Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

kantsasar.com –
Ու խա­նութ­նե­րը, գորշ, կքած, ու այն մար­դիկ,
Մահ­ուան բե­կուն այդ քնա­րին այդ­քան մօ­տիկ-
Ի՞նչ են ու­զում` այդ­քան տխուր ու ակա­մայ:
Եւ արդ­եօք ո՞վ է երա­զել այդ­քան դա­ժան…
Ե. ՉԱ­ՐԵՆՑ

Նոր Գիւղ չէի մտած ար­դէն երկ­րորդ տա­րին: Ան­ցայ ճամ­բա­յէ մը, ուր­կէ կեանք մը ամ­բողջ ան­ցած էի ամէն օր, ու նա­եւ` ձանձ­րա­ցած. ամէն ինչ այն­քա՜ն ծա­նօթ էր ու ան­փո­փոխ: Կ՛երա­զէի, որ հրաշ­քով մը գե­ղեց­կօ­րէն փոխ­ուէր ամէն ինչ: Այժմ տե­սայ փոխ­ուած մի­ջա­վայ­րը… ու կա­րօտ­ցայ անց­եա­լի իմ ձանձ­րոյթս, մեղ­քի զգա­ցում ու­նե­ցայ շր­ջա­պատս գե­ղե­ցիկ ու մշակ­ուած տես­նե­լու փա­փա­քիս հա­մար…

Կա­րօտ­ցայ զա­ւակ­նե­րը թա­ղա­մա­սի դըպ­րոց­նե­րը հասց­նել աճա­պա­րող ինք­նա­շարժ­նե­րու խցա­նում­նե­րը սիրտ մա­շող, աշ­խուժ եր­թու­դար­ձը «Ճե­մա­րա­նի թա­ղի», խա­նութ­նե­րու առ­ջեւ նս­տած ար­հես­տա­ւոր այ­րե­րու հա­ւաք­նե­րը, դպ­րոց­ներ, ման­կա­պար­տէզ­ներ, տպա­րան, եկե­ղե­ցի, պատս­պա­րան, ակումբ, Հայ փուռ, ՍՕԽ-ի կեդ­րոն ու ժրա­ջան հայ կի­նե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թիւն (այս դժն­դակ պայ­ման­նե­րուն մէջ ան­գամ շա­րու­նա­կուող), ըն­տա­նե­կան պար­տէզ… հա­յոց կեան­քին տրո­փիւնը Հա­լէ­պին մէջ…
Ու Ճե­մա­րա­նը…

Որբ ու լուռ տես­նել հաս­տա­տու­թիւն մը, որ Սա­հակ­եան ու Զա­ւար­եան վար­ժա­րան­նե­րուն հետ մի­ա­սին մա­նուկ­նե­րու թարմ կեն­սու­ժը կը սփ­ռէր ամ­բողջ թա­ղա­մա­սին վրայ ու հա­յու ոգի` ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հին:

Բո­լոր յա­րա­կից նր­բանցք­նե­րէն դէ­պի Ճե­մա­րան կ՛աճա­պա­րէ­ին պա­տա­նի­նե­րու խում­բե­րը, առտ­ուան աղօթ­քին հա­մար աշա­կերտ­նե­րը կար­գի ու շար­քի հրա­ւի­րող դաստ­ի­ա­րակ­նե­րու ձայ­նե­րը կ՛ար­ձա­գան­գէ­ին (թէ­կուզ արթնց­նէ­ին գի­շե­րը «սահ­րա» ըրած ու առտը­ւան կողմ միայն քնա­ցած հա­յոր­դի­նե­րը թա­ղա­մա­սի): Միշտ 2-3 վայրկ­եան ու­շա­ցող ու դար­պա­սը գոց­ուե­լէն ետք եկող­նե­րը, աղօթ­քի բա­րի­քէն զրկ­ուած` դար­պա­սէն դուրս պի­տի սպա­սէ­ին, մին­չեւ որ լսէ­ին ամէ­նօր­եայ նա­խա­տինք-յոր­դոր­նե­րը, ապա (առանց խրա­տէն բան մը առ­նե­լու…)` եր­թալ մի­ա­նա­լու հա­զա­րին… Ու ապա ճե­մա­րա­նի առօր­եան, ու բա­կը` ծո­վաց­եալ…

Իսկ ար­ձակ­ման զանգ-աւե­տի՜սը… Լայն դար­պա­սը նեղ կու գար ան­համ­բե­րու­թեամբ յոր­դող զանգ­ուա­ծը դուրս թող­նե­լու հա­մար: Ծով ամ­բո­խը ճեղ­քե­լով փո­ղոց ել­լել փոր­ձող օթօ­քար­նե­րու ճի­գը, գայ­լի պէս անօ­թե­ցած զա­ւակ­նե­րը տուն հասց­նել աճա­պա­րող ծնող­նե­րու ինք­նա­շարժ­նե­րը, տղոց գո­ռիւն-գո­չիւն­նե­րը… հայ­կա­կան թաշ­խա­լա (ան­փո­խա­րի­նե­լի բառ մը եւս): Գե­տը կը բաժն­ուէր վտակ­նե­րու, որոնք նր­բանցք­նե­րու վրայ տա­րած­ուե­լով` կ՛եր­թա­յին ծծ­ուիլ մեծ թա­ղա­մա­սի մէջ, որ հա­յոց Նոր Գիւղ կը կոչ­ուէր… իր լոյս ու մութ երես­նե­րով…

Ու հի­մա` ամա­յու­թիւն ու խեղ­ճու­թիւն.

Մին­չեւ ե՞րբ…

«Եւ արդ­եօք ո՞վ է երա­զել այդ­քան դա­ժան»:

Ին­չո՞ւ կը գրեմ այս ամէ­նը. ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րը յու­զե­լո՞ւ հա­մար. բնա՛ւ. հա­ւա­տացը­նե­լո՛ւ հա­մար, թէ ամէ­նուն կա­րօտ­նե­րը, յոյ­սերն ու փա­փաք­նե­րը մի­ա­նա­լով` կր­կին պի­տի ծի­ա­ծան­ուին ու նախ­կի­նէն առա­ւել աշ­խուժ պի­տի ապ­րի ու ոգեշն­չէ Ամէ­նուն Ճե­մա­րա­նը:

***
Այ­սօր Ռա­մա­տա­նի առա­ջին օրն է. ամա­յու­թիւն, լռու­թիւն, որ եր­բեմն կը խախ­տի կրա­կա­հեր­թով մը կամ պայ­թիւ­նի ձայ­նով: Եր­թե­ւե­կը այ­լեւս շքե­ղու­թիւն է, միայն հե­ռա­ւոր թա­ղեր գոր­ծի գա­ցող­ներն են, որ կ՛օգտ­ուին ան­կէ` ամ­սա­կան աշ­խա­տա­վար­ձը եր­թե­ւե­կի դնե­լու հե­ռան­կա­րով…
Ամա­յու­թիւնը կը խախ­տեն մեծ ու պզ­տիկ մթե­րա­յին խա­նութ­նե­րու մէջ տագ­նա­պով վազվ­զող մար­դիկ, ու­շա­ցած գնորդ­ներ, որոնք պարպ­ուած դա­րակ­նե­րու մէջ դեռ ինչ-որ հա­ցե­ղէն կամ մսե­ղէն կը փնտ­ռեն… ի զուր: Մայ­թե­զերք­ներն ալ աս­դին ան­դին «մի­նի-մի­նի մար­քեթ­ներ» բա­ցեր ու կը ծա­խեն ուր­կէ՛ ուր հա­ւա­քած ապ­րանք­ներ, որոնց նա­խա­պէս նա­յող չկար: Հի­մա կը գնե՜ն, բազ­մա­պատկ­ուա՜ծ գի­նե­րով, ու­րախ, որ բան մը գտան ու թուղ­թի վե­րա­ծուող դրա­մը բա­նի մը դեռ ծա­ռա­յեց: Սո­վի ուր­ուա­կա­նը կը շր­ջի մար­դոց ու­ղեղ­նե­րու մէջ, նա­խա­մար­դէն մեր մէջ ծուա­րած ու մնա­ցած վա­խը` յան­կարծ անօ­թի մնա­լու: Ինչ­պէս չվախ­նան, երբ պտուղ-բան­ջա­րա­վա­ճառ, մսա­վա­ճառ ու եր­բեմն ալ նպա­րա­վա­ճառ­ներ խա­նու­թը ի սպառ պարպ­ուե­լէ ետք գո­ցեր են…

Պէտք է տես­նել փու­ռե­րը… անոնք եր­բեք դա­դար ու­նի՞ն: Որ­քան ալ կա­նուխ ժա­մու նա­յիս, ար­դէն հա­րիւր­ներ շար­ուած են` փո­ղո­ցի լայնքն ու եր­կայն­քը գո­ցե­լով: Ու այդ­պէս` յու­լիս­եան ամ­բողջ օր­ուան անխ­նայ արե­ւին տակ: Կի­ներ կը քրտ­նին այ­րե­րու ջերմ պա­շա­րու­մի մէջ, շնա­ցող­ներ հոն ալ երա­նու­թիւն­ներ կը գտ­նեն: Աշ­խա­տող­նե­րը քափ քր­տին­քի մտած` տագ­նա­պած մար­դոց գո­հաց­նել կը փոր­ձեն, եր­բեմն ալ լա­րու­մէն պայ­թե­լով ոե­ւէ մէ­կու վրայ, որ կը փոր­ձէ կարգ խախ­տել: Կարգ հս­կող զի­նուո­րը իր ներ­կա­յու­թիւնը կը յի­շեց­նէ բռն­կող վէ­ճե­րը կրա­կոց­նե­րով հար­թեց­նե­լու հա­մար: Ծո­վաց­եալ ամ­բո­խը պահ մը կը սթա­փի, շու­տով գո­ռիւն գո­չիւնը վերսկ­սե­լու հա­մար: Հոս այ­լեւս հա­րիւր­նոց­նե­րը ամե­նա­փոքր դրամ­ներն են: Ո՜ւր հա­սար, Հա­լէ՛պ…

Իսկ դուն, որ կար­գի մտ­նե­լու քա­ջու­թիւն չու­նիս կամ «էքե­պեր» ես, ան­ցիր քո­վէն ու միայն ներշն­չէ հա­ցին բուր­մուն­քը:
***
Բա­րե­կամս պատ­մեց. «Գոր­ծա­ւոր գիւ­ղա­ցի մը կ՛աշ­խա­տի տունս, կ՛ըսէ, թէ իրենց քով լո­լիկն ու վա­րուն­գը 20 են, հա­ցը` 15, եւ ամէն ինչ նոյն ձե­ւով` բնա­կան գի­նե­րով:

– Ըսէի՜ր` հե­տը բե­րէր քիչ մը,- կ՛ար­ձա­գան­գէ լսող մը:

– Համ­բե­րէ՜, մար­դը հե­տը քա­նի մը լո­լիկ ու վա­րունգ առեր է հոս ու­տե­լու հա­մար, զին­եալ­նե­րը ստի­պեր են, որ կա՛մ տեղ­ւոյն վրայ ու­տէ, կա՛մ թա­փէ… ու (հայ­հո­յանք) Հա­լէպ չմտց­նէ:

Համ­բե­րե­ցէ՛ք, պա­շա­րու­մը կը ճեղք­ուի, օգ­նու­թիւնը կը հաս­նի ու եր­կու օրէն ամէն ինչ լաւ կ՛ըլ­լայ…

***
Մեղքս չէ, որ ամէն առի­թով առած-ասոյթ մը կը յի­շեմ: Կ՛ըս­ուի, չէ՞, «խօս­քը տեղն եկած ատեն…»: Հի­մա տեղն է ու տե­ղը յի­շե­լու, ինչ­պէս ամիս­ներ առաջ խան­դա­վա­ռու­թիւն ապ­րե­ցանք` լսե­լով, թէ Հա­լէ­պը ազա­տագ­րե­լու մեծ վճ­ռա­կա­մու­թեամբ նոր զօ­րա­վար մը ժա­մա­ներ է: Եթէ կը յի­շէք, նոյ­նիսկ լսե­ցինք, թէ ձա­խո­ղե­լու պա­րա­գա­յին պատ­րաստ էր իր աս­տի­ճա­նէն զրկ­ուե­լու: Արդ­եօք զրկ­ուե­ցա՞ւ: Ինչ­պէ՞ս, նոյն­պէ՞ս անդր­ծով­եան վա­յել­քի գնաց, թէ՞ պար­զա­պէս տեղ­եակ չէր, թէ ո՛ւր կը մտ­նէր: Աստ­ուած իրեն հետ, թե­րեւս ալ իր վճ­ռա­կան քա­ջու­թիւնը ժո­ղովր­դա­կան երե­ւա­կա­յու­թիւն էր: Ոմանք կ՛ըսեն` մեծ ռազ­մա­վա­րու­թիւն է. ու Հա­լէպ մը զոհ տա­լը մեծ բան մը չէ… Սա­կայն ես ալ չեմ կր­նար առա­ծը չյի­շել` իրեն կամ այ­լոց կա­պակ­ցա­բար` «Առաջ մեծ մեծ կ՛ընէ խոս­տում, յե­տոյ ետեւ կ՛ընէ ոս­տում»:

Իսկ այդ ետե­ւը մեծ ու հնամ­եայ Հա­լէպն է իր գեր­ուած ժո­ղովր­դով:

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

26/07/2013