kantsasar.com – Թուրք-սուր­ի­ա­կան սահ­մա­նին մօտ առե­ւանգ­ուած եր­կու սուր­ի­ա­հայ պա­տա­նի­նե­րը ար­դէն ազատ ար­ձակ­ուած են եւ անոնց ոչ մէկ վնաս հասց­ուած է:

Հա­լէ­պի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ վեր­ջին շր­ջա­նին իրա­վի­ճա­կը հիմ­նա­կա­նօ­րէն հան­դարտ է, եւ նոր մի­ջա­դէ­պեր չեն ար­ձա­նագըր­ուած: Բնա­կա­նա­բար, պա­տա­հա­կան, ինչ­պէս նա­եւ ար­ձա­կա­զէն­նե­րուն կող­մէ ար­ձակ­ուած փամ­փուշտ­նե­րուն վտան­գը միշտ ալ կայ, սա­կայն ընդ­հա­նուր առ­մամբ, մեր թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ մար­տեր չկան: Հա­լէ­պի մէջ ընդ­հան­րա­պէս կար­ճա­տեւ մար­տեր կը կա­տար­ուին, սա­կայն անոնք առայժմ հե­ռու են հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րէն:

30 Յու­լի­սին կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րը իրենց վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ առած են Ալ Խա­նա­սեր բլուր կո­չուող շր­ջա­նը, ուր­կէ կ՛անց­նի Հա­լէպ տա­նող ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ճամ­բան, որուն մի­ջո­ցով կա­րե­լի է Հա­լէպ բե­րել պա­րէն եւ դե­ղո­րայք:

Շր­ջա­փակ­ման պատ­ճա­ռով հա­յա­շատ Հա­լէ­պի մէջ ար­դէն հա­ցի, սնն­դե­ղէ­նի ու վա­ռե­լա­նիւ­թի կա­րի­քը կը սրի: Հա­ցի փու­ռե­րուն դի­մաց կար­գի կե­ցած մե­ծա­թիւ քա­ղա­քա­ցի­ներ իրենց հեր­թը կը սպա­սեն, նոյ­նիսկ հա­ցի սեւ շու­կայ ստեղծ­ուած է:

01/08/2013