kantsasar.com – Հիմա արդէն երանի կու տանք այն օրերուն, երբ քաղաքին գլխաւոր պողոտաներուն անկիւնները խորովածանոցներու վերածուեր էին. սկիզբը զարմացանք` գնող կ՛ըլլա՞յ: Յետոյ հասկցանք, որ պիւթակազի չգոյութեան մէջ խորոված ուտելը աւելի «յարմար» է, քան տունը ճաշ մը պատրաստելը: Բայց կ՛ափսոսայինք քաղաքին գնչու վիճակին: Հիմա երանի կու տանք` գոնէ միս կար խորովելու, լոլիկ-վարունգ կար սալատ շինելու … -Միս չկայ, հաւ կայ, աւելի ալ աժան է … Բայց հաւ ալ չկայ:
-Հաց-պանիր: -Այդքա՞ն հարուստ են, հաց-պանիր ուտելու չափ:
-Աւելի հարուստները հաւկիթ ալ ունին. երեսուն հատին երկու հազար ուզեր են երէկ:
No bread, no electricity, (sometimes) no communications, no fuel, no gas, no wood, rare food, insane expenses, no money, no jobs, no safety, no moral, no life, no something, no nothing, no everything. Aleppo-Syria. Ասիկա մանչս գրեր էր ՖՊ-ին վրայ, ամիս մը առաջ, հետս խօսելէ ետք: Հիմա այս բոլորը թուելու իսկ շունչ չկայ հալէպցիին վրայ, միայն` no nothing:
Ամէն օր շուկայ կ՛երթամ` նայիմ ի՞նչ կը գտնեմ. Վերջերս ոչ միայն բան չեմ գտներ, այլ եւ ամէն պահ վախը ունիմ «էշ նահատակ» երթալու. Չես գիտեր ո՛ր վայրկեանին, ուրկէ կու գայ հաուն-ը. Ձայն ալ չունի, որ լսես ու տեղ մը մըտնես-պահուըտիս. Բայց ի՞նչ ընես, կրնա՞ս շուկայ չերթալ: Կը նայիմ պարապ խանութներուն, մայթերուն ծայրը կեցած կանաչեղէնի եւ պտուղի պարապ կառքերուն, որոնք հիմա մեռեալի նման լաթերով ծածկուած են, եւ սիրտ կը ճմլուի. Առատութեան ու բարիքի մեր քաղաքը հիմա ինք բարիքի կարիք ունի. ի՜նչ անհեթեթ ես, կեանք:
Նորէն կատղեր են. վերջին քանի մը ժամերուն աւելի քան տասը հաուններ ինկան, ահագին վիրաւորներ եւ մեռեալներ սփռելով: Ազատութիւն. Բայց որմէ՞ է որ կը պահանջեն այս ազատութիւնը, ժողովուրդէ՞ն, եւ որովհետեւ ժողովուրդը չի տար այս ազատութիւնը, ուրեմն … կը պատժե՞ն զինք: Ոչ, երբեք չկրցայ հասկնալ եւ բնաւ ալ պիտի չհասկնամ տրամաբանութիւնն ու իմաստը ժողովուրդը ա՛ս տարողութեամբ տառապեցնելուն: Եւ դեռ մինչեւ ե՞րբ: Յետոյ, ինչո՞ւ օրինակ ճիշդ այսօ՛ր յանկարծ սկսաւ հաունի տեղատարափը, երկար շրջան մը հանգիստ մնալէ ետք:
Ալ կը բաւէ անասունի պէս մեր ապրիլը. Մարդկային հիմնական բոլոր իրաւունքներէն զրկուած ենք` ջուր, հոսանք, մարդու պէս աշխատանքային առօրեայ …
Կը տեսնե՞ս, քաղաքին այս ծանր պայմաններուն մէջ որքա՜ն մարդկային ողբերգութիւններ կ՛ուռճանան, կը բազմապատկըուին. Ոչ ոք կը մտածէ, որ քանի քաղաքին պայմանները գրեթէ անապրելի են, գոնէ զիրար չնեղացնենք, իրարու համար խոչընդոտներ չստեղծենք: Ոչ, ամէն մարդ կրցած չարութիւնը սկսած է ընել եւ անոր անունը ճարպիկութիւն դնել, պայմաններուն արդիւնք որպէս պատճառաբանել: Ասկէ ալ յոգնեցանք:
Բոլորս ալ սկսեր ենք յարդի հսկայ դէզի մը մէջ ոչ թէ ասեղ, այլ յոյս փնտռել. Պիտի գտնե՞նք: Մինչ այդ ինչպէ՞ս ապրիլ:
Երբ փողոցը ընկերուհիիդ հետ կը քալես ու կը խօսիս երէկուան ճաշի հրաւէրիդ մասին` «պանիրով մաքարոն կերանք», երբ քեզ յանկարծ կը կեցնէ անծանօթ երիտասարդ մը եւ կ՛ըսէ. -Պանիրով մաքարո՞ն կերաք … ճոխ է եղեր ձեր ճաշը … ուրկէ՞ պանիր գտաք … Այն ատեն է, որ կը հասկնաս թէ ի՜նչ տարողութիւն ստացեր է քաղաքիդ շրջափակումը: Յետոյ աշխարհէն բաներ մը իմանալու համար երբ դիմագիրքը կը բանաս եւ քեզ կը դիմաւորէ «քրիստոնեայ ղպթի մը գլխատուած Սինայի մէջ» լուրը, կ՛որոշես մնալ նաեւ քու ներքին, հոգեկան շրջափակումիդ մէջ եւ սպասել փրկութեան: Ասոր ապրի՞լ կ՛ըսեն: Դուրսերէն հարց կու տան` ուտելիք ունի՞ք, եւ դուն «ոչ» կը պատասխանես, այդ դրսեցիները կը լռեն, որովհետեւ ըսելիք չունին: Ե՞րբ պիտի հասկնան որ հարցում ալ տալու չեն, պարզապէս պէտք է լռեն եւ … փորձեն բան մը ԸՆԵԼ:
Դառնութիւնը այսօր կը խեղդէ, որովհետեւ արդէն ամէն բան շատ եղաւ` թէ՛ կացութիւնը, թէ՛ սղաճը, թէ՛ ռմբակոծումը, թէ՛ հաունները, թէ՛ անգործութիւնը, թէ՛ …
Կը թուի թէ ամէն բան նոյնը պիտի մնայ, ոչինչ վերջ պիտի գտնէ այս ժխտականներէն, որոնցմով շրջապատուեր ենք հիմա` ոչ մօրս վիճակը, ոչ քաղաքին զարնել-փշրել-սպաննելը, ոչ երկրին քաղաքական ճնշումներն ու շրջափակումները: «Բայց ամէն սկսող բան աւարտ ունի», կ՛ըսէ ժողովուրդը: Ատոր յոյսին մնացեր ենք` եթէ սկսեր է, ուրեմն օր մըն ալ պիտի աւարտի: Միայն թէ ուշ չըլլայ, Տէր Աստուած, ուշ չըլլայ բոլորին եւ ինծի համար:
Գիտէք, չէ՞, այն պատմութիւնը, որ կը պատմէ թէ դժոխքն ու դրախտը երկու նոյնանման սրահներ են, ուր ընթրիքի երկու ճոխ եւ նոյնանման սեղաններ յարդարուած են եւ ուր մարդիկ երկար կոթեր ունեցող դգալներով կ՛ընթրեն: Տարբերութիւնը այն է, որ դժոխքին մէջ մարդիկ ուտելու համար անընդհատ զիրար կը վիրաւորեն իրենց դգալներուն կոթերով, մինչ դրախտի մէջ մարդիկ իրարու կը կերցնեն: Հիմա այսպէս է մեր «ազատ» երկրին մէջ` մարդիկ իրարու աչք կը հանեն իրենց կէս պատառին համար, որովհետեւ միւս կէսը արդէն թափած կ՛ըլլայ ընդհանուր ծեծկըւուքին մէջ…
Կրկին սառեցաւ մատիտս կարծես. Վախը ա՛յս ալ կ՛ընէ ուրեմն` կը կենաս, կը դադրիս ամբողջ էութեամբդ եւ կը սպասես երկա՜ր, անհատնում րոպէներ, միշտ յուսալով որ այս ինկած ռումբը վերջինն է արդէն, որովհետեւ աւելին ա՛լ կարելի չէ տանիլ: Բայց կու գայ յաջորդը կարծես աւելի մօտ, աւելի ուժեղ, եւ կը սկսի նոյն սպասումը, ամէն անգամ աւելի խիտ, աւելի ջիղեր լարող: Պատշգամը ինչ աղուոր, գարնանային ջերմութիւն մը կայ, որ հաճելի է հակառակ փոշիին: Բայց պատշգամ կենալ կարելի չէ, հրացանաձգութեան ձայնը մօտ է այնքան, որ կը թուի թէ փամփուշտները քովէդ պիտի անցնին: Արտօրանքով ներս կը մտնես: Արդէն ոչ իսկ մէկ հոգի պատշգամ կեցած: Ուրիշ տարիներ ինչպէ՜ս ամէն մարդ պատշգամը կ՛ըլլար այս եղանակին, եւ զրուցողներուն աղմուկը կը խառնուէր թռչուններու շատախօս ծըլւըլոցին: Երբեմն դժուարութիւն կ՛ունենամ այդ օրերը յիշելու, կարծես բնաւ եղած չըլլան անոնք:
Հիմա է որ իրապէս սկսայ հասկնալ Գրիգոր Զոհրապի չհաւատալը, ես որ կ՛այպանէի զինք, թէ այդքան խելացի, դիւանագէտ եւ այլն, ինչպէ՞ս չէր տեսած մօտեցող անխուսափելի աղէտը: Ազնիւ մարդ, որ չի կրնար պատկերացընել իսկ, թէ ինչերո՜ւ ատակ է մարդը, որ անշուշտ «իր նման» չէ:
Կ՛ըսուի թէ այս եկող քանի մը օրերուն շատ ծանր եւ մեծ ձայներ պիտի լսուին – արդէն բոլորս ալ կը հասկնանք` պայթումներ, հրացանաձգութիւն եւ այլն – ժողովուրդը թող չի վախնայ կ՛ըսուի: Կ՛ըսուի … Յերիւրանքներ, յերիւրանքներ … ա՛լ չենք գիտեր ինչի՛ հաւատանք: Կար ժամանակ, երբ աշխարհի չորս կողմէն լուրեր կը լսէինք, եւ կրնայինք սանկ-նանկ ըլլալիքը եզրակացնել: Հիմա՞. Կա՛մ այն է, որ բոլոր կողմերն ալ չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ըլլայ կամ պիտի ըլլայ, որովհետեւ իրենց հակակշիռէն դուրս եկան դէպքերը, կա՛մ ալ այն, որ դիտումնաւոր կերպով ծածուկ կը պահուի ամէն ինչ, նուազագոյնը` անակնկալի գործօնը օգտագործելու համար:
Եղածները բաւարար չըլլային կարծես, երէկ երեք, իսկ առջի օր չորս հոգի մահացեր է, կրկին … օղիէն: -Չխմէին ատ զիպիլը, չէ՞ր ըլլար… Անգործութենէ տառապող մարդիկ ի՛նչ ընեն: Յստակ չկրցայ գիտնալ տակաւին, թէ ճիշդ ի՛նչ է պատճառը այս մահերուն. Ալքոլի փոխարէն մէթանոլ գործածե՞լը – աւելի աժան ըլլալուն – թէ՞ այլ թունաւոր նիւթ մը: Խմողները նախ իրենց տեսողութիւնը կը կորսնցնեն, յետոյ կը մեռնին: Ընդհանրապէս երիտասարդներ: Ափսոս չե՞ն: Այս ի՜նչ ջարդ է, տէր Աստուած:
Ամբողջ գիշերը ռմբակոծումը չկեցաւ: Իրապէ՛ս չեմ հասկնար. Պետութիւնը քաղաքը կը քանդէ՞, թէ թշնամիներու դէմ կը պաշտպանուի: Զինեալներ են. պէ՞տք է ռումբեր գործածել անոնց դէմ: Ժողովուրդը յանձնուեր է, չի հասկընար կացութիւնը, չի հասկնար կողմերուն ռազմավարութիւնը, եւ յոգնած է ալ, մեռնելու չափ յոգնած: Իսկ այս վիճակը վերջ չունի: Երանի կարդացած չըլլայի Եասմինա Խատրայի «Քապուլի Ծիծեռնակները». Այդ ընթերցումին ընթացքին իսկ – որ աւելի քան տարի մը առաջ էր – նախազգացումս սկսեր էր փսփսալ եւ վախցնել զիս` Հալէպն ալ կրնայ այսպէս ըլլալ, եւ մտնել մոռցուած պատերազմներու շարքը, այս վիճակը կրնայ անորոշաբար երկարի՜լ, երկարի՜լ … ու եթէ՞ միջոց չմնայ հեռանալու, երթալու … Սղութիւնը տանելի չէ …Ուրեմն այս տարի կեռասի խմիչք, օշարակ եւ անուշ պիտի մոռնանք պատրաստել, ինչպէս որ շատեր վարդը մոռցան. -Վարդին քիլօն երեք հարիւր, քիլոյին երեք քիլօ շաքար պէտք է, շաքարին քիլօն հարիւր, է՞ …,- ըսաւ վերի Մակին եւ մոռացութեան տուաւ վարդի անուշ շինելը:
Գիշերը Քեսապ կը հոտի: Քեսապի կարօտ կ՛արթնցնէ: Եւ կարօտ մեր պարզ, սովորական, քաղցր կեանքին, զոր մէկ վայրկեանէն միւսը քանդեցին: Քանդըւեր է Բերդը, այրեր, կողոպտուեր եւ քանդուեր է ներսի շուկան` աշխարհի հնագոյն եւ մեծագոյն գոց շուկան, նախապապը սուփըրմարքէթներուն: Այրուեր են ու քանդուեր մզկիթներ, եկեղեցիներ, հնավայրեր: Մնացեր է մեզի այս մութ երկինքը եւ այս գիշերը, որ անողորմաբար Քեսապ կը յուշէ: Ռումբերը կը շարունակեն աղմուկով եւ սարսափ սփռելով աջ ու ձախ թռչիլ:
Գիտեմ կեանքը ինչպէ՛ս է, չեմ ուզեր ամէն պահու յիշել ատիկա: Նոյնն է արուեստը. արուեստը պէտք է մարդուն յիշեցնէ ոչ թէ կեանքը ինչպէս է, այլ ինչպէս պարտի ըլլալ, ինչպէս կ՛երազենք որ ըլլայ` գեղեցիկ ու բարի: Եւ գրականութիւնը: Ուրեմն` ինչպէ՞ս ապրիլ պատերազմի, բրտութեան եւ խուժդուժութեան այս առօրեան, եւ յետոյ` կրկին ապրիլ զայն, աւելի խիտ, աւելի թունդ, գրելով: Ահա թէ ինչու չեմ ուզեր գրել մեր առօրեան, թէեւ լաւ գիտեմ անոր, այդ առօրեան գրելուն անհրաժեշտութիւնը: Կարծես դէպքերը կրկնելով, ընդունած պիտի ըլլամ որ մարդը, այո, ամէնէն վայրենին է գազաններուն, թէկուզ` ասուն:
Առտուն հացի գացի եւ ճիշդ կէս ժամ ետք եկայ: Խճողումը չէր պատճառը, պարզապէս փուռը կարծես ուշ սկսեր էր աշխատիլ: Հացը, կանաչեղէնի քանի մը տեսակներու հետ` լոլիկ, դդում, վարունգ, սմբուկ, աժնցեր է: Բոլորը ուրախ են` գոնէ բան մըն ալ կ՛աժննայ եղեր: Ամէն մարդ գալիք ձմեռուան հոգը առեր նստեր է. անցեալ ձմեռ շատեր նախորդէն մնացած մազութ ունէին, ժողովուրդը դեռ դրամ ունէր, կրցաւ ինքզինք պահել: Հիմա՞. Ոչ մազութ մնացեր է տուներուն մէջ, ոչ ալ դրամ ժողովուրդին գրպանը: Գալիքը ծանր է, մութ:
Առաւօտները կը խաբեն մեզ իրենց քաղցրութեամբ, կը թուի թէ ամբողջը մղձաւանջ է, մեր հիւանդ երեւակայութենէն ծնած, թէ ամէն բան լաւ է, որովհետեւ համոզուած էինք որ Հալէպը, այդ անկիւնը մնացած եւ մոռցուած քաղաքը ոչինչ կը պատահի, որովհետեւ ոչ ոք հետաքրքրուած է անով: Եւ քաղաքը ծաղկեցաւ, բարգաւաճեցաւ ու դարձաւ … կռուախնձոր մեր փակ նայուածքներուն տակ:
Չէ, բան մըն ալ չեմ կրնար գրել, կամ մտածել: Եղածը եՒ տակաւին ըլլալիքին սարսափը ջլատեր են մանաւանդ կամքս, թէեւ միշտ ալ մտածեր եմ եւ այս մտածումը շատ վաղուց դարձուցեր իմ նշանաբանս` «պէտք է ապրիլ, մինչեւ մեռնիլ»: Ապրիլ գլխագրով անշուշտ: Եւ օրերը կ՛անցնին պարապ-անիմաստ, առանց մեզի տալու լաւ բան մը ըրած ըլլալու գոհունակութիւնը: Բայց ի՞նչ լաւ բան այսքան սարսափի, բրտութեան, մահի մէջ:
Մարուշ Երամեան
15/10/2013