Perio Newsfb – Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող հայաշատ Ժարամանա շրջանի Ալ-սըյուֆ հրապարակի մէջ պայթիւն տեղի ունեցաւ:

Ժարամանայի մէջ ականապատ մեքենայի պայթիւնի հետեւանքով, նախնական տեղեկութիւններով 10 մարդիկ զոհուած են եւ վիրաւորուած աւելի քան 60 անձեր: Վնասուած են ինքնաշարժներ եւ առեւտրային կեդրոններ:

Նշենք, որ Ժարամանայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են, որոնց շարքին նաեւ հայեր կան` աւելի քան 400 հայ ընտանիքներ: