asbarez.com – Հայ Օգնութէան Միութեան ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի 93րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի Յուլիս 18էն 21, Ֆիլատելֆիոյ Քինկ Աֆ Փրաշա շրջանի «Տապըլ Թրի» պանդոկին մէջ:

Բոլոր շրջանները ներկայացնող պատգամաւորներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ հրաւիրեալներ, որոմց կարգին ԱՄՆ Արեւեալեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան:

ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէն կը ներկայացնէր Անժէլ Մանուկեան, իսկ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչն էր Քարոլին Շմաւոնեան: Հիւրաբար ներկայ էր նաեւ, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան:

Ժողովին կիզակէտն էր Սուրիահայութեան օժանդակութեան համար դրամահաւաքի աշխատանքները: Այս գծով, կարելի եղաւ կէս ժամուան ընթացքին հաւաքել 17,750 տոլար գումար մը:

Բացման հանդիսութեան խօսք առաւ առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, որ նշեց, թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր բարեսիրական, կրթական, խնամատարական լայնածաւալ եւ հետեւողական գործունէութեան ընդմէջէն, հայրենասիրութեան լաւագոյն արտայայտիչն է, նաեւ իրաւացիօրէն հպարտութեան զգացումներ կը ներշնչէ բոլորին:

Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց կատարուած աշխատանքն ու կատարուեցան առաջարկներ յառաջիկայ տարիներուն համար:
Նորակազմ Շրջանային վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն՝ Անի Աթթար (Տիթրոյիթ), Թալին Մկրտիչեան (Փրովիտընս), Սեւան Քոլեճեան (Ուաշինկթըն), Վալանթին Պէրպէրեան (Նիւ Եորք), Սիլվա Պետեան (Շիքակօ), Մելիսա Սիմոնեան (Փրովիտընս) եւ Մարճի Պապիկեան (Նիւ Ճըրզի):

25/07/2013