kantsasar.com – Բարեւ Լիզպոնի Տղաք, բարեւ Հերոսնե՛ր, Բարե՜ւ Ընկերներ…
Առաջին անգամն է որ Ձեր անմոռաց յիշատակը յարգելու համար, փոխանակ Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան մէջ Ձեզի նուիրուած յուշաքարը այցելելու, խունկ ու մոմ կը վառեմ Պէյրութի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ, երիտասարդութեան լուսաճաճանչ կանթեղ դարձած Ձեր դամբարանին առջեւ…:
Ես ու ընկերս Ձեր նահատակութեան 25 ամեակի ոգեկոչումէն ի վեր, ուխտած ենք, ամէն Յուլիս 27-ին այցելել Ձեզ, վերանորոգուելու Ձեր ազգասիրական ու հայրենասիրական վեհագոյն գաղափարներով: Իրապէ՛ս,անցնող հինգ տարիներուն, ամէն Յուլիս 27-ին, գործունէութեան իրականացման կէսօրուայ այդ թէժ ժամերուն, հինգ կարմիր մեխակներ մեզի հետ վերցուցած կ’ուղղուէինք դէպի Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատուն: Առաջին երկու տարիներուն, նկատի առած որ աշխատանքային պարզ օրեր էին եւ ո՛չ սովորութեան համաձայն գերեզմանատուն այցելելու Շաբաթ օր, արաբ դռնապանը զարմանքով դուռը կը բանար, անոր աչքերէն` «Այս երիտասարդ տղաքը այս անսովոր օրուան մէջ, ի՞նչ գործ ունին այստեղ» հարցումը կը կարդայինք : Ժպիտով մը կը բարեւէինք զինք ու կը հասնէինք Ձեր յուշաքարին:Նախորդ Շաբաթ ու Կիրակի օրերուն` Ձեր անմահացած անուններուն տակ ժողովուրդը, Սկաուտական միաւորներն ու երիտասարդական միութեան անդամները ծաղկեպսակներ ու վարդեր զետեղած կ’ըլլային: Անոնց քով, մեր հետ բերած կարմիր վարդերը քնքշութեամբ կը դասաւորէինք: Ապա` «Ահա այսպէս արշաւեցիք»ը կը մռլտայինք, յետոյ քիչ մը լուռ կը մնայինք, կը ցաւէինք Ձեր նահատակութեան, կ՛ազդուէինք, կը նեղանայինք տակաւին առկայ անարդարութեան, կը դատապարտէինք ոճրագործը ու ամէնէն կարեւորը` Ձեր սկսած գործը ներկայ դարու պայմաններով ու միջոցներով շարունակելու խոստումը կու տայինք:
Յաջորդող տարիներուն դռնապանը ալ գիտեր, թէ մենք ինչո՞ւ ամէն Յուլիս 27-ին կ՛այցելէինք Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատուն…: Իսկ այս տարի՞…: Հոս է ցաւալին սիրելի՛ տղաք: Այս տարի փակ է Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատունը: Սուրիոյ մէջ ընթացող զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով` պետական եւ ընդդիմադիր ուժերը անջատող վտանգաւոր գօտի դարձած է Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատունը: Ներեցէ՛ք, փառքի թափնեպսակներու արժանի ընկերներ, այս տարի Հալէպի Ձեր յուշաքարը պիտի չզարդարուի միութենական ու ժողովրդային ծաղկեպսակներով, մոմերով, խունկերւվ ու վարդերով: Ճիշդ է, որ հպարտ եմ, թէ այս տարի պատիւը ունեցայ մասնակցելու Ձեզի նուիրուած քայլարշաւին ու հիմա` Պէյրութի Ազգ. Գերեզմանատան Լիզպոնի դամբարանին առջեւ կանգնած կը խոնարհիմ Ձեր մաքրամաքուր ու անշահախնդիր զոհաբերութեան դիմաց, ինչպէս նաեւ կ՛ըմբոշխնեմ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած յիշատակի ձեռնարկի արտասանուած խօսքերը, բայց միտքս ու հոգիս հո՛ն է, Հալէ՛պ: Ա՛յն Հալէպը, որ իմ նմաններուն Ձեզի ծանօթացուց, Ձեր օրինակով կերտեց ու դաստիարակեց նորանոր սերունդները: Ա՛յն Հալէպը, որ Պէյրութէն դէպի Լիզպոն գացող ու ապա ամբողջ աշխարհը ցնցող տղոց անունները անմահացնողներէն դարձաւ:
Այս պահուն, միտքս ու հոգիս ամէն տարի միասնաբար Ձեզի այցելող ընկերոջս հետ է. երիտասարդական, պատանեկան ու սկաուտական խումբերուն հետ է, որոնք տիւ ու գիշեր նուիրուած են ժողովուրդին ծառայութեան: Դուք զոհուեցաք յանուն գերագոյն նպատակի, յանուն ազգային ազնուագոյն արժանիքներու, յանուն հայութեան բարօրութեան ու անվտանգ կեանքի, իսկ այսօր` երեսուն տարիներ ետք, որպէս ազգային պարծանքի մէկ երեւոյթ, նոյն Ձեր հետապնդած նպատակներուն համար, Հալէպի եւ Սուրիոյ զանազան հայաբնակ շրջաններու մէջ պատնէշի վրայ են կեանքի գնով զոհողութեան պատրաստ նուիրեալներ:
Հանգի՛ստ ննջեցէք թանկագին ընկերներ, որովհետեւ Լիզպոնէն եկած ազգանուիրումի պատգամներով, Ձեր օրինակով գօտեպնդուած Հայ նորահասակ սերունդները ժամանակակից զէնքերով շարունակելու են տէր ու պաշտպան մնալ մեր ազգային արժէքներուն: Առ այդ, ընդունեցէ՛ք այս մոմերն ու հինգ վարդերը բոլոր անոնց կողմէ, որոնք այս տարի ակամայ պիտի չկրնան այցելել Հալէպի Ձեր Յուշաքարը:
Այս տարի Պէյրութի դամբարանէն, օր մըն ալ անկասկած Միացեալ Հայաստանի մէջ Ձեզի նուիրուած յուշաքարին առջեւ կանգնելու յոյսով` Յարգանք Ձեզ:
Գէորգ Յակոբճեան
01/08/2013