kantsasar.com – 18 Յու­նիս 2013-ին, Ս.Օ.Խ.-ի «Անի» մաս­նա­ճիւ­ղը կազ­մա­կեր­պեց նա­խընթ­րիք մը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ըն­տա­նե­կան պար­տէ­զէն ներս: Ձեռ­նար­կը յա­տուկ էր իր մտեր­միկ մթ­նո­լոր­տով:Դա­սըն­թաց­քի յանձ­նա­խում­բը պատ­րաս­տած էր խա­ղի եւ ձե­ռա­յին աշ­խա­տան­քի յայ­տա­գիր մը ներ­կայ փոք­րիկ­նե­րուն: Մա­նուկ­նե­րուն մէջ զար­գա­ցաւ մր­ցակ­ցու­թեան ոգին եւ իւ­րա­քան­չիւ­րը իրեն պատ­րաս­տած ձե­ռա­յին աշ­խա­տան­քով վե­րա­դար­ձաւ տուն: Ներ­կա­նե­րուն վա­ճառ­ուե­ցաւ ըն­կե­րա­յին յանձ­նա­խում­բին կող­մէ պատ­րաստուած ծա­ղիկ­ներ:
Ս.Օ.Խ.-ի «Անի» մաս­նա­ճիւ­ղը 24 Յու­լիս 2013-ին կազ­մա­կեր­պեց իր երկ­րորդ ձեռ­նար­կը, դարձ­եալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ըն­տա­նե­կան պար­տէ­զէն ներս: Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան յանձ­նա­խում­բը պատ­րաս­տած էր հար­ցա­թեր­թիկ­ներ, իսկ դա­սըն­թաց­քի յանձ­նա­խում­բը երե­խա­նե­րուն յա­տուկ խա­ղեր: Մաս­նա­ճիւ­ղի ըն­կե­րա­յին յանձ­նա­խում­բը, ջերմ մթ­նո­լորտ մը ստեղ­ծե­լով, ներ­կա­նե­րուն պատ­րաս­տած էր խա­ղեր, որ­մէ ետք բո­լո­րը մաս­նա­կից դար­ձան օր­ուան ընթ­րի­քին` «Հե­րի­սա», որ պատ­րաստ­ուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ըն­տա­նե­կան պար­տէ­զի Տիկ­նաց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ: Ներ­կա­նե­րուն վա­ճառ­ուե­ցաւ կա­ցա­յի մէ­կու­սիչ:

Ս.Օ.Խ.-ի «Անի» մաս­նա­ճիւ­ղի
Հրա­տա­րակ­չա­կան Յանձ­նա­խումբ
«ՆԱ­ՅԻ­ՐԻ» ՄԱՍ­ՆԱ­ՃԻՒՂ

Վար­դա­վա­ռի տօ­նին առթի­ով, մեր շատ սի­րե­լի ու ժրա­ջան ըն­կե­րու­հի­նե­րու նուի­րա­կան աշ­խա­տան­քով, Հինգշաբ­թի 4 Յու­լիս 2013-ին, Քրիս­տո­սի Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան շո­ղը այս ան­գամ ծած­կեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պար­տէ­զը: Մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րը, այս դժ­ուա­րին պայ­ման­նե­րուն մէջ, կա­րո­ղա­ցան հա­մախմ­բել հա­լէ­պա­հայ տի­կի­նե­րը, անոնց հրամց­նե­լով շատ հա­մեղ նա­խընթ­րիք մը` «Ֆաթ­թէ»: Վար­դա­վա­ռը նշա­նա­ւոր է գոյնզ­գոյն վար­դե­րով եւ ծա­ղիկ­նե­րով: Վար­դա­վա­ռին առի­թով գոյ­նե­րով ան­ուան­ուած«Նա­յի­րի» մաս­նա­ճիւ­ղի յանձ­նա­խում­բե­րը շուրջ 350 տի­կին­նե­րու եւ 140 մա­նուկ­նե­րու հրամ­ցու­ցին սի­րով շա­ղախ­ուած հա­մեղ նա­խընթ­րիք մը: «Նարն­ջա­գոյն վարդ» գրա­դա­րա­նի յանձ­նա­խում­բը եւ «Դե­ղին վարդ» փոք­րե­րու յանձ­նա­խում­բը յա­տուկ խա­ղեր պատ­րաս­տե­ցին երե­խա­նե­րուն հա­մար, որ­պէս­զի հա­մախմբ­ուած ծնող­նե­րը կա­րե­նան ըմ­բոշխ­նել իրենց հա­մար պատ­րաստ­ուած յա­տուկ յայ­տա­գի­րը: «Ճեր­մակ վարդ» դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան յանձ­նա­խում­բը ընդ­հա­նուր զար­գաց­ման խա­ղե­րով հարս­տա­ցուց ներ­կա­նե­րուն գի­տե­լիք­նե­րը: «Վար­դա­գոյն վարդ» ըն­կե­րա­յին յանձ­նա­խում­բը իր պատ­րաս­տած գու­նա­զարդ վար­դե­րով զար­դա­րեց սե­ղան­նե­րը: Գու­նա­ւոր այս վար­դե­րուն փուն­ջը հարըս­տաց­նե­լու եկաւ ընկհ. Թե­րէզ Փամ­պուք­եան, որ ներ­կա­յա­ցուց խո­հա­նո­ցա­յին եւ սե­ղա­նի յար­դա­րան­քի գե­ղե­ցիկ օրի­նակ­ներ: Երախ­տա­գի­տա­կան եւ գնա­հա­տան­քի խօսք «Նա­յի­րի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, որ արե­ւա­շող նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եկաւ լոյ­սի շող մը մտցնե­լու հա­լէ­պա­հայ մե­րօր­եայ մթագ­նած կեան­քին:Վարձ­քը կա­տար սոյն ծրագ­րին յա­ջո­ղու­թեան օժան­դա­կող բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն:

Ս.Օ.Խ.-ի «Նա­յի­րի» մաս­նա­ճիւ­ղի
Դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան յանձ­նա­խումբ