kantsasar.com – Ուրկէ՞ սկսիմ, ո՞ր օրէն, օրերուն հաշիւը վերջնականապէս կորսուած կը թուի ըլլալ, որովհետեւ մէկ դարու յոգնութիւն չոքեր է ուսերուս եւ կը բռնաբարէ տոկունութիւնս:
Իրիկնամուտի զանգերը կը հնչեն տխուր ու երկար եւ կ՛արձագանգեն անձրեւին ու գորշութեան մէջ: Քաղաքը արդէն ամայի է, թէեւ ժամը դեռ հինգ իսկ չէ եղած: Միտքս սկսեր է իրապէս տանջուիլ այն գաղափարէն, թէ սկիզբէն իսկ որոշուած էր ասիկա` քաղաքը յանձնել, բայց նախ քանդել, ծաղկած քաղաք մը չյանձնելու համար: Ուրեմն` երթա՞լ: Բայց ո՞ւր: Զանազան կարծիքներ կը շրջին ժողովուրդին բերանը.
-Այս կէս գիշերին հոսանք պիտի ունենանք, եւ ասկէ ետք պիտի գիտնանք թէ ճիշդ ո՛ր ժամերուն պիտի կտրուի հոսանքը:
-Ելեկտրական կեդրոնին spare parts-ն ալ փճացուցեր են, բայց Ռուսիան կազով աշխատող նոր գործիքներ կը ղրկէ շուտով: -Գալիք քսան օրերէն ետք վիճակնիս պիտի յստականայ. բայց այս գալիք քսան օրերը շատ վատ պիտի ըլլան: Արդէն «վատ»ը եւ «շատ վատ»ը իրարմէ կը զանազանուին ողբերգութեան չափերով. եթէ մէկը վախի եւ սարսափի մէջ ապրիլ է, միւսը դժխեմ հաւանականութիւններու այլընտրանք մըն է` կա՛մ տուները լքել, կամ մնալ եւ հաւանական վախճան մը սպասել: Նման լուրերու վրայէն յաճախ երեք անգամ քսան օրեր կ՛անցնին, բայց ոչ մէկ փոփոխութիւն: Պարզապէս ամէն առաւօտ բոլորս միասին մեծ յոյսերով կ՛արթննանք, եւ գիշեր չեղած, բոլորս միասին մեր յոյսերը հասարակաց փոսը թաղելէ ետք, անարցունք աչքերով կը փորձենք քնանալ: Աշխատանքէս կը վերադառնայի, երբ ծանօթ տիկին մը կեցուց զիս.
-Հիւանդանոցն էի. մեր խեղճ բարեկամուհին մութին մէջ ինկեր կողը կոտրեր է. երէկ գործողութիւն ըրին: Գիտես, պէտք է իւրաքանչիւրս, որպէս բողոքի արտայայտութիւն, աթոռները առնենք եւ մեր շէնքերուն դիմաց նստինք, որովհետեւ ցոյցի չենք կրնար ելլել: Չըսաւ թէ ինչո՛ւ ցոյցի չենք կրնար ելլել: Գիտէր որ գիտէի: Բոլորս ալ գիտենք: Այնքան պաղ էր, որ անմիջապէս հաւանութիւն յայտնեցի եւ տուն մտայ: Տունն ալ փողոցին չափ պաղ էր: Ո՛չ տէմոքրասին, ո՛չ միապետութիւնը, ո՛չ իսկ համայնավարութիւնը կրցան մեզ ա՛յս տարողութեամբ հաւասարեցնել: Հիմա բոլորս նոյն վիճակին մէջ ենք, նոյն արարքները կ՛ընենք` ուտել եւ աղօթել, եւ նոյն բաները կը խօսինք. -Ամերիկան Քաիտէի մարդիկը հո՛ս կը ղրկէ, որ հոսկէ, օթոստրատով ուղղակի ճէննէթ հասնին, այլ խօսքով` փճանան սատկելով: Բայց բզէզի սերունդ են, մինչեւ «մայրը» չսատկի, անոնց աճը անհաշիւ է:
-Օպաման, ռուսերուն հետ իր պաշտօնական հանդիպումէն ետք, մոռնալով որ կուրծքի բարձրախօսը դեռ բաց է, կ՛ըսէ` դուք զիս իմ աթոռիս պահեցէ՛ք, ես ձեր ուզածը կ՛ընեմ: -ԱՄՆ-ի արտաքինին փոխուիլը քաղաքական փոփոխութիւն կը նշանակէ: Մարդը մեր Պաշշարին շատ մօտ է
-Ո՞վ: -Ճոն Քէրին, հապա ով, հա, մեր մարդուն սերտ բարեկամ է, ամէն շաբաթ հեռաձայնով կը խօսին եղեր իրարու հետ:
-Վարչապետը կարգ մը նախարարներու հետ Հալէպ եկեր է մեր վիճակը տեսնելու: Շատ շուտով ամէն բան պիտի ապահովուի` կազ, մազութ, պէնզին, հոսանք, ինթէրնէթային կապ, բջիջային կապ, հաց, ամէն ամէն բան: Հաւաստի լուր է: Հակառակ վարչապետին եւ իր հետ եկած կարգ մը նախարարներու խոստումներուն, ոչ միայն կազ-մազութ-պէնզին չունեցանք, այլ եւ հաց չկայ տակաւին: Բայց ժողովուրդը տարբեր ճամբաներ գտեր է ան-հաց չմնալու համար: Անոնք որոնք բարեկամներ ունին Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ, խնդրեցին որ հաց ղրկեն: Եւ հացը կը հասնէր ճամբորդատար միքրոներով, հազար վտանգէ անցնելով, տուփերու մէջ «պահուած»: Մինչեւ իսկ Պէյրութէն հաց եկեր էր ու բաժնուեր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պարտէզը: Ուրիշներ, որոնք կըրցած էին ալիւրի քիլոյին հարիւր ոսկի վճարել, տունը սկսան հաց թխել: Աշակերտուհիս Սիւզանը, իմ խնդրանքիս վրայ, բոլոր դասարանին բացատրեց ու թելադրեց իր նկանակներուն պատրաստելու կերպը:
-Բայց թէ՛ փուռը, թէ՛ ալ ափսէն պէտք է ՇԱՏ ՇԱՏ տաք ըլլան, որ հացը լաւ ուռի: Բոլորս սմքեցանք.
-Դուք ի՞նչ կը վառէք,- հարցուց Սեւանը: -Փայտ: -Մենք բան մըն ալ չենք վառեր, պաթանիաները փաթթուած կը նստինք: Լաւ է որ մոմ կայ, ուզածիդ չափ, ուզած չափերովդ: Մոմի լոյսին տակ նստիլ զրուցելը, ընթրելն ու կարդալը այլ հաճոյք են, հաւատացէ՛ք: Մեր ամէնէն ողբերգական հարցը այս պատերազմին մէջ կարծեմ այն է, որ հալէպցին բիրտ շարժումով մը փոխուեցաւ, որովհետեւ տեսաւ թէ իր կերպարը` հիւրասէր, բարի, կեանքը սիրող, բնաւ յարմար չէ այս օրերուն եւ այս կեանքին: Հարուստները առաջին ահազանգին իսկ, վախկոտ մուկերու պէս լքեցին քաղաքը եւ փախան, անշուշտ իրենց հարստութիւնն ալ միասին տանելով: Անոնք ալ հալէպցի էին, բայց մոռցան իրենց «ասլը», մոռցան որ հո՛ս է որ դիզեր էին իրենց միլիոնները: Վաւերական հալէպցին մնաց: Եւ վաւերական հալէպցին փոխուեցաւ: Ահա՛ մեր ողբերգութիւնը: Ափսոս չէ՞ր իրեն:
Այնքան մը պիտի ճնշեն ժողովուրդը, որ ոտքի ելլէ իր նախագահին դէմ: Արդէն երկու տարիէն աւելի է: Այս «ճնշուած» ժողովուրդը արդէն շատ լաւ հասկցաւ, որ հարցը նախագահ-մախագահը չէ, այլ երկրին քանդումը. թէ ոչ ինչո՞ւ ներսի շուկան, որ աշխարհի հնագոյն եւ մեծագոյն շուկան էր, պիտի քանդէին, այրէին, կողոպտէին: Ընողնե՞րը. անոնք, որոնք միայն դրամով կը չափեն ամէն ինչ, բայց դրամ չունին, եւ անոնք, որոնք դուրսէն բերուած են, «ճիհատ»ի անունով: Այնքան անբան են, որ չեն իսկ հարցներ` բայց կարելի՞ է ճիհատ ընել իսլամին դէմ: Գրութեանս վերի եւ վարի հատուածներուն միջեւ անցեր է կ՛երեւի աւելի քան վեց ամիս: Ժամանակը ա՛լ իմաստ չունի հոս: Բոլորը կը սպասեն հրաշքին, որ կ՛ուշանայ: Այդ հրաշքով է, որ առաւօտ մըն ալ պիտի արթննանք եւ տեսնենք, որ մղձաւանջի մը մէջ էինք, բայց փառք Աստուծոյ, արթնցեր ենք եւ վերագտեր մեր կեանքը, մեր քաղաքը: Բայց այդ հրաշքը կ՛ուշանայ, քաղաքը կը պարպուի, մարդիկ կա՛մ կը մեռնին, կամ կը գաղթեն: Իսկ եթէ՞ մեզ երկրորդ Աֆղանիստանի մը վերածեն: Այն ատեն դեռ պիտի սպասե՞նք: Եթէ չսպասենք, ի՞նչ պիտի ընենք: Բայց կան մարդիկ որոնք նաեւ կ՛աշխատին. ի՞նչ, ինչպէ՞ս, որո՞ւ համար, յստակ չէ: Ամէն թաղի մէջ փոքրիկ աշխատանոցներ բուսեր են կրկին-որքա՜ն երկար տեւեց, մինչեւ կարելի եղաւ աշխատանոցները քաղաքէն հեռացնել, որպէսզի մարդիկ աւելի հանգիստ ապրին իրենց տուներուն մէջ, առանց մեքենաներու աղմուկին եւ ծուխին: Հիմա անոնց վրայ աւելցած են ելեկտրականութիւն արտադրող մեքենաները, իրենց անտանելի աղմուկով եւ ծուխով: Ամէն մարդ կը գանգատի, եւ ոչ ոք կը յիշէ, թէ նոյնքան գանգատ կար, երբ հրաման ելաւ աշխատանոցները քաղաքէն դուրս հանել:
Ագռաւները … Մարդիկ սկսած են նեղանալ. -Ուղուրսուզ թռչուններ են,- կ՛ըսեն,- երբ ձայներնին կը լսեմ, սիրտս կը քմմուի կարծես… Շփոթեր են կ՛երեւի բուերուն հետ: Մենք հոս, Հալէպի մէջ ոչ բու տեսեր ենք, ոչ ալ ձայնը լսեր: Անպայման որ շփոթեր են, թէ ոչ ինչո՞ւ ագռաւները ուղուրսուզ պիտի ըլլան. բնաւ նման բան չեմ լսած կամ կարդացած: Ագռաւներուն ձայնը ինծի պարզապէս ձանձրոյթ կը յուշէ. այնքան մը ձանձրացած ըլլալ, որ այսպէս, գլխէն դուրս կռնչել, ինքն իր ձայնը լսել եւ փորձեր ընելով զբաղիլ … :
-Առաջ այսքան ագռաւ չկար մեր քաղաքը,- կ՛ըսէ կին մը: -Անշուշտ պիտի շատնան, այսքան դիակ մէջտեղերը … Հիմա ալ դիակներու հետ կը կապեն անոնց երեւումը. կրկին կը շփոթեն, այս անգամ ալ անգղերո՞ւ հետ: Իմ տանս շուրջ սկիզբէն ալ շատ էին ագռաւները` շատախօս եւ բարձրախօս: Մեր քովի պզտիկ պարտէզին մեծ ծառերուն վրայ կարծես կը թառէին, բո՞յն դրեր էին արդեօք, եւ շատ մօտ կու գային պատշգամներուն, պատուհաններուն: Անգամ մը Ռանիային միսը գողցան տարին պատուհանէն, ուր դրեր էր, որ իբր թէ սառը քակուի: Ուրիշ անգամ մըն ալ դէմինին փռուելիք լուացքին տէշտը պիտի վար ձգէին, որովհետեւ կը փորձէին լուացքը կարծես գողնալ.
-Ագռաւները օճառին հոտը շատ կը սիրեն, եթէ կրնան օճառ կը գողնան,- ըսեր էր տարեց կին մը: Թերեւս միայն գո՞ղ են: Կը յիշեմ «Բագին»ին մէջ պատմուածք մը կարդացած ըլլալս ագռաւներու եւ անոնց կենսաձեւին մասին, թէ ինչպէս ագռաւներ, հաւաքուած «դաւաճան» ագռաւի մը շուրջ, պատժեր են զայն, իրենց շրջանակէն դուրս հրելով, պարզապէս որովհետեւ իր «ամուսին»էն դուրս այլ ագռաւի մը հետ գացեր է … եւ որպէս վերջաբան հեղինակը, որուն ով ըլլալը չեմ յիշեր – թերեւս Իրաքէն էր – կ՛եզրակացնէր, թէ հակառակ իրենց ձգած ժխտական տպաւորութեան կամ ժողովուրդին ժըխտական կարծիքին, ագռաւները «լաւ» թռչուններ են:
Ժխտականը հաւանաբար իրենց շատ տհաճ կռինչէն կու գայ, ճիշդ այնպէս ինչպէս ճշմարտախօս մէկը, որ ամէն բան` ե՛ւ դրական ե՛ւ ժխտական ամէն բան ուղղակիօրէն կ՛ըսէ, չի սիրուիր, որովհետեւ մարդիկ շատ կը սիրեն իրենց ուզածը լսել, եւ ոչ ճշմարտութիւնը, կ՛ուզեն զիրենք գովերգող խօսքեր լսել, եւ ոչ իրենց էութիւնը բացայայտող խօսքեր: Այդպէս ալ ագռաւները, զոհն են իրենց կռինչին, կը կարծեմ: Խեղճ ագռաւներ, որոնք սակայն դեր չունին այս բոլորին մէջ. բայց շատ աւելի խեղճ ճշմարտախօսներ, որոնց ուղեղներուն մէջ թխմուած է, թէ ճշմարտախօսութիւնը մարդկային ազնիւ յատկանիշ մըն է: Եւ այսպէս, այսօր մեր քաղաքին շատցած ագռաւները կը կապուին պատերազմին, քաղաքին դժխեմ ճակատագրին, եւ կը գամեն իրենց ալ ճակատագիրը, որպէս … վատի բանբերներ:
Մարուշ Երամեան