syriashdab.com – ԶԵԿՈՒՑԱԳԻՐ ԹԻՒ 3
21 -27 Յուլիս 2013
Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմնի աշխատանքներ
Վիրաւորներու օժանդակութիւն
Վնասուած բնակարաններու դիմում
Վիրաւորներու
Հետ հաղորդակցութիւն եւ այցելութիւն
2 վիրաւոր
1 դիմում
14 վիրաւոր
*23 Յուլիս 2013ին, երբ Հալէպէն Պէյրութ ուղեւորուող երկու հանրակառք (որոնց մէջ 16 հայ ուղեւոր) Խանասէր շրջանին մէջ փորձանքի ենթարկուեցաւ եւ հետեւանքով զոհուեցաւ հայ կին մը եւ վիրաւորուեցաւ տասչորս ճամբորդ (ճամբորդներէն մէկը բնաւ չէր վնասուած), Հալէպահայութեան Գործադիր Մարմինը զբաղեցաւ անոնց հարցերով: Մարմինի անդամներուն մէկ մասը հիւանդանոցներուն մէջ դիակ ստուգեց, վիրաւոր մխիթարեց եւ դեղօրայք ճարեց, իսկ միւս մասը քաղաքի մուտքին կանգնած առկածի ենթարկուած հարակառքէն վիրաւոր ճամբորդներուն ապրանքները տեղափոխեց:
*Ուրբաթ 26 Յուլիսին, երբ Հալէպէն Երեւան մեկնող հանրակառքի չորս հայ երիտասարդները առեւանգուեցան, ՀՇՕԳՄ-ի անդամները հանդիպում ունեցան առեւանգեալներու պարագաներուն հետ:
Նպաստընկալներու անունները կը խուսափինք յայտարարելէ յարգելով օժանդակութան գործի խորհրդապական նրբութիւնը: Սակայն կը հաստատենք, որ պաշտօնի բերումով ստուգած ենք ներկայացուած բոլոր տուեալները եւ հաստատած անոնց ճշգրտութիւնը:
Բարի ապաքինում բոլոր վիրաւորներուն:
Ազատ արձակում բոլոր առեւանգեալներուն:
Վիճակի բարելաւում բոլոր կարիքաւորներուն:
Բարին ու Լաւը յուսացէ՛ք եւ անոնք անպայման կը գտնեն ձեզ:
Լաւ մնա՛ք
Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Գործադիր Մարմնի Բանբեր
Մարիա Գաբրիէլեան