Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

kantsasar.com –
Ետե­ւը սո՜ւր, առա­ջը ջո՜ւր,
Սուգ, վայ­նա­սո՜ւն, իրա­րան­ցո՜ւմ,
Բա­ռա­չում են մեծ ու պու­ճուր,
Իրար գրկ­ուած` գե­տը լց­ւում…
Յ. ԹՈՒ­ՄԱՆ­ԵԱՆ

Գի­տէ՞ք, որ աշ­խար­հի մէջ ամառ է, ու մար­դիկ կը ճամ­բոր­դեն նոր եր­կիր­ներ, ծո­վափ, լեռ­ներ` հնա­րա­ւո­րինս հա­ճելի­օ­րէն ան­ցը­նե­լու իրենց ար­ձա­կուր­դը. նոր տպա­ւո­րու­թիւն­ներ, նոր ծա­նօ­թու­թիւն­ներ, բեռ­նա­թա­փում ու թար­մա­ցում:

Սուր­ի­ան եւս ու­նի հան­գիս­տի հրա­շա­լի վայ­րեր` ծով, լեռ ու հնա­վայ­րեր, սա­կայն անոր ծո­վափ­նե­րուն միայն ռազ­մա­նա­ւեր կը տո­ղան­ցեն ու յե­լու­զակ­ներ կը ներ­խու­ժեն` մահ­ուան զէն­քեր բե­րե­լով, անա­պա­տի վե­րա­ծե­լու այս գողտ­րիկ եր­կի­րը: Անոր ան­տառ­ներն ու լեռ­նե­րը այ­սօր աւա­զակ­նե­րու ու մար­դա­կեր­նե­րու որ­ջեր են, անոր հնա­վայ­րե­րը` գո­ղե­րու եւ ոճ­րա­գործ­նե­րու թի­րախ:

Սուր­ի­ա­ցի­ներ նոյն­պէս կը ճամ­բոր­դեն…. սա­կայն ներ­կա­յիս անոնց նպա­տա­կը աւե­լի սահ­մա­նա­փակ է` փրկ­ուի՜լ… Ամէն պա­րա­գա­յի, հոն տեղ չու­նի նման շքե­ղու­թիւն, որ կը կո­չենք ճամ­բոր­դու­թեան հա­ճոյք: Խիստ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնն է, որ այ­սօր սուր­ի­ա­ցին կը մղէ իր քա­ղա­քէն դէ­պի աշ­խարհ ել­լել, իսկ աւե­լի յա­ճախ` իր քա­ղա­քէն ու երկ­րէն «գլու­խը պր­ծեց­նել»: Ճամ­բոր­դել որո­շե­լով` ան վստահ է, թէ ար­կա­ծախնդ­րու­թեան կ՛եր­թայ, ուր բնաւ փոքր չէ մահ­ուամբ ել­քը, սա­կայն գի­տէ նա­եւ, թէ պա­կաս վտան­գա­լից չէ մնա­լը: Երբ կ՛ընտ­րէ հե­ռա­նա­լը, քաջ գի­տէ, թէ իր­մէ առաջ գա­ցող­նե­րէն շա­տեր Լի­բա­նա­նի ճամ­բուն բռն­ուե­ցան, գե­րե­վար­ուե­ցան, առե­ւանգ­ուե­ցան, ու…. անոնց­մէ շա­տե­րու ճա­կա­տա­գի­րը ան­յայտ է: Ան գի­տէ, որ Թուրք­իոյ սահ­մա­նին վրայ գր­կա­բաց չէ, որ զինք կը սպա­սեն, սա­կայն յոյ­սը կա­պած վա­րորդ­նե­րու խոս­տում­նե­րուն ու «անոնց» հետ լե­զու գտ­նե­լու «հմ­տու­թիւն­նե­րուն», քաջ իմա­նա­լով, որ հայ ըլ­լա­լը կր­նայ վտան­գի հա­մա­զօր ըլ­լալ, ան, ճա­կա­տագ­րին ապա­ւի­նած, քայլ կ՛առ­նէ` «ետե­ւը սո՛ւր, առա­ջը ջո՛ւր»:

Ու հեր­թա­կան ան­գամ մենք կը լսենք, թէ Թուրք­իա­յէն Հա­յաս­տան ճամ­բոր­դող­ներ առե­ւանգ­ուեր են….

Իսկ դուն, որ յոյս ու­նիս, թէ արկ մը չ՛իյ­նար տու­նիդ վրայ, պա­տա­հա­կան փամ­փուշ­տի մը զոհ չես ըլ­լար, չես գի­տեր` զար­մա­նաս այս մար­դոց քա­ջու­թ­եա՞ն, թուր­քի ու միւս թր­քան­ման­նե­րու հան­դէպ հա­ւատ­քի՞, թէ՞ ար­կա­ծախնդ­րու­թեան վրայ:

Իսկ դուն, օրէ­ցօր ծան­րա­ցող եր­կին­քին տակ, յոյսդ կա­պած Աս­տու­ծոյ ու ճա­կա­տագրին, կը զար­մա­նաս ու կը ցա­ւիս իւ­րա­քան­չիւ­րին հա­մար: Մա­նա­ւանդ կը յու­սաս….

****
… Հե­տե­ւա­բար մի՛ մտա­հոգ­ուիք եւ ըսէք.

«Ի՞նչ պի­տի ու­տենք , ի՞նչ պի­տի խմենք կամ ի՞նչ պի­տի հագ­նինք»:

Այդ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը հե­թա­նոս­նե­րուն յա­տուկ են, որով­հե­տեւ ձեր Երկ­նա­ւոր Հայ­րը գի­տէ ար­դէն, թէ այդ բո­լո­րին պէտք ու­նիք…

Մա­ա­պար – անցք. բառ, այ­սօր` տե­ղա­նուն: Անցք` Հա­լէ­պի արե­ւել­եան ու արեւմըտ­եան հատ­ուած­նե­րու մի­ջեւ, սահ­մա­նա­գիծ` ճա­կա­տող կող­մե­րու մի­ջեւ, անցք` ուր­կէ ձեռք-ձեռ­քի կը քա­լեն կեանքն ու մա­հը:

Ամի­սէ աւե­լի է, որ այս բա­ռը կը հո­լով­ուի հա­լէպ­ցի­նե­րու բեր­նին մէջ` որ­պէս կե­նաց աղ­բիւ­րի: Բա­ռը յայտն­ուե­ցաւ փո­ղոց­նե­րու մէջ, գե­տին­նե­րը պտուղ ու բան­ջա­րե­ղէն յայտն­ուե­լուն հետ մի­ա­սին: Դուն, որ հա­մե­մա­տա­բար աժա­նը կը փնտ­ռես, ստիպ­ուած ես խո­նար­հիլ, խցկ­ուիլ` մտ­նե­լու հա­մար գետ­նին թափ­ուած կոյ­տե­րէն իրա­րու ձեռ­քէ սմ­բուկ, լո­լիկ եւ այլ բա­րիք­ներ խլխ­լող մար­դոց կոյ­տին մէջ: Եթէ հաս­ցու­ցիր ընտ­րել ու առ­նել, յաղ­թա­կան, քրտ­նած ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թէ­նէդ կտոր մը եւս գետ­նին ձգած, աւարդ առած` կը հե­ռա­նաս, նոր միայն գի­նե­րու սղու­թե­նէն գան­գա­տե­լով հան­դի­պող ծա­նօթ-ան­ծա­նօ­թի, որոնք անձ­կու­թեամբ ձեռ­քիդ պար­կե­րուն կը նա­յին….

Դուն կը գան­գա­տիս եւ իրա­ւունք ու­նիս, սա­կայն տեղ­եա՞կ ես ծա­խո­ղին ալ իրա­ւուն­քի չա­փէն: Ծա­նօ­թա­ցի՛ր. Ահ­մա­տը մեր դրա­ցի պտ­ղա­վա­ճառն է, ուր­կէ գնում կ՛ընեն Ազիզի­էի բա­րե­կե­ցիկ բնա­կիչ­նե­րը: Անոնք, որոնք գե­տին խո­նար­հիլ չեն սի­րեր ու գին հարց­նե­լու ալ սո­վո­րու­թիւն չու­նին, յօ­ժար են «Ահ­մա­տի գի­նե­րուն»: Թա­ղե­ցի­ներս «գող» կն­քած էինք մար­դուն անու­նը, որ հե­ռա­ւոր ու վտան­գա­ւոր թա­ղէ մը եկած, այս խա­նու­թը բա­ցած է ու սուղ գի­նե­րով ըն­տիր պտուղ-բան­ջա­րե­ղէն կը ծա­խէ: Երե­կոյ­եան երի­տա­սարդ տղուն հետ կ՛ընթ­րէ խա­նու­թին առ­ջեւ, աթո­ռին շար­ուած ինչ-որ բա­ներ, որ ճա­շա­րա­նէն կը բե­րէ. նոյն ճա­շա­րա­նի նկուղն ալ գի­շեր­նե­րը կը պառ­կին, տուն եր­թալ չկայ:

Այս օրե­րուն, երբ «պատ­ուա­ւոր» վա­ճա­ռա­կան­ներ ու համ­բա­ւա­ւոր խա­նութ­ներ ալ սնն­դե­ղէ­նի առաս­պե­լա­կան գի­նե­րով կը կո­ղոպ­տեն ժո­ղո­վուր­դը («աշ­խար­հը դմակ է, տղէն դա­նակ…) , ի՜նչ կը սպա­սես Ահ­մա­տէ մը, որ կեան­քը վտան­գե­լով` մա­ա­պա­րէն քե­զի կեանք կը բե­րէ:
Ան կը պատ­մէ դրացի­ին. «Մա­ա­պա­րը այ­լեւս պի­տի գոց­ուի, մենք վեր­ջին առ­նո­ղը եղանք. հա­զիւ ապ­րանք­նե­րը առինք ու պի­տի բար­ձէ­ինք, հրաձ­գու­թիւն սկ­սաւ: Գե­տին­նե­րը, հո­ղի ու աղ­բի մէջ պառ­կած` կը սպա­սէ­ինք, գն­դակ­նե­րը մեր գլուխ­նե­րուն վրա­յէն կը սու­րա­յին. երբ դադ­րե­ցաւ ու ելանք, տղուս տա­բա­տը թաց էր. ինք կը պն­դէ, թէ գե­տի­նը թաց էր….»:

Այ­լեւս ի՞նչ գին թող դնէ Ահ­մա­տը իր բե­րած ապ­րան­քին, դո՛ւք որո­շե­ցէք:
Ան­դին, քաջ հայ կի­ներ կ՛որո­շէ­ին եր­թալ ու մա­ա­պա­րէն աժան գնել:
Աժա­նը հի­մա միայն մար­դուս կեանքն է, միա՛յն:
****
Կ՛ըսեն, թէ կի­ներ յա­ճախ կը խօ­սին ոչ թէ իրենց իմա­ցա­ծը, այլ` իրենց փա­փա­քա­ծը, եւ որ այ­րեր այդ մէ­կը կը կո­չեն կնո­ջա­կան տրա­մա­բա­նու­թիւն: Բայց ի զուր կը թե­րագ­նա­հա­տեն կի­նե­րու երե­ւա­կա­յու­թիւնը, քա­նի որ քա­ղա­քիս մէջ իրա­պէս զա­նա­զան տե­ղեր զա­նա­զան նպաստ­ներ կը բաժն­ուին: Ար­թուն մար­դը կր­նայ հան­գիստ ապ­րիլ տըր­ուած­նե­րով, դեռ բան մըն ալ…աւելց­նել ու ծա­խել: Ո՞վ մե­ղա­ւոր է, որ դուն հպարտ ես ու չես եր­թար ար­ձա­նագր­ուե­լու: Օրի­նակ` կա­զի ար­ձա­նագ­րու­թիւն, որ կ՛ըլ­լայ մուխ­թա­րին քով: Մար­դը չի մեր­ժեր, կը գրէ տե­ղե­կու­թիւն­ներդ ու կը խոս­տա­նայ…. Գր­ուէ՛ ու երա­զէ օր մը ստա­նա­լու մա­սին. չէ՞ որ այլ թա­ղե­րու մէջ առած են… երա­զե­լը ար­գիլ­ուած չէ, իսկ յու­սա­լը լաւ բան է:

Ահա պատ­կեր մը` կի­նե­րու գործ­նա­կան խօ­սակ­ցու­թե­նէ մը.

– Պեր­պալ­եա­նի թա­ղը անուն­ներ կը գրեն, ես ալ գա­ցի ու գր­ուե­ցայ:
– Հա՛, քոյ­րի­կիս թաղն ալ գրեր են…
– Ին­չո՞ւ կը գրեն, լուր ու­նի՞ս:
– Կ՛ ըսեն, թէ նա­խա­գա­հին կի­նը նուէր պի­տի տայ…
– Ի՞նչ նուէր է եղեր:
– Կ՛ըսեն` դրամ պի­տի տայ:
– Ամէ­նո՞ւն…
– Ով որ եր­թայ, կը գրեն:
– Է՞, խճո­ղում չէ՞…
– Քիչ մըն ալ կե­ցիր արե­ւին տակ, չես հա­լիր….
– Հա՛, մեր եկե­ղե­ցին ալ կը գրեն, բայց յայտ­նի չէ, թէ ի՛նչ պի­տի տան:
– Կ՛երե­ւի` ձե­զի Ամե­րի­կա­յէն նուէր­ներ պի­տի գան… վի­զա եւ այլն:
– Ի զուր կը խն­դաս, ար­ձա­նագ­րուող­նե­րուն թիւը ար­դէն եր­կու հա­զա­րը ան­ցեր է, բան մը չես կորսնց­ներ, որ եր­թաս գր­ուիս:
– Է՜…

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

15/10/2013