aztagdaily.com – Սուրիոյ առեւտուրի գրասենեակի խորհուրդի եւ Հալէպի առեւտուրի գրասենեակի վարիչ-տնօրէնութեան խորհուրդի անդամ Լեւոն Զեքի Ետալեան «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ սուրիահայերուն կողմէ իրենց երկրին նկատմամբ կատարուած զոհողութիւնները, որոնց կարգին` վերջերս Հալէպի մօտերը պասի մը վրայ եղած յարձակումին պատճառով արձանագրուած նահատակներն ու վիրաւորները, որոնք միակը չէին, «յաւելեալ վճռակամութիւն, կառչածութիւն եւ սէր կը ներշնչեն Սուրիոյ նկատմամբ, որմէ չենք հրաժարիր եւ չենք լքեր զայն, յատկապէս` ներկայիս անոր դիմագրաւած դժուար պայմաններուն մէջ:
Լ. Ետալեան շեշտեց, որ սուրիահայերը ոչ մէկ ատեն զլացած են նահատակուիլ Սուրիոյ համար, Ֆրանսայի` Սուրիա ներխուժելու օրերէն: «Ոչ մէկ օր կամուրջ հանդիսացած ենք մէկ կողմի սուրիացիներուն երազներն ու ծրագիրները անցընելու միւս կողմիններուն հաշուոյն: Նոյնիսկ ներկայ ողբերգական կացութեան մէջ նման բան չենք ըներ, որովհետեւ շահ չունինք մէկ կողմը միւսէն գերադասելու. այլ համահաւասար մօտեցում ունինք բոլորին նկատմամբ:
Մեզի համար կարեւորը հայրենիքին արժանապատուութիւնն է, անոր ապահովութեան, միասնականութեան ամրապնդումը, արիւնահեղութեան կասեցումը, որովհետեւ հոսած արեան ի տես մեծապէս կը ցաւինք եւ կը տագնապինք:
Լեւոն Ետալեան դիտել տուաւ, որ հալէպահայերը ոչ մէկ օր զլացան կատարելու եւ տալու այն, ինչ որ կը թելադրէ իրենց հաւատարիմ քաղաքացիութեան հանգամանքը: Իրենք ոչինչ խնայեցին այն քաղաքին համար, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած իրենց նախահայրերուն ապաստան տուաւ: Մենք չենք մոռնար մեզի նկատմամբ ցուցաբերուած բարիքը, այդ պատճառով ալ մեր կարելին կ՛ընենք օժանդակելու գաղթականներուն, որոնք տագնապալի կացութեան մէջ կը գտնուին երկրին մէջ տեղի ունեցող պատերազմին պատճառով»:
Ան աւելցուց. «Հակառակ դժուար եւ ծանր պայմաններուն` մեր մեծամասնութիւնը մնաց իր քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, անտեսելով այն տուրքը, զոր պիտի տանք մեր հոգիէն, նիւթականէն: Արդարեւ, ասիկա փորձ է մեր համբերութեան նեղ եւ տագնապալի օրերու: Յոյսով ենք, որ երկիրը իր կայունութիւնը կը վերագտնէ, ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը կը վերահաստատուին, որպէսզի մենք մեր ազգային պարտականութիւնը կատարենք եւ օժանդակենք վերակառուցման` առողջ ու հաստատ հիմերու վրայ: Պիտի աշխատինք, որպէսզի երկիրը զարգանայ եւ հասնի քաղաքակիրթ երկիրներու մակարդակին. այս առումով եւ վեհ ու վսեմ նպատակներու համար մեր ամբողջ ներուժը պիտի ներդրենք, որքան ալ մեծ ըլլան զոհողութիւնները: