aztagdaily.com – Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ անցնող օրերուն ընթացքին սուրիական բանակի միաւորներ Դամասկոսի Ժոպար, Ըրպին, Զամալքա, Տարէա եւ Մուատամիէ արուարձաններուն մէջ իրականացուցին զինուորական գործողութիւններ` կործանելու համար զինեալ խմբաւորումներու կեդրոնները: Պաշտօնական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ բազմաթիւ զինեալներ սպաննուած են, իսկ կեդրոններ` կործանած:
Ծանր մարտեր ընթացան նաեւ մայրաքաղաքի արեւելեան ծայրամասի Ղութա Շարքիյա եւ Ժոպար արուարձաններուն կողմերը: Մինչ քիմիական զէնքի հարուածներու խնդիրը կը քննարկուի, հակայարձակ քայլով մը վերոնշեալ տարածքին ամէնէն մօտ շրջանները ենթարկուեցան հրասանդի հրթիռներու ծանր հարուածներու, որոնց պատճառով արձանագրուեցան նիւթական վնասներ, իսկ բնակիչները փորձեցին ապահով մնալ տուներուն մէջ: Այդ շրջանները կը ներառեն Թիժարա, Քասսա, Պապ Թումա, Պապ Շարքի եւ Զապլաթանի թաղամասերը, ուր բնակութիւն հաստատած են և աշխատանք կը ծաւալեն նաեւ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ: Ասոր աւելցաւ շաբաթ երեկոյեան Քասսայի Պուրժ Ռուս թաղամասին մէջ ինքնաշարժի պայթումը, որ պատճառեց նիւթական ծանր վնասներ, մէկ զոհ և բազմաթիւ վիրաւորներ, որոնց շարքին էր թեթեւօրէն վիրաւորուած դամասկահայ երիտասարդ մը: