kantsasar.com – Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարժարաններն ու Ճեմարանները 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանը պիտի սկսին 17 Սեպտեմբեր 2013, Երեքշաբթի առաւօտ:
Ուսումնական նոր տարեշրջանի սեմին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը, Ազգ. Վարչութիւնը եւ Ուսումնական Խորհուրդը, հակառակ տիրող պայմաններուն, վերահաստատ կամքով եւ հնարաւորութիւններու առաւելագոյն լարումով եւ տրամադրումով յուսադրուած են, որ մեր ծնողներն ու աշակերտութիւնը, պաշտօնէութիւնն ու համայն ժողովուրդը սատար պիտի հանդիսանան կրթական մեր բոլոր հիմնարկներու առաքելութեան իրականացումին:
Ազգ. Վարժարաններու աշակերտութեան արձանագրութիւնները արդէն սկսած են 1 Օգոստոս 2013-ին, մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններով:
Հակառակ տիրող անհամեմատ սղաճին, Ազգ. Վարչութեան որոշումով, առկայ պայմաններուն մէջ կրթաթոշակները յաւելումի չեն ենթարկուած:
Կրթական հիմնարկներու պատասխանատուներուն թելադրուած է մեր ծնողներուն ընծայել վճարման հնարաւոր բոլոր դիւրութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ կրթական գործի շարունակման անհրաժեշտ նիւթականը ապահովել համայնական ճիգերով:
Հալէպի մէջ որոշուած է դադրեցնել վարժարաններու ինքնաշարժներու սպասարկումը, հասկնալի պատճառներով: Այլ շրջաններու մէջ տեղւոյն հոգաբարձութեան ձգելով անոր շարունակման հնարաւորութիւնը:
Հալէպի Ազգ. չորս նախակրթարանները եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը առկայ պայմաններով պիտի շարունակեն գործել Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի յարկէն ներս, դասաժամերու համակարգումով, երկու հանգրուաններով: Իսկ Ազգ. Վարժարաններու չորս մանկապարտէզներուն համար պիտի տրամադրուի այլ շէնք` իր յարմարութիւններով:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդը բարի վերամուտ մաղթելով բոլորին, կը յուսայ որ ներդաշնակ համագործակցութիւնը կը շարունակուի եւ հնարաւոր կը դառնայ անխափան շարունակել կրթական նուիրական առաքելութիւնը եւ մեր վարժարաններու դարպասներու բացումին հետ ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը մուտք կը գործեն մեր յարկերէն ներս:
Ուսումնական Խորհուրդս եւ կրթական մեր հաստատութիւններու պատասխանատուները հետամուտ պիտի ըլլան ակնկալութիւններու իրականացման, յուսալով մեր ծնողներուն, սուրիահայութեան եւ աշխարհասփիւռ համայն հայութեան բարոյական եւ նիւթական զօրակցութիւնը:
Բարի, անփորձանք եւ յաջող վերամուտ:
Բերիոյ Հայոց Թեմի
Ուսումնական Խորհուրդ