kantsasar.com – Նկա­տի ու­նե­նա­լով այժ­մու տագ­նա­պա­լի առօր­եան, երբ ան­նա­խա­դէպ երե­ւոյ­թի առ­ջեւ գտն­ուած են գա­ղու­թի հայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւնը եւ յատ­կա­պէս երի­տա­սար­դու­թիւնը, Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. Վար­չու­թեանս հրա­ւէ­րով եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ քա­ղա­քիս մաս­նա­ճիւ­ղին, 4 մի­ա­ւոր­նե­րուն, Ս.Օ.Խ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. Վար­չու­թիւն­նե­րուն, Ս.Ե.Մ.-ի Կեդր. Վար­չու­թեան եւ Ընդհ. Վա­րիչ Մարմ­նին, կա­յա­ցաւ զրոյց հան­դի­պում մը հե­տեւ­եալ մտ­քե­րով եւ կար­ծիք­նե­րով.-

* Ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս ու­նե­նան հան­դի­պում­ներ մտ­քե­րու փո­խա­նակ­ման ծրագ­րով:

* Մա­նուկ­նե­րու մօտ պէտք չէ դադ­րի միու­թե­նա­կան աշ­խա­տան­քը, ուր անհ­րա­ժեշտ է հո­գե­բա­նա­կան բա­ժի­նը առա­ւե­լա­բար, որ­պէս­զի ապա­գա­յի մա­նուկ­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս պա­տա­նի­նե­րուն հո­գե­վի­ճա­կին վրայ ժխտա­կան անդ­րա­դարձ չու­նե­նայ այժ­մու կա­ցու­թիւնը:

* Գոր­ծու­նէ­ու­թեան ըն­թաց­քին ծնող­նե­րը իրենք եւս նե­րառ­ուին, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ ծնողք-զա­ւակ-միու­թիւն կը կազ­մեն եռ­եակ ուժ մը:
* Օգտ­ուիլ երէց­նե­րու փոր­ձա­ռու­թե­նէն միու­թե­նա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան մէջ:

* Անհ­րա­ժեշտ է պահ­պա­նու­մը մեր կա­ռոյց­նե­րուն, որով­հե­տեւ ան­պայ­մա­նօ­րէն պի­տի շա­րու­նա­կենք գո­յա­տե­ւել:

* Ու­նե­նանք մար­մին մը, որ կար­գա­ւո­րէ ընդհ. աշ­խա­տան­քի ու­ղե­գի­ծը, որ­պէս­զի միու­թիւն­նե­րը ու­նե­նան յս­տակ գոր­ծու­նէ­ու­թեան ուղ­ղու­թիւն, նպաս­տե­լու հա­մար ժո­ղովր­դա­յին ընդ­հան­րա­կան կար­ծի­քի կազ­մա­ւոր­ման:

* Փոր­ձել մաս­նա­գի­տա­կան առու­մով տա­նիլ աշ­խա­տանք հնա­րա­ւոր սահ­ման­նե­րու մէջ եւ առիթ ըն­ծա­յել մաս­նա­գէտ­նե­րուն գոր­ծու­նէ­ու­թիւն ու­նե­նա­լու իրենց մաս­նա­գի­տութ­եան ծի­րէն ներս:

Վա­րել տն­տե­սա­կան նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, օգտ­ուիլ ոչ հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րէ, ու­նե­նալ հա­սու­թա­բեր հաս­տա­տու­թիւն­ներ` բարեշրջե­լու հա­մար նիւ­թա­կան կացութիւնը:

* Զարկ եւ ար­ժէք տալ քա­րոզ­չա­կան բաժ­նին, որո­նել նոր աշ­խա­տե­լա­ձեւ միու­թեան սա­տար հան­դի­սա­նա­լու հա­մար:

Ներ­կա­նե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ հե­ռա­ցան սրա­հէն, որով­հե­տեւ յիշ­եալ ան­նա­խըն­թաց հան­դի­պու­մը առիթ ըն­ծա­յած էր բո­լո­րին մի­ա­տեղ ըլ­լա­լու եւ ան­կաշ­կանդ ձե­ւով ար­տա­յայ­տե­լու իրենց մտ­քերն ու կար­ծիք­նե­րը: