kantsasar.com – 90 տա­րի­ներ ջան­քի ու աշ­խա­տան­քի
90 տա­րի­ներ զո­հո­ղու­թեան եւ անձն­ուի­րու­մի
90 տա­րի­ներ պայ­քա­րի ու գո­յա­տեւ­ման
90 տա­րի­ներ յա­ռաջ­խա­ղաց­քի …

Եւ ահա­ւա­սիկ 90 տա­րի­նե­րու յաղ­թա­նա­կով երթ դէ­պի փա­ռա­պանծ 100-ամ­եակ
Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ` Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քի Հա­մայն­քա­պետ, Բե­թէլ եկե­ղեցիի Հո­վիւ` Վեր. Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եա­նի, 7 Յու­լիս 2013-ի առա­ւօտ­եան, խան­դա­վառ եռու­զեռ մը կը տի­րէր Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Բե­թէլ եկե­ղեցի­ին շր­ջա­փա­կին մէջ: Այն­տեղ հա­մախմբ­ուած էին, 2012-2013 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի 9-րդ եւ 12-րդ կար­գի շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը, Տնօ­րէ­նու­թիւնը, տե­սուչ­նե­րը եւ ու­սուց­չա­կազ­մը մաս­նակ­ցե­լու նուիր­ման պաշ­տա­մուն­քին:

Հովիւին գլ­խա­ւո­րու­թեամբ Տնօ­րէ­նու­թիւնը, տե­սուչ­նե­րը, ու­սուց­չա­կազ­մը, եւ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Բե­թէլ Երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը` Աս­տու­ծոյ զին­եալ­նե­րը գի­տու­թեամբ, հաւատ­քով, յոյ­սով եւ ապա­գա­յի տե­սիլ­քով մուտք գոր­ծե­ցին եկե­ղե­ցի, նուիր­ման պաշ­տա­մուն­քի հա­մար:

Առա­ւօ­տան ժա­մը 10:00-ին ար­դէն եկե­ղե­ցին ծաղ­կած եւ ստա­ցած էր տար­բեր գու­նա­ւո­րում: Եկե­ղեցի­ին բե­մին եր­կու կող­մե­րը տե­ղա­ւոր­ուած էին 9-րդ եւ 12-րդ կար­գե­րու շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը: Անոնք հպարտ էին իրենց կա­տա­րած աշ­խա­տան­քով եւ վա­յե­լած դիր­քով:

Այն­տեղ մարմ­նա­ցող պաշ­տա­մուն­քը այդ օրը պի­տի ու­նե­նար տար­բեր հմայք: Սոյն պաշ­տա­մուն­քին ընդ­մէ­ջէն շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը նուիր­ուե­ցան Աս­տու­ծոյ առաջ­նոր­դու­թեան, այն գի­տակ­ցու­թեամբ եւ ըմբռ­նու­մով, թէ` կեան­քի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը Աս­տու­ծոյ կող­մէ մե­զի տր­ուած պար­գեւ­ներ են եւ մենք հարկ է փա­ռա­բա­նու­թեամբ եւ շնոր­հա­կա­լու­թեան հոգի­ով վե­րան­ուի­րենք զայն Աս­տու­ծոյ:

Պաշ­տա­մուն­քի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ` եր­գե­ցո­ղու­թիւն, փո­խա­սաց ըն­թեր­ցում, մե­ներգ` Մեց­ցօ Սօփ­րա­նօ տիկ. Բա­լիկ Գա­լէմ­քէր­եան-Բո­բո­վա, որ մեկ­նա­բա­նեց «Նոր Կեանք» եւ «Օրհ­նու­թիւն Մը Ըրէ Զիս» եր­գե­րը, նուա­գա­կցու­թեամբ` տիկ. Շո­ղա­կաթ Աբարդ­եան-Սե­լիմ­եա­նի: Երգ­չա­խումբ` Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Բե­թէլ Երկ­րոր­դա­կան Վար­ժա­րա­նի աշա­կեր­տու­հի­նե­րուն, ղե­կա­վա­րու­թեամբ` տիկ. Շո­ղա­կաթ Աբարդ­եան-Սե­լիմ­եա­նի, որոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին «Նոր Երգ Եր­գեմ Քեզ» եւ «Հա­յաս­տան» Եր­գե­րը: Ու­ղերձ` հա­յե­րէն լե­զուով, կա­տա­րե­ցին`12-րդ կար­գէն Ան­ժել­լա Տաղլ­եան եւ 9-րդ կար­գէն Ար­մա­նի Հե­րա Սե­լիմ­եան, արա­բե­րէն լե­զուով` 12-րդ կար­գէն Մա­րի Ճուտ Գամ­շա­թի եւ Տա­նի Շա­քար: Ապա Վեր. Սե­րոբ Մկր­տիչ­եան` աղօթ­քով շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը նուի­րեց Աս­տու­ծոյ առաջ­նոր­դու­թեան ու պաշտ­պա­նու­թեան: Վեր. Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եա­նի փո­խան­ցած պատ­գա­մին նիւթն էր` (Առա­կաց 1.7) եւ (Ղու­կաս 2.2): Պատ­գա­մին մէջ շօ­շա­փե­լի էին հիմ­նա­կան երեք կէ­տեր` Գի­տու­թիւն, Իմաս­տու­թիւն եւ Զար­գա­ցում, որոնք ընդ­լայն­ուած եւ ման­րա­մասնը­ւած ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն: Գի­տու­թիւնը ամէ­նէն անհ­րա­ժեշտ եւ ցան­կա­լի ազ­դակն է քա­ղա­քակր­թութ­եան, ըսաւ Վե­րա­պատ­ուե­լին: Տգի­տու­թիւնը ոչ միայն խորթ է կեան­քին, այլ նա­եւ` կոր­ծա­նա­րար: Բայց` գի­տու­թիւնը կր­նայ տգի­տու­թե­նէն շատ աւե­լի վնա­սա­կար, կոր­ծա­նա­րար եւ մեծ փոր­ձանք ըլ­լալ: Կա­րե­լի է ան­վա­րան ըսել, թէ` աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն չա­րիք­նե­րը պատ­ճա­ռող ազ­դա­կը տգի­տու­թիւնը չէ, այլ` գի­տու­թիւնը, որ ի գործ կը դր­ուի առանց Աս­տու­ծոյ վա­խին: Աս­տու­ծոյ խօս­քը` «Իմաս­տու­թեան սկիզ­բը Տէ­րոջ վախն է» (Առա­կաց 1.7): Վե­րա­պատ­ուե­լին իր պատ­գա­մը շա­րու­նա­կեց. «Յի­սուս կը զար­գա­նար իմաս­տու­թիւ­նով, հա­սա­կով, եւ Աս­տուծ­մէ ու մար­դոց­մէ շնորհք գըտ­նե­լով» (Ղկ 2.2) հա­մա­րով: Այս­տեղ ի յայտ կու գայ իտ­է­ալ զար­գա­ցու­մի բնու­թագ­րու­մը եւ նպա­տա­կը: Յի­սու­սի զար­գա­ցու­մը կը պա­րու­նա­կէ ճշ­մա­րիտ զար­գա­ցու­մին հիմ­նա­կան չորս տար­րե­րը, որոնք իրար­մէ ան­բա­ժան են, իրա­րու լրա­ցու­ցիչ, եւ կը կազ­մեն մէկ ամ­բող­ջու­թիւն:
Ա) Մտա­յին զար­գա­ցում.- «Յի­սուս կը զար­գա­նար իմաս­տու­թիւ­նով»:

Բ) Ֆի­զի­քա­կան զար­գա­ցում.- «Յի­սուս կը զար­գա­նար իմաս­տու­թիւ­նով ու հա­սա­կով»:

Գ) Հո­գե­ւոր զար­գա­ցում.- «Յի­սուս կը զար­գա­նար իմաս­տու­թիւ­նով, հա­սա­կով, եւ Աս­տուծ­մէ ու մար­դոց­մէ շնորհք գտ­նե­լով»:

Դ) Ըն­կե­րա­յին զար­գա­ցում.- «… Եւ մար­դոց­մէ շնորհք գտ­նե­լով»:

Մենք իրա­պէս զար­գա­ցած կ՛ըլ­լանք, երբ զար­գա­նանք Տէր Յի­սու­սի նման շա­րու­նա­կա­բար` մտ­քով, մարմ­նով եւ հոգի­ով, ծա­ռա­յե­լու հա­մար Աս­տու­ծոյ եւ մարդ­կու­թեան:

Կէ­սօր­ուան ժա­մը 12:00-ին, Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Բե­թէլ ման­կա­պար­տէ­զի սրա­հին մէջ հն­չե­ցին զոյգ քայ­լերգ­նե­րը նուա­գա­կցու­թեամբ` կի­թառ` Ճորճ Մկր­տիչ­եա­նի եւ Ալիս Պի­թա­րի, ջու­թակ` Ան­ժել­լա Տաղլ­եա­նի եւ օրկ` Վա­նա Զու­լում­եա­նի: Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քի նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը վառ պա­հե­լու հա­մար ներ­կա­նե­րը հրա­ւիր­ուե­ցան մէկ վայրկ­եան յոտն­կայս յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու: Տնօ­րէ­նու­թեան խօս­քը Հա­յե­րէն լե­զուով փո­խան­ցեց Վար­ժա­րա­նիս տնօ­րէ­նու­հի` տիկ. Պէթ­թի Գրաճ­եան-Եփ­րեմ­եան, ապա շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը բեմ հրա­ւիր­ուե­ցան ստա­նա­լու հա­մա­պա­տաս­խան վկա­յա­կան­ներ, առ ի հաս­տա­տում իրենց ու­սում­նա­կան շր­ջա­նը յա­ջո­ղու­թեամբ աւար­տե­լուն: Ապա պար­գե­ւատր­ուե­ցան առաջ­նա­կարգ աշա­կերտ-աշա­կեր­տու­հի­նե­րը եւ հա­յե­րէն լեզ­ուի ու գրա­կա­նու­թեան գե­րա­զանց­նե­րը:

Յայ­տա­գի­րը շա­րու­նակ­ուե­ցաւ աշա­կեր­տա­կան երգ­չա­խում­բի կա­տա­րու­մով: Հրամց­ուե­ցաւ փունջ մը բու­րում­նա­ւէտ եր­գեր` Քայ­լերգ` «Բե­թէլ Պան­ծա­լի», «Եկէ՛ք Այ­սօր Տօ­նենք», «Երգ Օրհ­նու­թիւն», «Երե­ւան-Էրե­բու­նի», «Իմ Երե­ւան», «Պա­լա­տի», «Նա­շիտ Ալ Ղա­սամ», «Իմ Հայ­րե­նիք», եւ «Մեր Սի­րե­լի Երե­ւան», ղե­կա­վա­րութ­եամբ` տիկ. Շո­ղա­կաթ Աբարդ­եան-Սե­լիմ­եա­նի:

Պե­տա­կան տնօ­րէ­նու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց տիկ. Նու­հա Մաք­տի­սի: Հան­դէ­սը թն­դաց 12-րդ կար­գի շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րու արա­բա­կան ազ­գագ­րա­կան պա­րով: Կեն­դա­նի պատ­կե­րով եւ արա­բե­րէն յու­զիչ աս­մունք­նե­րով շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը փոր­ձե­ցին բե­մին վրայ ուր­ուագ­ծել ապա­գայ Սուր­իոյ յու­սա­լի եւ պայ­ծա­ռա­տե­սիլ օրե­րը: Վե­րո­յիշ­եալ ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն աղերս­ուած սա­հի­կի ցու­ցադ­րու­թիւն գոր­ծադր­ուե­ցաւ:

Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Բե­թէլ Վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 90 ամ­եա­կին առ­թիւ պատ­րաստ­ուած էր թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում, ուր աշա­կերտ­նե­րը 90 տա­րի­նե­րէ քաղ­ուած պատ­մա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ներ­կա­նե­րուն եւ իրենց թա­տե­րա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ի սպաս դրին ներ­կա­յա­ցու­մի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար: Մի­ա­ժա­մա­նակ,սա­հիկ­նե­րու վրայ ցու­ցադր­ուե­ցան նիւ­թին հետ առնչ­ուած նկար­ներ, առա­ւել եւս տպա­ւո­րե­լու համար ներ­կա­նե­րը:

9-րդ կար­գէն Վար­ժա­րա­նիս Քայ­լեր­գը` «Բե­թէլ Պան­ծա­լի»ն աս­մուն­քե­ցին` Մեղ­րի Թա­թուլ­եան, Նուր Մու­սա Օղ­լի եւ Գէ­որգ Աւագ­եան: Ապա 11-րդ կար­գի աշա­կերտ­նե­րէն` Եու­սէֆ Քէլ Եա­գուպ, իր երախ­տա­գի­տու­թիւնն ու ջերմ զգա­ցում­նե­րը ար­տա­յայ­տող աս­մունք մը կա­տա­րեց, ուղղ­ուած` Վեր. Հա­մայն­քա­պե­տին, որուն յա­ջոր­դեց հայ­կա­կան պար` Արա Գէ­որգ­եա­նի «Սե­ւան»ը, մի­ա­ժա­մա­նակ հան­դի­սա­տե­սը իր աչ­քին առ­ջեւ ու­նե­ցաւ Սե­ւա­նայ լի­ճի գե­ղե­ցիկ պատ­կեր­նե­րը սա­հի­կի վրայ: Հան­դէ­սին աւար­տին բե­մը զար­դար­ուե­ցաւ շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րով: Հրա­ւիր­ուե­ցաւ Վար­ժա­րա­նիս ար­տօ­նա­տէր Վեր. Հա­մայն­քա­պե­տը, փո­խան­ցե­լու հա­մար իր սր­տի խօս­քը ներ­կա­նե­րուն: Ան անդ­րա­դար­ձաւ երկ­րիս ճգ­նա­ժա­մին եւ յայտ­նեց աշա­կերտ­նե­րուն, թէ իրենք քա­ջա­բար կր­ցան աւար­տել այս ու­սում­նա­կան տա­րեշըր­ջա­նը, մինչ իրենց կը սպառ­նար վտանգ եւ անոնք զուրկ էին նա­խան­ձե­լի վի­ճա­կէ: Վե­րա­պատ­ուե­լի Յ. Սե­լիմ­եան իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ տա­րա­գիր հա­յու­թեան, ի մաս­նա­ւո­րի հա­լէ­պա­հա­յու­թեան այս օրե­րուն դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու մա­սին, յու­սադը­րե­լով ներ­կա­նե­րը, որ հա­յը պի­տի շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ եւ գո­յա­տե­ւել շնոր­հիւ իր հաս­տա­տա­կա­մու­թեան ու ապ­րե­լու կամ­քին: Ան ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը, շնոր­հա­ւո­րեց ծնող­նե­րը, գնա­հա­տեց տար­ուած աշ­խա­տան­քը եւ իր խօս­քը աւար­տեց Սուր­իոյ հիւ­րըն­կալ հայ­րե­նի­քին խա­ղա­ղու­թիւն եւ բար­գա­ւա­ճում խնդ­րե­լով Աս­տուծ­մէ: Ապա խօս­քը ուղ­ղեց շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րուն ըսե­լով` «Սի­րե­լի աշա­կերտ­ներ, կը տես­նէք թէ հետզ­հե­տէ կեան­քը մաս­նա­գի­տա­կան հեւ­քով կ՛ըն­թա­նայ, եւ դժ­ուար ապա­գայ մը կը պար­զէ ձեր առ­ջեւ: Դուք այ­սօր, ոչ միայն վկա­յա­գիր ստա­ցաք, հա­պա նա­եւ գի­տե­լիք ամ­բա­րած ըլ­լա­լու վկա­յա­գիր ու­նե­ցաք ձեր ձեռ­քե­րուն մէջ, սա­կայն գի­տե­լիք ստա­նա­լը ան­պայ­ման զար­գա­ցում չէ: Զար­գա­ցած մար­դը, այ­սօր, զին­ուած մարդն է` Աս­տու­ծոյ վա­խով, քրիս­տո­ն­է­ա­կան մաք­րա­մա­քուր կեն­ցա­ղով, հայ­կա­կան ու հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­կա­նած ըլ­լա­լու հա­ւա­տար­մու­թեամբ: Զար­գա­ցու­մը առան­ձին դարձ­եալ բա­ւա­րա­րու­թիւն չի ներշն­չեր, հո՛ս իմաս­տու­թիւնը շատ կա­րե­ւոր է, որով­հե­տեւ իմաս­տու­թիւնը այն կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնն է, որ ձեզ ընտ­րել պի­տի տայ բարի­ին եւ չա­րին մի­ջեւ եւ զա­նա­զա­նու­թիւն կա­տա­րել վի­ճակ­նե­րուն, դէպ­քե­րուն եւ ան­ձե­րուն մի­ջեւ: Այ­սօր­ուան տու­եալ­նե­րը կար­դալ պի­տի սոր­վիք եւ դէ­պի ապա­գայ նա­յե­լով Աս­տուծ­մէ պի­տի խնդ­րէք երկ­նա­յին առաջ­նոր­դու­թիւն»:

Վե­րա­պատ­ուե­լին իր խօս­քի աւար­տին խնդ­րեց Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տութ­եան եւ անոր վսե­մա­շուք նա­խա­գա­հին ու իշ­խա­նու­թեան, յատ­կա­պէս մե­րօր­եայ չա­րա­բախտ ակն­կա­լիք­նե­րուն մէջ Սուր­ի­ա­կան ասպն­ջա­կան հայ­րե­նի­քին դի­մագ­րա­ւած պա­տե­րազ­մա­կան օրե­րուն, ուր սուր­ի­ա­հա­յեր տե­ղա­հան­ուե­ցան իրենց տու­նե­րէն ապաս­տան գտ­նե­լով Մայր Հայ­րե­նի­քի մէջ: Ան իր երախ­տա­գի­տու­թիւնը յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, որ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը ող­ջու­նեց եւ անոնց հետ կի­սեց կեան­քի ամե­նա­տար­րա­կան նիւ­թե­րը: Վե­րա­պատ­ուելի­ին փակ­ման աղօթ­քով հան­դէ­սը հա­սաւ իր աւար­տին:

Փառք Աս­տու­ծոյ, որ այս­պի­սի դժն­դակ պայ­ման­նե­րու մէջ Հայ­կա­կան Կր­թօ­ճա­խը` Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Բե­թէլ Երկ­րոր­դա­կան Վար­ժա­րա­նը շա­րու­նա­կեց իր կր­թամ­շա­կու­թա­յին վսեմ առա­քե­լու­թիւնը, յանձն առ­նե­լով զա­նա­զան տե­սա­կի դժ­ուա­րու­թիւն­ներ: Ան պե­տա­կան ծրագ­րի հա­մա­ձայն սկը­սաւ գոր­ծել Սեպ­տեմ­բեր ամի­սէն սկըս­եալ եւ գր­կա­բաց հիւ­րըն­կա­լեց իր սի­րե­լի աշա­կերտ­նե­րը, ամ­բողջ տա­րի մը դի­մագ­րա­ւե­լով բազ­մա­պի­սի դժ­ուա­րու­թիւն­ներ յա­ջո­ղե­ցաւ յաղ­թա­կան աւարտ ու­նե­նալ: Իր եզա­կի շր­ջա­նա­ւար­տից հան­դի­սու­թեամբ դրաւ իր ինք­նու­րոյն դրոշ­մը հա­լէ­պա­հայ կեան­քին մէջ:

Թիթառ Չորպաճեան-Պալիոզեան