kantsasar.com – Մեծ Եղեռ­նէն ետք, Սուր­իոյ անա­պատ­նե­րը հա­սած գաղ­թա­կան հա­յու­թեան մէկ կա­րե­ւոր հա­մե­մա­տու­թիւնը կեդ­րո­նա­ցաւ Ճե­զի­րէի մէջ, եւ Տէր Զօ­րի, Հա­սա­քէի ու Ռաս Ուլ Այ­նի մէջ հայ­կա­կան հա­մայնք­ներ կազ­մա­ւոր­ուե­ցան:

«Ազ­դակ» 15 Սեպ­տեմ­բեր 1953-ի եւ 2 Հոկ­տեմ­բեր 1954-ի թիւե­րով եւ առան­ձին թղ­թակ­ցու­թիւն­նե­րով անդ­րա­դար­ձած է Տէր Զօ­րի, Հա­սա­քէի եւ Ռաս Ուլ Այ­նի հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րուն, որոնք հա­մադ­րա­բար կը ներ­կա­յաց­նենք:
* * *
Ճե­զի­րէն առան­ձին երկ­րա­մաս մըն է հիւ­սի­սա­յին Սուր­իոյ ծայ­րա­մա­սին վրայ. կը գտնը­ւի Եփ­րա­տի եւ Տիգ­րի­սի մի­ջեւ, այդ պատ­ճա­ռաւ ալ Ճե­զի­րէ կը կոչ­ուի, այ­սինքն գե­տե­րով սահ­մա­նագծ­ուած կղ­զի մը, որուն հա­յե­րը Մի­ջա­գետք անու­նը տուած են իրա­ւացի­օ­րէն: Սահ­ման­ներն են` հիւ­սի­սէն Թուրք­իա, արե­ւել­քէն` Իրաք, իսկ հա­րա­ւէն ու արեւ­մուտ­քէն մի­ա­ցած է Սուր­իոյ ըն­դար­ձակ հո­ղա­մա­սին:

Մայ­րա­քա­ղաքն է Հա­սա­քէն, պատ­մա­կան Խա­պուր գե­տին վրայ, ուր կը նս­տի մու­հա­ֆէ­զը: Աստ­ուա­ծա­յին օրհ­նու­թիւն մը եղած է այս գե­տը անա­պա­տա­յին այս շր­ջա­նին հա­մար, որ Ռաս Ուլ Այ­նէն մին­չեւ Եփ­րատ գե­տի մի­աց­ման կէ­տը` ան­սահ­ման տա­րա­ծու­թիւն­ներ կ՛ոռո­գէ, ջրա­բաշ­խա­կան նոր դրու­թեամբ մը, որուն իրա­գոր­ծու­մը մեծ ճի­գե­րու եւ բա­ցա­ռիկ ծախ­սե­րու կա­րօ­տած է:

Ճե­զի­րէն շտե­մա­րանն է Սուր­իոյ. արմ­տի­քի, բամ­պա­կի, կաթ­նե­ղէ­նի եւ բան­ջա­րե­ղէ­նի ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը մեծ հա­սոյթ կ՛ապա­հո­վեն երկ­րին:
Վար­չա­կա­նօ­րէն կապ­ուած է Դա­մաս­կո­սի կա­ռա­վա­րու­թեան: Հայ­կա­կան Ճե­զի­րէի մայ­րա­քա­ղաքն է Գա­միշ­լի, ուր կը գտն­ուի հա­յոց փո­խա­նոր­դա­րա­նը, ինք­նու­րոյն եւ ան­կախ, բայց ձե­ւա­կա­նօ­րէն կապ պա­հե­լով Հա­լէ­պի առաջ­նոր­դա­րա­նին հետ:

Տէր Զօր կը գտն­ուի Հա­լէ­պէն 330 քի­լո­մեթր դէ­պի արե­ւելք, Եփ­րատ գե­տի եզեր­քը, անա­պա­տի ճիշդ պոր­տին վրայ: Ժո­ղո­վուր­դը կը գոր­ծա­ծէ Եփ­րա­տի ջու­րը, որուն վրայ զտա­րան­ներ զե­տեղ­ուած են: Քա­ղա­քի հիւ­սի­սա­յին կող­մը, 5 քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, ան կը բաժն­ուի եր­կու ճիւ­ղա­ւո­րում­նե­րու, փոքր եւ մեծ Եփ­րատ: Ասոնց վրայ շին­ուած կա­մուրջ­նե­րը Ճե­զի­րէն հա­ղո­րդակ­ցու­թեան մէջ կը դնեն Շամի­էի հետ: Եր­կու գե­տե­րու 5 քի­լո­մեթր եր­կայն­քին կը գտն­ուին բազ­մա­թիւ պար­տէզ­ներ, ժո­ղո­վուր­դին հայ­թայ­թե­լով ըն­տիր պտուղ­նե­րու զա­նա­զան տե­սակ­ներ: Հոս առատ են թութն ու հո­տա­ւէտ խն­ձոր­նե­րը, պա­նիր, իւղ ու մա­ծու­նը, ինչ­պէս նա­եւ բան­ջա­րե­ղէն­նե­րու տե­սակ­նե­րը:

Ժո­ղո­վուր­դը որ­քան հիւ­րա­սէր, այն­քան ալ այ­լա­մերժ է, հա­կա­ռակ անոր որ հա­գուս­տե­ղէ­նի տե­սա­կէ­տէ ոչ մէկ տար­բե­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն քա­ղա­քա­կիրթ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու հա­գած զգեստ­նե­րէն, բայց միշտ ալ զգա­լի է իրենց հին բնազ­դը, օտար­նե­րու նկատ­մամբ, այն­պէս որ հոն յա­ճա­խող­նե­րը միշտ ալ դող ի սիրտ կը պտ­տին փո­ղոց­նե­րուն վրայ, վախ­նա­լով լա­ճե­րու յար­ձա­կում­նե­րէն եւ մե­ծե­րու ու­նե­նա­լիք վե­րա­բե­րու­մէն:

Օդն ու ջու­րը սքան­չե­լի են եւ առող­ջա­պա­հա­կան բո­լոր տու­եալ­նե­րով օժտ­ուած, տե­ղա­ցի­նե­րը պղ­տոր ջուր կը խմէ­ին ժա­մա­նա­կին եւ կա­տա­րե­լա­պէս առողջ էին, երբ տա­կա­ւին զտա­րան­ներ չէ­ին կա­ռուց­ուած գե­տին վրայ:

Կա­նա­չե­ղէ­նը խիստ դիւ­րա­մատ­չե­լի գի­նե­րով կը ծախ­ուի, իսկ պա­նիր, կաթ, մա­ծունն ու իւ­ղը այն­քան առատ է եւ աժան, որ ու­րիշ քա­ղաք­նե­րէ կու գան իրենց պա­րէ­նը ապա­հո­վե­լու հա­մար:

Ամէն սրցաւ հա­յու ական­ջին շատ խորթ հն­չող անուն մըն է, մեծ Եղեռ­նի մի­ջո­ցին բազ­մա­հա­զար ան­մեղ հա­յե­րու սպան­դա­նո­ցը հան­դի­սա­նա­լուն հա­մար, սա­կայն երբ մարդ տա­րի­նե­րով հոն ապ­րի եւ ժո­ղո­վուր­դի հետ շփ­ման մէջ գտն­ուի, այդ անա­խորժ տպա­ւո­րու­թիւնը հետզ­հե­տէ կը ջնջ­ուի մտ­քին մէ­ջէն եւ կը սկ­սի աւե­լի բար­եա­ցա­կամ վե­րա­բե­րում ու­նե­նալ, որով­հե­տեւ տեղ­ւոյն ժո­ղո­վուր­դը հա­կա­ռակ իր ու­նե­ցած քիչ մը վայ­րե­նի կեր­պա­րան­քին, հա­յե­րու նկատ­մամբ չէ գտն­ուած այն­քան ան­գութ, որ­քան կը կարծ­ուէր որ եղած ըլ­լայ: Բնա­կա­նէն հիւ­րա­սէր ժո­ղո­վուրդ մը, իր ասպն­ջա­կա­նու­թիւնը չէ զլա­ցած ո՛չ մէկ օտա­րի, լայ­նօ­րէն բա­նա­լով իր դու­ռը, եր­կար տա­րի­ներ իբր հո­վա­նա­ւոր պա­հած իր գիր­կին մէջ եւ ապա­հո­ված անոր կեան­քը:

Կա­րե­լի է հան­դի­պիլ բազ­մա­թիւ հա­յե­րու, որոնք իրենց ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թիւնը պա­հած են, տե­ղա­ցի­նե­րու աւան­դա­կան այս բա­րի սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն պատ­ճառաւ: Ամ­բողջ Սուր­իոյ մէջ 5-րդ տե­ղը գրա­ւող այս քա­ղա­քը, առեւ­տու­րի գլ­խա­ւոր մէկ կեդ­րոնն է: Կարգ մը հա­յեր վա­ղուց հոս հաս­տատ­ուած են, նոյ­նիսկ գաղ­թա­կա­նու­թե­նէն ալ առաջ. բայց ասոնք իրենց լե­զուն կորսն­ցու­ցած են, պա­հե­լով հան­դերձ իրենց կրօ­նի աւան­դու­թիւն­նե­րը:

Այժմ 60 հայ ըն­տա­նիք­ներ միայն մնա­ցած են, մինչ աս­կէ 8-10 տա­րի առաջ աւե­լի քան 100 ըն­տա­նիք­ներ կա­յին: Ասոնք կը պա­հեն իրենց ազ­գա­յին ու­րոյն դի­մա­գի­ծը շնոր­հիւ իրենց ճար­պի­կու­թեան եւ տե­ղա­ցի­նե­րու հետ մշա­կած սերտ յա­րա­բե­րու­թեան:

Ժո­ղո­վուր­դի տն­տե­սա­կան վի­ճա­կը առ հա­սա­րակ լաւ է, կը բաղ­կա­նայ ար­հես­տա­ւոր­նե­րէ եւ մանր առեւտ­րա­կան­նե­րէ, որոնք շատ սիր­ուած են տե­ղա­ցի­նե­րու կող­մէ, այդ պատ­ճա­ռաւ ալ գրե­թէ իրենց գոր­ծու­նէ­ու­թեան ար­գելք հան­դի­սա­ցող­նե­րու կա­րե­լի չէ հան­դի­պիլ:
Ու­նին Ազ­գա­յին վար­ժա­րան մը 70 երկ­սեռ աշա­կերտ­նե­րով: Ու­սուց­չա­կան կազ­մը կը բաղ­կա­նայ 1 ու­սու­ցի­չէ եւ 2 օրի­որդ­նե­րէ, մուա­րե­ֆի տրա­մադ­րած արա­բե­րէ­նի ու­սու­ցի­չէն զատ:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ու­նի երկ­րոր­դա­կան կար­գի խումբ մը, որ միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին մր­ցում­նե­րուն կը մաս­նակ­ցի ամէն տա­րի:

Եկե­ղե­ցին վա­ղուց կա­ռուց­ուած է քա­ղա­քի կեդ­րոն թա­ղա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ. իսկ հայ քա­հա­նան ոչ միայն այս քա­ղա­քի, այլ նա­եւ Ռաք­քա­յի հա­յոց հո­գե­ւոր պէտ­քե­րուն ալ գո­հա­ցում կու տայ պար­բե­րա­բար այ­ցե­լու­թիւն­ներ տա­լով:
Տեղ­ւոյն դպ­րո­ցը ինք­նա­բաւ չէ, աշա­կերտ­նե­րէն գանձ­ուած կր­թա­թո­շա­կը չի բա­ւեր պիւտ­ճէն հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու. ամէն տար­ուան գո­յա­ցած բա­ցը կը գոց­ուի Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի կող­մէ:

Հոս կան տիգ­րա­նա­կերտ­ցի­ներ, ուր­ֆա­ցի­ներ, մա­րաշ­ցի­ներ, այն­թապ­ցի­ներ, պե­րե­ճիկ­ցի­ներ եւ այլ քա­ղա­քա­ցի­ներ, ընդ­հան­րա­պէս անոնք կը բաղ­կա­նան պաշ­տօն­եա­նե­րէ, ար­հես­տա­ւոր­նե­րէ, խա­նութ­պան­նե­րէ եւ փոքր առեւտրա­կան­նե­րէ:

Հա­սա­քէ կը գտն­ուի Տէր Զօ­րի եւ Գա­միշլիի մի­ջեւ, Խա­պուր գե­տին եզեր­քը ըն­դար­ձակ եւ բա­րե­բեր հո­ղի մը վրայ: Երկ­րա­գոր­ծու­թիւնն ու բամ­պա­կամ­շա­կու­թիւնը բա­ւա­կան զար­գա­ցած են հոս: Օդը մա­քուր է եւ ջու­րը զմայ­լե­լի, զերծ Ճե­զի­րէի վե­րագր­ուած հիւան­դու­թեան ազ­դե­ցու­թե­նէն եւ աւեր­նե­րէն: Ջու­րի մա­տա­կա­րա­րու­թիւնը կա­նո­նա­ւոր­ուած է, շնոր­հիւ ջրա­բաշ­խա­կան նոր դրու­թեան մը հաս­տա­տու­մին: Բան­ջա­րե­ղէնն ու կաթ­նե­ղէ­նը առատ են եւ աժան, այն­պէս որ աղ­քատ դա­սա­կար­գը մե­ծա­պէս կը բա­ւա­րար­ուի իրեն եղած բնա­կան ձեռնտուու­թիւն­նե­րէն:

Հա­սա­քէ Ճե­զի­րէի մայ­րա­քա­ղաքն է. հոն կը նս­տի մու­հա­ֆէ­զը (նա­հան­գա­պետ), հա­կա­ռակ անոր որ Գա­միշ­լին աւե­լի մեծ կեդ­րոն է եւ ազ­գա­յին տե­սա­կէ­տէ ալ իս­կա­կան մայ­րա­քա­ղաք մը: Նախ­կին ան­շուք վի­ճա­կը գրե­թէ չքա­ցած է, նոր եւ քա­րա­շէն տու­ներ բարձ­րա­ցած են, քա­ղա­քի կեր­պա­րանք տա­լով եր­բեմ­նի գիւ­ղա­քա­ղա­քին:

Անա­պա­տա­յին այն շր­ջա­նի ըն­դար­ձակ դաշ­տա­գե­տին­նե­րը այժմ կ՛ոռոգ­ուին Խա­պու­րի կեն­սա­տու ջու­րե­րով, շնոր­հիւ ջրա­բաշխ­ման այն դրու­թեան, զոր վեր­ջերս կա­ռա­վա­րու­թիւնը հաս­տա­տած է գե­տի եր­կայն­քին: Ահա այս պատ­ճա­ռաւ պար­տի­զամ­շա­կու­թիւնը չա­փա­զանց զար­գա­ցած է եւ կարգ մը պտուղ­ներ սկը­սած են շր­ջա­գա­յիլ մեծ կեդ­րոն­նե­րու շու­կա­նե­րուն մէջ, որ­պէս վա­ճառ­քի ապ­րանք: Բան­ջա­րե­ղէն­նե­րու առա­տու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ կա­թի, մա­ծու­նի, պա­նի­րի եւ իւ­ղի ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը առինք­նած են հե­ռա­ւոր ան­կիւն­նե­րու բնա­կիչ­նե­րը, որոնք օր ըստ օրէ կու գան հոս եւ բնա­կու­թիւն կը հաս­տա­տեն, ապ­րուս­տի դիւ­րու­թիւն­նե­րը իբր խայծ ծա­ռա­յած ըլ­լա­լուն հա­մար:
Ջրա­բաշ­խա­կան նոր դրու­թեան պաշ­տօն­եա­նե­րը առա­ւե­լա­բար հա­յեր են, որոնք մեծ ճար­տար­տու­թեամբ կ՛իրա­գոր­ծեն իրենց վըս­տահ­ուած կա­րե­ւոր դե­րը:
70 հայ ըն­տա­նիք­ներ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են հոս, ու­նին եկե­ղե­ցի մը եւ հո­գե­ւոր հո­վիւ մը: Ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին մէջ կ՛ու­սա­նին 80 երկ­սեռ աշա­կերտ­ներ, որոնց հարկ եղած ու­սումն ու կր­թու­թիւնը կը ջամբ­ուի երեք հայ պաշ­տօն­եա­նե­րու (1 այր, 2 օրի­որդ) եւ մէկ արա­բե­րէ­նի ու­սուց­չի կող­մէ, կր­թա­կան նա­խա­րա­րու­թեան (մուա­րիֆ) կող­մէ տրա­մադր­ուած:

Ու­նին եկե­ղե­ցի մը եւ մնա­յուն քա­հա­նայ, որ պար­բե­րա­բար կ՛այ­ցե­լէ Տէր­պէսիէ եւ Ռաս Ուլ Այն: Օգ­նու­թեան Խա­չը բա­րե­րար դեր կը կա­տա­րէ այս շր­ջա­նին հա­յու­թեան մէջ: Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ու­նե­ցած է սե­փա­կան տու­նը, կա­րե­լիու­թիւն տա­լով իր ան­դամ­նե­րուն, որ որ­պէս հա­ւա­քա­տե­ղի գոր­ծա­ծեն զայն, զար­գաց­նե­լով միու­թե­նա­կան կեան­քը, որուն շատ պէտք ու­նէր տեղ­ւոյն երի­տա­սար­դու­թիւնը:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երկ­րոր­դա­կան կար­գի խում­բը կը մաս­նակ­ցի Հա­լէ­պի մէջ կա­տար­ուած միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին մր­ցում­նե­րուն:

Տեղ­ւոյն Թա­ղա­կան Խոր­հուր­դը ծրագ­րած է եկե­ղեցի­ին կից եր­կու սեն­եակ կա­ռու­ցա­նել, որը գոր­ծադ­րու­թեան պի­տի դր­ուի, որ­պէս­զի իբր ժո­ղո­վա­տե­ղի գոր­ծած­ուի, մի­եւ­նոյն ատեն յատ­կաց­ուե­լով ծխա­տէր քա­հա­նա­յին եւ փո­խա­նոր­դա­րա­նի որ­պէս ըն­դու­նե­լու­թեան սեն­եակ, տր­ուած ըլ­լա­լով որ կա­ռա­վա­րու­թեան մու­հա­ֆը­զու­թիւնը հոն կը գտն­ուի եւ Տա­ճատ հայր Սուր­բը ստիպ­ուած է յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լե­լու, կա­ռա­վա­րա­կան շր­ջա­նա­կի հետ շփում­ներ ու­նե­նա­լու եւ ազ­գա­յին գոր­ծեր կար­գադ­րե­լու:

Տե­ղա­կան հայ ժո­ղո­վուր­դը առ հա­սա­րակ աղ­քատ է. բա­րե­կե­ցիկ ըն­տա­նիք­նե­րը հա­զիւ կա­րե­լի է մա­տի վրայ համ­րել: Կը զբա­ղին ար­հեստ­նե­րով, մանր առեւ­տու­րով, պար­տի­զամը­շա­կու­թեամբ եւ երկ­րա­գոր­ծու­թեամբ: Այս պատ­ճա­ռով ալ դպ­րո­ցի պիւտ­ճէ­ին բա­ցը կը հա­ւա­սա­րակշռ­ուի Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի եւ Օգ­նու­թեան Խա­չի մաս­նա­ճիւ­ղին կող­մէ տրա­մադր­ուած գու­մար­նե­րով:

Ժո­ղո­վուր­դը կը գոր­ծա­ծէ Խա­պու­րի ջու­րը բնա­կան պէտ­քե­րու հա­մար, որ ու­նի առող­ջա­պա­հիկ ըլ­լա­լու բո­լոր յատ­կու­թիւն­նե­րը: Օդը նպաս­տա­ւոր է ժո­ղո­վուր­դի առող­ջու­թեան, տա­րա­փո­խիկ հիւան­դու­թիւն­ներ գրե­թէ չկան: Սա­կայն անօ­րի­նակ տաք եղած է ամ­բողջ Ճէ­զի­րէի շր­ջա­նին մէջ: Ցո­րե­նի առեւ­տու­րի կա­յու­նու­թիւնը պատ­ճառ հան­դի­սա­ցած է, որ տն­տե­սա­կան տագ­նա­պը մշա­հո­գիչ դառ­նայ նա­եւ այս քա­ղա­քին մէջ:

Ռալ Ուլ Այն, 20-է աւե­լի աղ­բիւր­ներ ու­նե­ցող այս մեծ գիւ­ղը Գա­միշլի­էն ետք, երկ­րա­գոր­ծա­կան կեդ­րոն մըն է: Այս աղ­բիւր­նե­րու եւ Թուրք­իա­յէն եկող գե­տա­կի մը խառ­նուրդն է Խա­պուր գե­տը, բայց այս առա­ւե­լու­թիւնը կը չքա­նայ երբ փոշիի ամ­պեր կ՛ողո­ղեն գիւ­ղը բեռ­նա­տար ինք­նա­շար­ժի մը անց­քով:

Կը գտն­ուի Թէլ-Ապ­ի­ա­տէն 100 քի­լո­մեթր դէ­պի արե­ւելք, Ռաք­քա­յի եւ Տէր­պէսի­էի մի­ջեւ, մէ­կէն 180 եւ միւ­սէն 60 քի­լո­մեթր հե­ռու, Թուրք­իոյ սահ­մա­նին վրայ:

Պատ­մու­թեան մէջ 7 ան­գամ աւեր­ուած այս գիւ­ղը, եռու­զե­ռի նոր կեդ­րոն մը դար­ձած է վեր­ջերս, շնոր­հիւ քա­ղաք­նե­րէն հոս խու­ժող ար­հես­տա­ւոր­նե­րու եւ երկ­րա­գործ­նե­րու, որոնք ամառ­ուան երեք ամիս­նե­րու ըն­թաց­քին իրենց ամ­բողջ տա­րե­կան հա­սոյ­թը ապա­հո­վե­լու յոյ­սով եկած են հոս աշ­խա­տե­լու: Բազ­մա­թիւ թրաք­թէ­օր­ներ եւ բա­թէ­օզ­ներ գի­շե­րը ցե­րե­կի խառ­նած հո­ղը կը հեր­կեն կամ հունձ­քը կը քա­ղեն ի խն­դիր նոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու, սա­կայն ինչ­պէս Ճեզի­րէի, նոյն­պէս ալ այս շր­ջա­նին մէջ յու­սա­խա­բու­թիւնը բա­րո­յալ­քած է աշ­խա­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը, ցո­րե­նի առեւ­տու­րի կա­յու­նու­թեան պատ­ճա­ռաւ: Եղած են ծախ­սեր, որոնք չեն կըր­նար գոց­ուիլ ցո­րե­նի այժ­մու գի­նով: Դէ­պի Հա­լէպ ղր­կուող լեռ­նա­կու­տակ պար­կե­րը այդ­պէս դիզ­ուած կը մնան, փո­խադ­րա­կան ծախ­սը հա­զիւ կա­րե­նալ ապա­հո­վե­լու, եթէ օր­ուան գի­նով ծախ­ուած ըլ­լան: Ցո­րե­նի քի­լոն Հա­լէ­պի մէջ կ՛ար­ժէ 14-16 ս. դա­հե­կա­նի, որուն 7-8 ս.դ.ը փո­խադ­րա­կան եւ այլ ծախ­սե­րու կը յատ­կաց­ուի, այն­պէս որ իրենց ձեռ­քը ան­ցած գու­մա­րը բա­ւա­րար չէ ապա­հով­ման հա­մար: Ահա այս­պի­սի անե­լի մատն­ուած է ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը, տր­ուած ըլ­լա­լով որ շու­կա­յի առեւ­տու­րը սեր­տօ­րէն կապ­ուած է ցո­րե­նի առու­ծա­խի մա­կըն­թա­ցու­թեան:

70 հայ ըն­տա­նիք­ներ հաս­տատ­ուած են. ու­նին ազ­գա­յին վար­ժա­րան մը 65 երկ­սեռ աշա­կետ­նե­րով եւ երեք հայ պաշ­տօն­եա­նե­րով, բա­ցի արա­բե­րէ­նի հա­մար տրա­մադր­ուած մուա­րի­ֆի ու­սու­ցի­չէն: Դպ­րո­ցի պիւտ­ճէն կը հա­ւա­սա­րակշռ­ուի, Ու­սում­նա­կան Խոր­հուր­դի, Օգ­նու­թեան Խա­չի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի յատ­կա­ցու­ցած նպաստ­նե­րով: Եկե­ղե­ցի մը կայ, բայց հո­գե­ւոր հո­վիւ կը պակ­սի. Հա­սա­քէի քա­հա­նան պար­բե­րա­բար կ՛այ­ցե­լէ:

Ռաս Ուլ Այ­նի շուրջ կան 3 հայ­կա­կան գիւ­ղեր, գաղ­թա­կա­նու­թեան ատեն հոս հաս­տատ­ուած են: Մա­յի­սի ըն­թաց­քին Ճէ­զի­րէի փո­խա­նորդ Հայր Տա­ճատ Ծ. Վրդ. Ուր­ֆալ­եա­նը այ­ցե­լած, պա­տա­րա­գած եւ քա­րո­զած է մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն առա­ջաց­նե­լով ժո­ղո­վուր­դին մէջ: Այդ առ­թիւ եղած է ար­դիւ­նա­ւէտ հան­գա­նա­կու­թիւն մը եկե­ղեցիի շր­ջա­փա­կին կա­ռուց­ման հա­մար:

Ժո­ղո­վուր­դը մի­ա­կամ է եւ հա­մե­րաշխ, թէ­պէտ ժա­մա­նա­կին եղած են խլր­տում­ներ ու­րիշ դպ­րոց մը բա­նա­լու նպա­տա­կով, բայց շնոր­հիւ Տա­ճատ վար­դա­պե­տի ջան­քե­րուն, չէ գոր­ծադրուած այդ ծրա­գի­րը:

Ժո­ղո­վուր­դին տն­տե­սա­կա­նը բա­րե­լաւ­ուած է. երի­տա­սար­դու­թիւնը խան­դա­վառ է ու գի­տա­կից իր կո­չու­մին: Առ հա­սա­րակ ար­հես­տա­ւոր եւ երկ­րա­գործ տար­րե­րէ կը բաղ­կա­նայ, շու­կա­յի մէջ կա­րե­ւոր դիր­քեր գրա­ւե­լով:

Ու­նին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երկ­րոր­դա­կան կար­գի խումբ, Սկաու­տա­կան կազմ եւ Օգ­նու­թեան խաչ, որոնք ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէ­ու­թիւն ու­նե­ցած են իրենց կազ­մու­թե­նէն ի վեր:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ