Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

kantsasar.com – Ար­քի­մե­տե­սը իր տա­կա­ռէն դուրս ցատ­կած ատեն հա­ւա­նա­բար այն­չափ ինք­նա­գոհ չէր, որ­չափ որ ծա­նօթս, միայն մոռ­ցաւ կան­չել` «Էվ­րի­կա՜», երբ «գիւտ» ըրաւ.

– Քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ մարդ ան­հա­տը ար­ժէք չու­նի՛…

Ուր-ուր, բայց Սուր­իոյ մէջ այ­սօր ամե­նատը­գէտն ու մա­նուկն ալ առանց խօս­քի գի­տեն իրենց ար­ժէ­քը` լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին` փամ­փուշտ մը:
Բայց բա­րե­կամս «իր» տե­սու­թիւնը թե­րա­հա­ւատ­նե­րուն հաս­տա­տե­լու հա­մար, շատ անվր­դով այս «պարզ» դէպ­քը պատ­մեց:

Ահ­մա­տը աղ­բա­հա­ւաք է` ար­դէն երե­սուն տա­րի: Այս օրե­րուս ո՛չ մե­քե­նայ կայ, ո՛չ ամ­սա­կան տուող: Քա­նի մը հոգիի հետ նս­տո­տեր էին թա­ղին մէջ: Զին­եալ­ներ եկան, կրա­կա­հերթ տուին գետ­նին ու հրա­մա­յե­ցին ծուն­կի գալ:

– Էյ, ի՞նչ է ձեռ­քինդ,- իրեն պո­ռաց անոնց­մէ մէ­կը:

– Տա­րազս է, հա­նե­ցի, մնաց ձեռքս:

– Ի՞նչ տա­րազ:

– Ես աղ­բա­հա­ւաք եմ:

– Ար­դէն քու երեսդ չսի­րե­ցի. հայրս աղ­բա­հա­ւաք էր, մար­դուն համ հոտ չտ­ուիք. պի­տի սատ­կիս:

– Ես քու հայրդ չեմ տե­սած, տղա՛ս, ի՞նչ համ…

– Լռէ՛, ձայնդ չլ­սե՛մ…

Մինչ ան զբա­ղած էր միւս­նե­րու «դա­տավճի­ռը» տա­լով, Ահ­մա­տը շուր­ջը կը նա­յէր ու կը մտմ­տար. «Ալ­լա՛հ, Ալ­լա՛հ, ես այդ­քան մար­դու լա­ւու­թիւն ըրած եմ, մէ­կը դէմս պի­տի չգա՞յ»: Այդ մի­ջո­ցին ճիչ ու լա­ցով, ձեռ­քե­րը օդին մէջ շար­ժե­լէն հրա­պա­րակ վա­զեց ծեր կին մը ու նետ­ուե­ցաւ ոճ­րա­գոր­ծի ոտ­քե­րուն.

– Ալ­լա­հը զա­ւակդ պա­հէ, անոր կար­միր օրե­րը տես­նես, Ալ­լա­հը մայրդ պա­հէ, խնա­յէ՜, մի զար­ներ. տունս քանդ­ուե­ցաւ. ամէն­քը մնա­ցին տա­կը. աս մատ­ղաշ թոռ­նիկս մնաց. ձեռ­քե­րուդ մա­տաղ, խնա­յէ՜, մի զար­ներ, ին­ծի բաշ­խէ…

Կի­նը կը խօ­սէր ու կու լար, գլու­խը անոր ոտ­քե­րուն ու մերթ ալ հո­ղին քսե­լով:
Ոճ­րա­գոր­ծը ազա­տե­ցաւ անոր ձեռ­քե­րու օղա­կու­մէն ու Ահ­մա­տին դար­ձաւ.
– Է՜յ, հայ­ուա՛ն, խա­լէ­ին խաթ­րին հա­մար քե­զի կը խնա­յեմ, չք­ուի՛ր:
Չէր հասկ­նար Ահ­մա­տը. կի­նը իրեն հա­մար չէր խնդ­րեր. ի՞նչ էր ոճ­րա­գոր­ծին նպա­տա­կը:
Դո­ղա­ցող ծուն­կե­րով ոտ­քի ելաւ ու առանց ետ նա­յե­լու, կուզ-կուզ փա­խաւ, կրա­կոց­նե­րու նուա­գին տակ…
***
Վեր­ջերս շր­ջա­նա­ռու­թեան դր­ուե­ցաւ «Հա­լէպցիի ար­ժա­նա­պատ­ւու­թիւն» հն­չեղ ար­տա­յայ­տու­թիւնը: Երա­նե­լի անց­եա­լը յի­շե­ցի, երբ անի­կա բնա­կան գո­յա­վի­ճակ էր իւ­րա­քան­չիւ­րիս հա­մար: Բայց քա­նի որ այ­սօր Հա­լէ­պի մէջ ամէն ինչ գետ­նա­մած է ու տրոր­ուած, որո­շե­ցի դի­մել բա­ռա­րան­նե­րու օգ­նու­թեան. թե­րեւս բա­ռը իմա­ցա­ծէս աւե­լի խոր իմաստ­նե՞ր ու­նի:

Հե­ղի­նա­կա­ւոր եր­կու բա­ռա­րան­նե­րը, սա­կայն, հա­մա­ձայն էին հետս` ար­ժա­նա­պատ­ւու­թիւն, այ­սինքն` ինք­նա­սի­րու­թիւն, պատ­ուա­սի­րու­թիւն, պատ­ուազ­գա­ցու­թիւն եւ այլ հո­մա­նիշ­ներ, ապա` իր պատիւի ճա­նա­չում: Այս մէ­կը բռ­նեց զիս:

«Իր պատիւի ճա­նա­չում» ու այ­սօր­ուան հա­լէպ­ցին:

Ճիշդ է որ մար­դիկ բազ­մա­զան են ու զա­նոնք մէկ չա­փով կա­րե­լի չէ չա­փել: Օրի­նակ, ան­պայ­ման հե­րոս են ու բարձր ար­ժա­նա­պատ­ուու­թիւն ու­նին անոնք, որոնք զէնք առած` հրո­սակ­նե­րու դէմ կը կռ­ուին կա­մա­ւոր ու կը սր­բեն իրենց ու ժո­ղո­վուր­դի ար­ժա­նա­պատ­ուու­թեան ամէն վայրկ­եան հաս­ցուող անար­գանք­նե­րը, որոնք անձ­նա­կան հա­ճոյք (եթէ մնաց) մոռ­ցած` նուիր­ուած են կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն օգ­նե­լուն, որոնք հան­րօ­գուտ ու ազ­գօ­գուտ իրենց գոր­ծե­րու մէջ տա­կա­ւին կը մնան պատ­նէ­շի վրայ:

Ար­ժա­նա­պա­տիւ են… նա­եւ անոնք, որոնց գր­պան­նե­րը տաք են ու կր­նան, գի­նե­րու այս ահա­ւոր բարձ­րա­ցու­մին հա­կա­ռակ, մտ­նել որե­ւէ խա­նութ եւ հան­գիստ գնել որե­ւէ ապ­րանք (եթէ գտ­նեն):

Ար­ժա­նա­պա­տիւ են նա­եւ անո՞նք, վա­ճա­ռա­կան­ներ, որոնք այ­սօր, լա­ւա­գոյն առի­թը օգ­տա­գոր­ծե­լով, կը ծծեն մեր սա­կաւ արիւնը, երբ «բա­րե­կամ» նպա­րա­վա­ճա­ռը քա­նի մը ղու­րու­շի գնած ապ­րան­քը քե­զի հա­րիւր­նե­րով կը ծա­խէ…
Բայց չէ որ նշ­ուած­նե­րը փոքր մասն են ազ­գի, իսկ մեծ մե­ծա­մաս­նու­թիւնը կը կոչ­ուի ժո­ղո­վուրդ. ահա ես միշտ անոնց մա­սին է որ կը խոր­հիմ ու կը խօ­սիմ:
Կար ժա­մա­նակ, ան նոյն­պէս ար­ժա­նա­պա­տիւ էր`
երբ տա­կա­ւին կր­նար ար­դար քր­տին­քով շա­հիլ ըն­տա­նի­քի ապ­րուս­տը,
երբ իր տու­նին մէջ ու իր աչ­քին առ­ջեւ չէ­ին պղ­ծած իր սր­բու­թիւն­նե­րը,
երբ ստի­պուած չէր լքել հայ­րե­նի հողը ու «պատս­պա­րան» խնդ­րել իր դա­հիճ­նե­րէն,
երբ չէ­ին կոր­ծա­նած ու պղ­ծած իր հա­ւա­տի կեդ­րոն­նե­րը,
երբ իր սի­րե­լի­նե­րուն արիւնը չէ­ին հե­ղած իր մշա­կած հո­ղին,
երբ իր աղ­ջիկն ու մա­նու­կը պաշտ­պա­նե­լու կա­րո­ղու­թե­նէ զուրկ չէր,
երբ իր պե­տու­թեան հա­ւա­սար քա­ղա­քա­ցին էր ու տե­սա­կի մը պատ­կա­նի­լը աղէտ ու մահ­ուան դա­տավճիռ չէր…
երբ…

Հի­մա նա­յե­ցէ՛ք այս քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րու դէմ­քե­րուն. երբ ժպ­տող մարդ տես­նէք, մոռց­ուած զգա­ցում մը չէ՞ք յի­շեր…
Երբ ու­րախ եր­գի ձայն լսէք` տա­րօ­րի­նակ զգա­ցում չէ՞ք ու­նե­նար…

***

Ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւն – հպարտ ու գե­ղե­ցիկ բառ, դեռ ծա­նօ՞թ ես սուր­ի­ա­ցի ու հա­լէպ­ցի մար­դուն, մա­նա­ւանդ`
երբ պեն­զա­կա­յան­նե­րէն ծայր առ­նող ու դէ­պի շր­ջա­կայ փո­ղոց­նե­րու ան­վեր­ջու­թիւնը ճա­ռա­գայ­թող կու­տա­կում­նե­րու մէջ ես` 20 լիթր պեն­զին ստա­նա­լու հա­մար` օրե­րո՛վ…

Երբ փու­ռե­րու զի­րար հրմշ­տող ու գե­տին­նե­րը նս­տո­տած ժա­մեր անց­նող շար­քե­րու մէջ ես (բայց այս մա­սին որ­քա՞ն խօ­սինք) ու կ՛անի­ծես ամէն ինչ…

Երբ,
Երբ, երբ, երբ…

Բա­ցա­ռու­թիւն ես, եթէ կր­նաս տր­ցա­կը 250-300 սուր­ի­ա­կա­նով գնել հացդ ու ըն­տա­նիքդ կե­րակ­րել…

Բա­ցա­ռու­թիւն ես, եթէ բարձր գի­տակ­ցութեամբ օժտ­ուած, ներ­քին ան­սա­սա­նե­լի ազա­տու­թիւն ու­նիս ու ար­տա­քին ոչ մէկ ազ­դակ կր­նայ ներ­քին ներ­դաշ­նա­կու­թիւնդ խան­գա­րել…

Բայց մենք ժո­ղովր­դա­կան մե­ծա­մաս­նութ­եան մա­սին կը խօ­սինք ու ոչ` սա­կաւ ընտրեալ­նե­րու:

Եւ ամէ­նէն կա­րե­ւո­րը… այ­սօր հա­լէպցի­ին (ու սուր­ի­ացի­ին) ար­ժա­նա­պատ­ուու­թիւնը տրոր­ուած է ոչ միայն նիւ­թա­կան կո­րուստ­նե­րու կամ կա­րիք­նե­րու պատ­ճա­ռով. կայ աւե­լի վեր բան մը, որ խլ­ուած է ան­կէ ու ան ճզմը­ւած է հոգի­ով: Երբ գո­յու­թիւն ու­նի ամէնօր­եայ վա­խը իր զա­նա­զան երես­նե­րով` հոն ար­ժա­նա­պատ­ուու­թիւնը կը կծկ­տի ան­կիւն մը: Վա­խի հրէ­շը` մարդս ստո­րաց­նող մի­ջոց­նե­րէն մէ­կը, որ միշտ կը գոր­ծա­ծեն բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու տի­րող­նե­րը:

Թէ ոչ` Ար­ժա­նա­պատ­ուու­թիւն ազ­նիւ բա­ռը Հա­լէ­պի մէջ այ­լեւս կամ տաք տե­ղէ կու գայ, կամ գե­ղեց­կա­խօ­սու­թիւն- պղպ­ջակ է, կամ` վրի­պանք, կամ` ծաղ­րանք:

Մենք կը հա­ւա­տանք ու կը սպա­սենք մեր առողջ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան վե­րա­դար­ձը:

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

23/08/2013