kantsasar.com – Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի 93-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ այնպիսի ժամանակ մը, երբ ՀՕՄ-ի «Պնակ մը կերակուր» ծրագիրը անօթի ընտանիքներ կը կերակրէ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ: Պատգամաւորական ժողովը լսեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Քէշիշեանի ներկայացուցած տեղեկագիրը, ուր յիշուած էր, թէ 250 տոլարով rուրիահայ Օգնութեան Խաչը 80 ընտանիքի ճաշ կը տրամադրէ: Արդէն երկրորդ Պատգամաւորական ժողովը ըլլալով` Սուրիահայ դպրոցներուն ու գաղութին օգնելու հրամայականը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ այն իմաստով, թէ ինչպէ՛ս ժողովը արժեւորեց տարեշրջանի իրագործումները եւ ինչպիսի՛ որոշումներ առաւ յառաջիկայ տարեշըրջանին համար:
Պատգամաւորական ժողովին կը մասնակցէին 24 մասնաճիւղերէ 68 պատգամաւորներ` Արիզոնա, Նեւատա եւ Քալիֆորնիա նահանգներէն: Յուլիս 12-էն 14, 2013-ին, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ժողովը կը հիւրընկալուէր Մոնթեպելլոյի «Նայիրի» մասնաճիւղին կողմէ, Արփիկ Նաճարեանի գլխաւորութեամբ հիւրընկալող յանձնախումբին կողմէ:
Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պոզոյեան բարի գալուստի խօսքերով ներկայացուց հիւրերը: Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին կ՛ընկերանային Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան ներկայ եղաւ ժողովին, իսկ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչն էր Անի Քէշիշեան: ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչն էր դոկտ. Վիգէն Եագուպեան: Տեղւոյն «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչն էր Լեւոն Կիրակոսեան: ՀՕՄ-ի Արեւելեան ԱՄՆ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչն էր Թալին Մկրտչեան: ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան հիւրերն էին Խաթուն Բագրատունի, Յասմիկ Տէրտէրեան եւ Ռիթա Հինդլեան: Ժողովին որոշումով ընտրուած հիւրերն էին Սօսի Փոլատեան, Սօսի Կապրիէլ եւ Ռուբինա Բագրատունի:
Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք փոխանցեց Լենա Պօզոյեան` նշելով, թէ անցնող տարեշրջանին ընթացքին ՀՕՄ-ը դիմագրաւեց ահաւոր տնտեսական ճգնաժամ եւ կը շարունակէ դիմագրաւել սերունդէ սերունդ փոխանցումի հրամայականն ու արհեստավարժ միջոցներու օգտագործման ռազմավարական ծրագիրը: Սերնդափոխութիւն տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ժողովին մասնակցող 17 պատգամաւորներով, որոնց ցուցմունքներ փոխանցեց Լ. Պօզոյեանը եւ խնդրեց աւելի փորձառու պատգամաւորներէն, որ անոնց օգտակար դառնան: Իսկ ծրագիրներու առնչութեամբ, ան դիտել տուաւ թէ սուրիահայութեան օժանդակութեան պահանջը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի ծրագիրները կը շարունակուին:
Առաջնորդ Մուշեղ Սրբազանը դիտել տուաւ, թէ Արամ Ա. Կաթողիկոս 2013 տարին Հայ Մօր Տարի հռչակած է եւ գնահատեց ՀՕՄ-ը, որ իբրեւ գուրգուրոտ եւ նուիրեալ մայր` հասած է կարիքաւոր ընտանիքին ու ծերունիին, աշակերտին եւ ուսանողին: Սրբազան հայրը նշեց, թէ ժողովական կեանքի մէջ որքա՛ն փորձառութիւն ունենանք, այնքա՛ն մեր յանձնառութեան եւ նուիրումի ոգին պէտք է բազմապատկուի: Ապա գնահատեց Շրջանային վարչութեան եւ անդամներուն տարած աշխատանքը եւ օրհնեց ժողովականները:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Քէշիշեանը իր վարչութեան անունով յաջողութիւն մաղթեց եւ յոյս յայտնեց, որ պատգամաւորները շինիչ առաջարկներով ներկայանան եւ արդիւնաւէտ բանաձեւեր որդեգրեն` անոնց նիւթականը եւ իրականութիւն դառնալու կարելիութիւնը նկատի ունենալով: Ժողովի աւարտին, ընկերուհին նշեց, որ այսպիսի ժողովներ բացառիկ առիթներ կը հանդիսանան, որպէսզի` «քով-քովի գալով` վերանորոգենք մեր ուխտը եւ փորձենք դրականօրէն մօտենալ մեր բոլոր խնդիրներուն, ի շահ մեր միութեան նպատակին ու առաքելութեան»: Ան դիտել տուաւ որ համերաշխ համագործակցութիւնը ընկերուհիներուն միջեւ մեր բոլորին յաջողութեան բանալին կը հանդիսանայ, եւ քաջալերեց համախմբել ուժերը եւ թափ տալ ՀՕՄ-ի զարգացման ու վերելքին, տեղական թէ համաշխարհային գետնի վրայ:
Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Լեւոն Կիրակոսեանը դրուատեց ՀՕՄ-ի անդամներուն` սիրով տարած կամաւոր աշխատանքը, իբրեւ լաւագոյն օրինակ երիտասարդութեան համար: Նաեւ, ան դիտել տուաւ կիներու հանդէպ եղած բռնութեան դէպքերը, աշխարհի տարբեր շրջններու եւ Հայաստանի մէջ:
ՀՕՄ-ի Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Թալին Մկրտչեան իր հրճուանքը յայտնեց այն բանին համար, որ Արեւմտեան շրջան եկած է եւ կը գտնուի իր մօրաքրոջ Խաթուն Բագրատունիի հետ: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՕՄ-ի ազնուական նպատակը ոչ մէկ հեռաւորութիւն կը ճանչնայ եւ որ սուրիահայութեան ահաւոր պայմաններուն պատճառով, աշխարհի բոլոր կողմերէն օգնութեան ահազանգը նոյն ուժգնութեամբ կը հասնի:
Պատգամաւորական ժողովը դիւան ընտրեց դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան եւ Արուսեակ Մելքոնեան` իբրեւ համաատենապետներ, եւ Նազիկ Արիսեան, Սօսի Ճապրայեան, Մարալ Մաթոսեան եւ Մեկանոյշ Մելքոնեան` անգլերէնի ու հայերէնի ատենադպիրներ: Դիւանին կողմէ Խաթուն Բագրատունին նշանակուեցաւ իբրեւ օրէնսգէտ, Ռիթա Հինդլեանը` իբրեւ թղթակից, եւ «Նայիրի» մասնաճիւղի անդամներէն Ալիս Քէշիշեանը, Լէոնի Մուրատեանը, Յասմիկ Ուրֆալեանը եւ Փօլին Ալթունեանը` իբրեւ հսկիչներ:
Իրաւասութիւններ ճշդող յանձնախումբի անդամները` Անգինէ Ակոբեան, Արփի Դանիէլեան եւ Մայտա Պէզճեան, քննեցին ժողովը շարունակելու կարելիութիւնը` ըստ ՀՕՄ-ի կանոնագիրի պայմաններուն: Ընտրողական յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան Սիլվա Փօլատեան, Նորա Շիրիքեան, Լարա Գազանճեան, Արշօ Սասունեան եւ Մաքօ Սեդրակեան: Բանաձեւի յանձնախումբի դժուարին պարտականութիւնը յանձնուեցաւ Աստղիկ Շիթիլեանին, Թալին Հինտոյեանին եւ Վերա Գամպուրեանին: Իսկ Արխիւային յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան Մարալ Պասթիլեան, Քրիստին Յովնանեան եւ Էմմա Կարապետեան:
Մինչ պատգամաւորները կը սպասէին յանձնախումբերու աշխատանքներու աւարտին, անցած տարեշրջանին ընթացքին շրջանէն ներս տարուած աշխատանքներուն մասին տեսաերիզ մը ցոյց տրուեցաւ: Օրակարգին մաս կը կազմէր լուսաբանական հարցումներ` Շրջանային վարչութեան, Ընկերային ծառայութեան եւ Հոգեբանական կեդրոնին մասին: Տոքթ. Լեւոն Ճրնազեան պատասխանեց Հոգեբանական կեդրոնին մասին ուղղուած հարցումներուն: Հայաստանի Ախուրեան քաղաքի ՀՕՄի Մօր ու Մանկան առողջապահական կեդրոնի ու ծննդատան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց տոքթ. Սեւակ Աւագեան: Ան տեղեկացուց, թէ ութ տարիներէ ի վեր, այդ կեդրոնին մէջ 9056 նորածիններ աշխարհ եկած են. կեդրոնը կ՛աշխատակցի ԵՈՒՆԻՍԵՖի պատուաստներու ծրագիրով եւ «Եու.Էս.Էյտ» (USAID) կիներու առողջապահութեան ծրագիրով: Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ գործադիր մարմինի (SARF) ատենապետ Զաւէն Խանճեան, իր կարգին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի զօրակցութեան համար:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան 27 երկիրներու մէջ վերջին տարուան գործունէութեան տեղեկագիրը ներկայացուց Անի Քէշիշեանը. տեղեկագիրին մէջ նշուած էր, թէ հակառակ դժուարութիւններուն` ՀՕՄ-ը Հալէպի մէջ շաբաթը երեք անգամ 80 ընտանիքի տաք ճաշ կը տրամադրէ: Այս ծրագիրի մէկ օրուան հովանաւորութիւնը 250 տոլար կը կազմէ: Իսկ Վիքի Մարաշլեանը բացատրութիւններ տուաւ Արցախի Ստեփանակերտ քաղաքի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզի շէնքին նորոգութեան մասին:
Պատգամաւորական ժողովը ընդունեց կանոնագրային փոփոխութիւններ, Բանաձեւի յանձնախումբին նախորդ տարուան աշխատանքներուն մասին ներկայացուցած յոյժ գնահատելի բանաձեւ մը վաւերացուց, ընդունեց կարգ մը բանաձեւեր` տեղեկատուական հանդիպումներու, քարոզչական հաղորդագրութեան, երկրորդական վարժարաններէ շրջանաւարտներու պարգեւատրումի եւ շարունակուող ծրագիրներու մասին` անոնց համապատասխան տարեկան պիւտճէ մը ընդունելով: Այս տարի, հաշուապահական համակարգը փոփոխութեան ենթարկուած էր եւ ներկայացուած տեղեկագիրը բարեփոխուած կ՛երեւէր, սակայն դիւանը անկախ հաշուեքննիչի տեղեկագիր մը եւս ստացաւ:
Շրջանային վարչութեան նախորդ կազմէն Ճիւտի Ճինկիրեան, Ժարմէն Միրզախանեան, Անժէլ Օհաննէսեան, Լիզա Սանդիկեան եւ Արմէնուհի Թովմասեան ամբողջացուցած էին իրենց 2 տարուան շրջանը: Ճիւտի Ճինկիրեան վերընտրուեցաւ, իսկ Արաքսի Այքանեան, Նանիկ Քիւփէլեան, Մարալ Մաթոսեան եւ Ատրինէ Փոսթոյեան ընտրուեցան նոր երկու տարուան համար:
Նոր վարչութեան պարտականութիւնները կ՛ընդգրկեն ՀՕՄ-ի ծրագիրներու եւ 93-րդ Պատգամաւորական ժողովի բանաձեւերու գործադրումը` որոշուած պիւտճէին համեմատ:
Ժողովը նաեւ ընտրեց Շրջանային վարչութեան փոխանդամներ` նոր երկու տարուան համար, հետեւեալ կարգով. Սիրարփի Չաքալեան, Նուարդ Մուրատեան, Անգինէ Ակոբեան, Ովսաննա Խաչատուրեան եւ Մայտա Պէզճեան:
Վերջին ընտրութիւնը Հաշուեքննիչ յանձնախումբին ընտրութիւնն էր, որ ժամանակ խնայելու համար կատարուեցաւ մեքենայով կարդացուելիք յատուկ թուղթերու վրայ: Հետեւեալները Հաշուեքննիչ յաձնախումբի անդամ ընտրուեցան` Նայիրի Պոսթանեան, Վիւիան Թասլաքեան եւ Թամար Ուրիշեան, որոնք պարտականութիւն ունին երեք ամիսը անգամ մը հաշուեքննութիւն կատարելու:
Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան Կեդրոնական կոմիտէի ամրակուռ կեցուածքը բացատրեց, շնորհաւորեց նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց ընթացաւարտ վարչութեան, Պատգամաւորական ժողովի դիւանին եւ պատգամաւորներուն` իրենց ծառայութեան համար: Ան մաղթեց լիցքաւորուիլ քննադատութիւններով եւ աշխատանքները հեզասահ ու ծաւալուն կերպով շարունակել:
Ըստ սովորութեան` Լենա Պօզոյեան յուշատախտակներ յանձնեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան անդամներուն: Իւրաքանչիւրը առիթն ունեցաւ իր զգացումները արտայայտելու, կամաւորներուն եւ պաշտօնեաներուն շնորհակալութիւն յայտնելու, ինչպէս նաեւ վերահաստատելու ՀՕՄ-ի իր ուխտը: Դիւանի ատենապետները` Նայիրի Տէրտէրեանն ու Արուսեակ Մելքոնեանը, գնահատեցին դիւանի ատենադպիրներուն բարձրօրակ գործը, յանձնախումբերուն ուշադիր աշխատանքը ու ՀՕՄ-ի տարած հիանալի աշխատանքը: Այլ հիւրեր եւ պատգամաւորներ եւս իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին, ապա ժողովը փակուեցաւ:
Պատգամաւորական ժողովի փակումէն ետք, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Քէշիշեանի, Պատգամաւորական ժողովի դիւանին եւ Շրջանային վարչութեան անդամներուն մասնակցութեամբ, ընտրուեցաւ Շրջանային վարչութեան 2013-2014 տարեշրջանի դիւանը` հետեւեալ ձեւով.
Ատենապետ` Լենա Պօզոյեան
Փոխատենապետ` Գարմէն Լիպարիտեան
Ատենադպրուհի` Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան
Գանձապահուհի` Քրիսթինա Խանճեան
Խորհրդականներ` Արաքսի Այքանեան, Ճիւտի Ճինկիրեան, Նանիկ Քիւփէլեան, Մարալ Մաթոսեան եւ Ատրինէ Փոսթոյեան:
Սոյն Պատգամաւորական ժողովը ցոյց տուաւ, որ շրջանիս դիմագրաւած մարտահրաւէրները կ՛իրագործուին: «Նայիրի» մասնաճիւղի նոր ընկերուհիներէն Անի Տիգրանեանը ժողովին ընթացքին պարտականութիւն ստանձնած էր ելեկտրական կազմածները հսկելու: Իսկ առաջին անգամ ըլլալով պատգամաւոր եղողներէն շատերը իրենց մասնակցութիւնը բերին ժողովին, ինչպէս նաեւ յանձնախումբերու անդամ ընտրուեցան: Պատգամաւորական ժողովը օգնեց, որ ՀՕՄ-ի շարքերը ՀՕՄ-ի ծառայական աշխատանքը շարունակեն` վերանորոգուած ոգիով:
26/07/2013