա­յու­թե­նէ ետք կա­րօ­տով կ՛ող­ջա­գուր­ուէ­ին, մի­ա­ժա­մա­նակ կը զար­մա­նա­յին, թէ հա­կա­ռակ տի­րող կա­ցութ­եան այս­քան մեծ թիւով հա­լէ­պա­հա­յեր կ՛ապ­րին Հա­լէպ:

-Ես զար­մա­ցած եմ, որ այս­քան հա­յեր տա­կա­ւին Հա­լէ­պում են ապ­րում,- կը յայտ­նէր հայ­րե­նի­քէն ժա­մա­նած լրագ­րո­ղը, նկա­տել տա­լով, որ հայ­րե­նի­քի մէջ այն տպա­ւո­րու­թիւնը կայ, որ հա­յա­հոծ Հա­լէ­պը պարպ­ուած է ար­դէն:

kantsasar.com – Պարպ­ուած չէր ու թէ­եւ անոր թիւը նօս­րա­ցաւ, բայց չպարպը­ւե­ցաւ ու աս­տի­ճա­նա­բար սկ­սաւ ձե­ւա­ւոր­ուիլ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան շա­րու­նա­կուող կեան­քը պա­տե­րազ­մին մէջ:

Ամ­րան յա­ջոր­դա­բար բա­նիլ սկ­սան ըն­կե­րա­յին կարգ մը հա­ւա­քա­վայ­րեր, միու­թիւն­ներ մշա­կե­ցին յատ­կա­պէս ման­կա­պա­տա­նե­կան զա­նա­զան ծրագ­րեր, ոմանք անվ­ճար, ու­րիշ­ներ չն­չին սա­կե­րով, կեն­սու­նակ պա­հե­լու հա­մար բա­զում զր­կանք­ներ կրող մեր մա­նուկ­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը:

Պա­տե­րազ­մի մէջ ապ­րող սուր­ի­ա­հա­յե­րու ըն­կե­րա­յին կեան­քի բա­ցը որոշ չա­փով գո­ցե­լու եկաւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան հա­սա­րա­կա­կան ցան­ցը` դի­մա­տետ­րը: Շա­տեր ար­հա­մար­հան­քով կը մօ­տե­նա­յին հա­սա­րա­կա­կան այս ցան­ցին, անոր օգ­տա­գոր­ծու­մը պար­զա­պէս ժա­մա­նա­կի կո­րուստ նկա­տե­լով: Պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւան­քով սահ­մա­նա­փակ­ուած ըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը սա­կայն մե­ծին ու փոք­րին, ան­հատ­նե­րուն ու միու­թիւն­նե­րուն ուղ­ղե­ցին դի­մա­տետ­րի օգ­տա­գործ­ման` երկ­րէն մեկ­նած հա­րա­զատ­նե­րուն հետ կապ­ուե­լու, յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ զե­տե­ղե­լու, լրատ­ուա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու, նոյ­նիսկ ըն­կե­րա­յին կա­պեր հաս­տա­տե­լու հա­մար:

Եւ այս­պէս շա­րու­նակ, ազ­գա­յին, եկե­ղե­ցա­կան ու կր­թա­կան կեան­քին կող­քին, աս­տի­ճա­նա­բար ձե­ւա­ւոր­ուիլ սկ­սաւ հա­մայն­քի մշա­կու­թա­յին եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քը:
Այս­տեղ չենք քն­նար­կէր, թէ մնա­ցո՞ղն էր ճիշդ, թէ՞ մեկ­նո­ղը, պա­տե­րազ­մին մէջ ապ­րո­ղին հա­մար, սա­կայն, բա­լա­սա­նի նման անհ­րա­ժեշտ էր մշա­կու­թա­յին եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քի որո­շա­կի կեն­սու­նա­կու­թիւնը, որոնց բա­ցա­կա­յու­թեան պա­րա­գա­յին հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը հո­գե­կան շատ աւե­լի ծանր վի­ճա­կի մէջ պի­տի յայտն­ուէր:

Այս առու­մով ող­ջու­նե­լի են պա­տե­րազ­մի վատ­թա­րա­գոյն պայ­ման­նե­րուն մէջ զգու­շութ­եամբ, բայց ան­նա­հանջ եռան­դով գոր­ծող միու­թիւն­ներն ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, անոնց շար­քե­րուն մէջ ծա­ռա­յող կա­մա­ւոր երի­տա­սարդ­նե­րը, որոնք յու­սա­հա­տեց­նող ապ­րում­նե­րու գե­րին դառ­նա­լու փո­խա­րէն, կ՛աշ­խա­տին հնա­րա­ւո­րինս երան­գա­ւո­րել պա­տե­րազ­մա­կան մեր գորշ առօր­եան:

Զարմիկ Պօղիկեան

15/10/2013