kantsasar.com – Տարիներու հեռաւորութենէն եւ կարօտով ամէնօրեայ ժամադրութիւնը յարգողի նման նոյն տաք զգացումներովս սիրելի Հալէպ, քեզ է, որ կրկին կը յիշեմ: Հաւատա՛, հաստատ եւ պարզ ինքնագովութիւն մը չէ այս մէկը, որովհետեւ իմ մասիս խօսիլը քրտինք կրնայ բերել եւ նոյնիսկ կրնայ զիս դժբախտացնել, բայց հոգս չէ:
Իմ ուրոյն մտածողութեամբ, թէեւ քեզմէ շատ հեռու տակաւին կը շարունակեմ ապրիլ տեսակ մը հայ այս աշխարհի վրայ, բայց մի՛շտ զգացական պոռթկումով քեզ կը յիշեմ ու անվերջ քեզ կ՛երազեմ: Ուստի յամառօրէն կը փորձեմ կեանքս իր այս ձեւապաշտ վիճակէն դուրս բերել ու ստեղծել ժամանակս: Բայց այդ մէկը առանց քեզի յաճախ անհնարին է:
Գիտեմ, որ ձրի հպարտութիւնը արժէք չի ներկայացներ: Իմաստ չունի, որովհետեւ բառը կամ մարդոց արտասանած բառերն ու խօսքերը, այլեւս պարպուած են իրենց իսկական իմաստներէն ու դարձած աժան, ձեւական, անարժէք, անկշիռ եւ անիմաստ:
Իսկ դո՛ւն: Ա՜խ դուն: Ի՞նչ ըսեմ: Ի՞նչ ընեմ: Ըսէ՛: Խօսի՛ր:
Դո՛ւն, դժբախտ իրականութիւն: Սակայն եւ այնպէս դո՛ւն ինծի համար, քու զաւակներովդ կենսունակութիւնը դրօշ հռչակած քաջութիւնն ես: Ներկայ այս տխուր ու մահացու իրավիճակիդ մէջ իսկ օրինակելի ես ու նախանձելի: Ամբողջ աշխարհը կըրնայ վկայել: Անոր համար դուն մինակդ ե՛ւ կ՛ապրիս, ե՛ւ կը շնչես ու մեր բոլորին աչքին առաջ մինակդ նոյնիսկ սովամահ` կը տանջուիս ողբերգութեամբը հայ ըլլալուդ:
Ահա կեանքին հեգնանքը: Դժբախտ իրականութիւն է, չէ՞:
Գերագոյն զոհողութեամբ եւ զոհաբերութեամբ սեփական կեանքով գոյատեւելու ձգտումդ կը շարունակես պահել, հակառակ անոր ,որ ամէն օր եւ ամէն վայրկեան մարդիկ, օտարներ, ոճրագործներ կը սպառնան կեանքիդ, հոգիիդ եւ ֆիզիքականիդ:
kantsasar.com – Արարք մը, որ կը վտանգէ մեր ազգը: Մեր մայր գաղութը: Հայ Սփիւռքը: Որովհետեւ, անէծք չար սատանային, Հալէպի մէջ, այս օրերուն ամէն քայլափոխի տեսանելի են կռիւ, արիւն, վէրք, անօթութիւն, սով, լոյսի եւ ջուրի կարօտ, մահ եւ սուգ: Բայց, յետոյ ի՞նչ: Ըսէ՛, յետոյ…մինչեւ ե՞րբ այս վիճակը, այս հիւծումդ ու մաշումդ, փլատակ վիճակդ, քանդումդ ու մանաւանդ մահազդու տագնապդ: Ըսէ՛, հարցո՛ւր, մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս կռիւը: Որքա՞ն ժամանակ պիտի կարենաս այս հարուածներուն տոկալ: Ես պատասխան չունիմ: Ոչ մէկ պատասխան: Ըսէ՛, ո՞վ ունի անոր դիմենք:
Անոր համար այսօր, կրկին մանկութեանս ենթագիտակցականը սկսած է բանալ կորսուած յիշողութիւններուս ծալքերը, որոնց մէջէն ակնյայտ դուրս բերած եմ ցեղիս պատգամը: Յարութիւն եւ վերապրում:
Քեզի համար են այս վերագրումները: Միայն քեզի: Ու այսօր, կրկին կարօտը սրտիս կը քալեմ, կը խօսիմ, կը յուզուիմ, կը բացատրեմ եւ շեշտակի կը փորձեմ քեզի հանդէպ բոլոր անտարբեր մարդկանց համոզել:
Կ՛ուզեմ վերադառնալ էութեանս: Կ՛ուզեմ նաեւ դուն ալ վերադառնաս քու նախկին վիճակիդ: Ահա հոսկէ է, որ կը սկսի ծանր ու հոգիս ճզմող ընդհարումն ու ներքին տառապանքս, որ կը ցնցէ ամբողջ ենթագիտակցութիւնս…
http://www.kantsasar.com/pdf/news/4.pdf
Գէորգ Պետիկեան
27/07/2013