PerioNewsfb – Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող հայաշատ Ժարամանա շրջանի ԱԼ-Խըտըր եւ Ալ-սուեուֆ խաչմերուկի վրայ մեծ պայթում տեղի ունեցաւ:
Ժարամանայի մէջ ականապատ մեքենայի պայթիւնի հետեւանքով, նախնական տեղեկութիւններով 18 մարդիկ ներառեալ փոքրիկներ զոհուած են եւ վիրաւորուած աւելի քան 56 անձեր: Վնասուած են ինքնաշարժներ եւ առեւտրային կեդրոններ:
Նշենք, որ Ժարամանայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են, որոնց շարքին նաեւ հայեր կան` աւելի քան 400 հայ ընտանիքներ: