kantsasar.com – Արդարեւ, երբ Հա­լէպ քա­ղա­քը կ՛ապ­րի դժ­ուա­րին եւ ճգ­նա­ժա­մա­յին օրեր, «Գ. Եսայ­եան» սրա­հը կը յոր­դէր երե­խա­նե­րով, երի­տա­սարդ­նե­րով եւ տա­րեց­նե­րով, որոնք ամէն բան մէկ­դի դրած եկած էին գէթ եր­կու ժամ մա­սամբ մոռ­նա­լու, իրենք-զի­րենք խա­բե­լու, որ կեան­քը շնորհ­ուած մարդ­կու­թեան որ­պէս նուէր, կ՛ար­ժէր ապ­րիլ հոգ չէ թէ պայ­քա­րե­լով կամ տա­ռա­պե­լով. դիւ­րին չէր աւե­լի քան եր­կու տա­րի­ներ անընդ­հատ մտա­հո­գու­թեան մէջ ըլ­լալ, հա­մո­զել յատ­կա­պէս երե­խա­նե­րը, որոնք ար­դար իրա­ւուն­քը ու­նին ապ­րե­լու ան­հոգ ման­կու­թիւն մը, երբ դպ­րո­ցա­կան առօր­եան անո­րոշ է, ըն­կե­րա­յին կեան­քը մա­սամբ դող­դո­ջուն, մե­ծե­րուն պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան կը մնայ որոշ կար­գադ­րու­թիւն մը ձե­ւա­կեր­պել հա­մո­զիչ իրա­վի­ճակ մը ստեղ­ծե­լու հա­մար:

Եւ այս­պէս բազ­մա­հա­րիւր հա­յոր­դի­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ 14/7/2013-ի յետ­մի­ջօ­րէ­ին կա­յա­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ գե­ղար­ուես­տա­կան ձեռ­նարկ-փա­ռա­տօ­նը, որ հա­մախմ­բումն էր միութ­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը կեան­քի կո­չող «Ն. Աղ­բալ­եան» մաս­նա­ճիւ­ղի «Բ. Կա­նաչ­եան», «Զուարթ­նոց», «Թա­տե­րա­կան» մի­ա­ւոր­նե­րու եւ ան­հատ կա­տա­րող­նե­րուն:

Առա­ջին հեր­թին թա­տե­րակ մըն էր, որ կը ներ­կա­յաց­նէր Սա­րու­խա­նի գոր­ծե­րէն հա­մադը­րու­թիւն մը, բե­մադ­րու­թեամբ ընկ. Խա­չիկ Ղա­զար­եա­նի:

«Զուարթ­նոց» երգ­չա­խում­բը, խմ­բա­վա­րութեամբ` տի­ար Յա­րու­թիւն Ալա­պոզ­անեա­նի եւ դաշ­նա­մու­րի նուա­գակ­ցու­թեամբ օրդ. Ռու­զան Պար­սում­եա­նի, բեմ ներ­կա­յա­ցաւ նախ «Ֆոկ Ալ Նա­խէլ» արա­բե­րէն եր­գով, ապա մեկ­նա­բա­նեց «Ոլոր-մո­լոր» Շե­րա­մէն, մե­նա­կա­տար­ներ ու­նե­նա­լով Լե­նա Պաղ­տոյ­եան եւ Թա­լին Սի­մոն­եան, «Արի Զօ­րա­վար»` հե­ղի­նա­կու­թեամբ Գու­սան Հայ­կա­զու­նի:

Բե­մը թն­դաց «Ն. Աղ­բալ­եան» մաս­նա­ճիւ­ղի պա­րա­խում­բի առ­նա­կան թո­փիւն­նե­րով. «Սար­դա­րա­պատ»ն էր, երբ տղա­քը այն­քան տի­րա­կան շար­ժու­ձե­ւե­րով եւ վարակիչ խան­դա­վա­ռու­թեամբ տպա­ւո­րե­ցին հան­դի­սա­տե­սը:

Բժ. Ռաֆ­ֆի Ապէճ­եան եւ Գէ­որգ Մա­նուկ­եան եր­գե­հո­նի եւ «սաք­սի­ֆո­նի» վրայ ներ­կա­յա­ցու­ցին «Ով սի­րուն սի­րուն», «Շո­ղեր ջան», «Ձիւնը գա­լիս է» քնարական եղա­նակ­ներ:

Սար­դա­րա­պատ պա­րա­խում­բի աղ­ջիկ­նե­րը հան­դէս եկան «Հնդ­կա­կան» պա­րով, իս­կա­պէս տա­րազն ու շար­ժու­ձե­ւե­րը այն­քան հա­րա­զատ էին, որ ներ­կա­նե­րը աւե­լի քան գոհ էին ներ­կա­յա­ցու­մէն:

Նուա­գող զոյ­գը (Ապէճեան-Մանուկեան) երկ­րորդ ան­գամ ներ­կա­յա­ցուց «Դու ինձ հա­մար սի­րոյ աղ­բիւր» եւ «Երե­ւան իմ հո­գու օթե­ւան» եր­գե­րու հո­գե­թով եղա­նակ­նե­րը:

Բե­մա­հար­թա­կը դարձ­եալ թն­դաց պա­րա­խում­բի աղ­ջիկ­նե­րու եւ տղոց կող­մէ ներ­կա­յաց­ուած արա­բա­կան պա­րով` արա­բա­կան աշ­խար­հի, արե­ւել­եան ճա­շա­կի շող­շո­ղուն զգեստ­նե­րով եւ եղա­նա­կով:

Այ­նու­հե­տեւ Յա­կոբ Այն­թէպլ­եանն էր, որ «Հայ ենք մենք» եր­գով ոգե­ւո­րեց սրա­հը եւ ծա­փող­ջոյն­նե­րով գնա­հատ­ուե­ցաւ:

«Զուարթ­նոց» երգ­չա­խում­բը ար­ձա­գան­գեց «Հա­յեր մի­ա­ցէք» ազ­գա­շունչ եր­գով, զոր ար­ժե­ւո­րեց Եղ­իա Քի­լէճ­եա­նը որ­պէս մե­նա­կա­տար, այն­քան վարժ եւ տպա­ւո­րիչ ձե­ւով մեկ­նա­բա­նելով եր­գի իմաս­տը: Իսկ երգ­չա­խում­բը «10 միլի­ոն հայ» եր­գը կատարեց գո­յա­տեւ­ման վճ­ռա­կա­մու­թեամբ` նոյն­պէս ար­ժա­նա­նալով հան­դի­սա­կաննե­րու անխառն գնա­հա­տան­քին:

Յայ­տագ­րի աւար­տին «Մի­աս­նու­թեան պար»ն էր, որ եզ­րա­փա­կեց ձեռ­նար­կը, ապա բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը հա­մա­խումբ երեւ­ցան բե­մին վրայ, դե­րա­կա­տար­ներ, երգ­չա­խում­բի եւ պա­րա­խում­բի մաս­նա­կից­ներ եւ հան­դի­սա­վար­ներ` ընկ. Գէ­որգ Շա­հին­եան եւ ընկհ. Նա­րի­նէ Գոն­ճայ­եան, որոնք յայ­տա­գի­րը վա­րե­ցին մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ, անոնք իւ­րա­քան­չիւր խօս­քի մէջ ու­նէ­ին մտածում մը, թե­լադ­րանք մը, մտա­ւո­րա­կան-բա­նաս­տեղ­ծի մը պատ­գա­մը, որոնք առա­ւել եւս ար­ժե­ւո­րե­ցին «Կեան­քը կը շա­րու­նակ­ուի» ձեռ­նար­կը:

Ի վեր­ջոյ բեմ հրա­ւիր­ուե­ցաւ Թե­միս Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Եպս. Սար­գիս­եա­նը, որ իր դր­ուա­տանքն ու գո­վա­սան­քի ար­տա­յայ­տու­թիւնը փո­խան­ցեց հան­դի­սա­կաններուն: (Սր­բա­զա­նի խօս­քը կը ներ­կա­յաց­նենք, որոշ յապաւումներով, «Գան­ձա­սար»ի ներ­կայ մեր հա­մա­րի առա­ջին էջին վրայ):