Perio Newsfb – ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան եւ աշխարհասփիւռ միաւորներու նիւթական ներդրումով, Նոյեմբեր 2012-էն սկսեալ ՍՕԽ-ի «Փեթակ» պատրաստ ճաշի խոհանոցէն ներս սկսաւ «Պնակ մը Տաք Ճաշ»ի ծրագիրը։
Սկզբնական շրջանին շաբաթը մէկ օր, յետագային բարձրացաւ 2 օրուան, իսկ 1 Մայիս 2013էն սկսեալ շաբաթը 3 օր՝ Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Շաբաթ օրերը։ Իւրաքանչիւր օր 100 հոգի կ՛օգտուի այս ծրագիրէն։
Հակառակ տիրող աննպաստ պայմաններուն, ճաշի պատրաստութիւնը տեղի կ՛ունենայ ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս, ելեկտրական հոսանքի եւ ըմպելի ջուրի յաճախակի չգոյութիւնը բաւական կը դժուարացնէ աշխատանքը, սակայն հայ ընտանիքի մը օրական տաք ճաշ մը մատուցելու բարերար գործը մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ վարչութեանս եւ աշխատող ընկերուհիներուն։
Շնորհակալութիւն ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ բոլոր ընկերուհիներուն, այս ծրագրին իրենց ունեցած նիւթական օժանդակութեան համար։
Ներկայիս խիստ կարեւոր այս ծրագիրի յաջողութիւնը պայմանաւորուած է ապագային բարերարներու ապահովմամբ։