ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սուրիոյ եւ անոր դրացի երկիրներուն մէջ գտնուող Հայաստանի դեսպանութիւններուն մէջ այս տարուան երկրորդ եռամսեակին սուրիահայերուն տրամադրուած է օտար պետութիւններու մէջ օրինաւոր եղող Հայաստանի 246 անձնագիր, սակայն պետական տուրք չէ գանձուած:
Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքին համաձայն, գործադիրը իր յառաջիկայ նիստին պիտի վաւերացնէ որոշում մը, որուն համաձայն, Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր տալու կամ զայն փոխանակելու, նաեւ պետական տուրքի վճարումէն ազատ կացուցուելու նպատակով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պիտի տրամադրուի 15 միլիոն 990 հազար դրամ:
Այդ անձնագիրները պիտի տրամադրուին ազգութեամբ հայ Սուրիոյ այն քաղաքացիներուն, որոնք ձեռք բերած են նաեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ դիմած են անձնագիր ստանալու համար:
Հիմնաւորման համաձայն, Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն ձեւով պիտի փորձէ աջակցիլ ազգութեամբ հայ այն օտար քաղաքացիներուն եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն, որոնց մնայուն բնակութեան օտար պետութիւններուն մէջ ստեղծուած է այնպիսի արտակարգ վիճակ, որ կը սպառնայ քաղաքացիներուն կեանքին ու առողջութեան։
20/08/2013
asbarez.com