asbarez.com – Հրատարակուած է հալէպահայ գրող Թորոս Թորանեանի «Խառնակ Օրեր Հալէպի Մէջ» գիրքը, որուն բովանդակութեան մեծ մասը լոյս տեսած է հայ մամուլի էջերէն:

Այս մասին կը յայտնէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը:

Հալէպահայութեան դժնդակ օրերէն քաղուած հարիւրէ աւելի պատումներ, որոնց մէջ հեղինակը անցած է Հալէպի անապահով փողոցներէն, ականատես եղած է կատարուած ոճիրներուն, կիսած է ցաւը վիրաւորին, սգացած է մահը զոհերուն, հացը կիսած է իր հայրենակիցին հետ եւ այս ամէնը հարազատօրէն յանձնած թուղթին:

220 էջերու մէջ հեղինակը արձանագրած է միայն իր տեսածը, ինչպէս ինք կը հաւաստիացնէ, որովհետեւ լսածը կրնայ չափազանցուած ըլլալ, իսկ ինք կ՛ուզէ հարազատութեամբ միայն իրական պատկերը ցոլացնել կատարուածին: