kantsasar.com – Թէ ինչո՞ւ այս վերնագիրը. Ազգային Հպարտութիւն եւ Երախտագիտութիւն:
Այն պատճառով, որ երբ կը նայինք մեր պատմական անցեալին կը տեսնենք, թէ որքան սէր կուտակած է հայու հոգին, որքան սէր ամբարած է հայը դարերու ընթացքին, որպէսզի Քուչակը իր հայրենները երգէր ու աշխարհին բարձրաձայն յայտարարէր.-
«Երբ սէրն ի յաշխարհ եկաւ, եկաւ իմ սիրտս բնակեցաւ.
Հապա յիմ սրտէս դուրս` երկրէ երկիր թափեցաւ»:
Որպէսզի Պարոյր Սեւակը հայ հոգիէն բխող երախտագիտութեան զգացումներ ներբողէր, ու համայն աշխարհն յիշեցնէր,-
«Գիտենք բարեկամին դառնալ աջակից.
Դուրս գալ մեզ արուած բարութեան տակից`
Մէկի փոխարէն տասն հատուցելով…»
Եւ այն պատճառով, որ ազգային արժանապատիւ հպարտութեամբ եւ բաց ճակատով աշխարհին յայտնենք` թէ հայ ժողովուրդը աշխարհի քաղաքակրթութեան գանձարանին շատ բան կտակած է, բայց ամենաթանկագինն ու ամենագեղեցիկը մարդասիրական իր ոգին է, առկայծող ու երբեք չխամրող իր մարդասիրութիւնն է, որ կը հաւատայ «բարիին», «վսեմին», ու «լաւին»:
Այս խօսքերը չափազանցութեան ու պարծենկոտութեան խօսքեր չեն երբեք այլ` պատմական խորհուրդն է մեր դարաւոր անցեալին:
Իսկ եթէ դարերու ընթացքին հեռու մնացինք քաղաքականութեան դիւանագիտական խաղերէն պարզապէս` որ սիրոյ ու գութի զգացումները միշտ ողողած են մեզ:
Այդ մասին գիտեն ազգերը բոլոր: Եւ գիտեն նաեւ, թէ պարտքի տակ չեն մնար հայ ժողովուրդի զաւակները, այլ` գիտեն հատուցել բարիքի դիմաց.-
«Ո՜ւր էլ որ հասել, որտեղ էլ եղել,
Ջանացել ենք մենք ամէնքի՛ համար.
Շինել ենք կամուրջ,
Կապել ենք կամար,
Ամէ՜ն տեղ հերկել,
Հասցրել բերքեր»:
Այս խօսքերը կենդանի փաստեր են, իրական տպաւորութիւններ, որոնց մասին կը խօսին այսօր Սուրիոյ գաղթօճախները:
Հոն պիտի տեսնէք մեր հայկական կառոյցներէն իւրաքանչիւրը` բարեսիրական թէ մշակութային կազմակերպութիւններ, օգնութեան ձեռք երկարած են ոչ միայն հայ համայնքի զաւակներուն, այլ իրենց որդեգրած մարդասիրական ծրագիրներով գտած են երախտագիտութեան սրտաբուխ արտայայտութիւնը հանդէպ արաբ ազնիւ ժողովուրդին:
Որքան սիրով ու ակնածանքով կը հնչեն երախտագիտութեամբ համակուած մեր երիտասարդները իրենց ուխտի խօսքերը` «Սուրիան մեր երկրորդ հայրենիքն է» բառերը: Զգացում մը, որ ինքնաբուխ է, վճիտ ու անարատ:
Երկրորդ հայրենիքի այս ընկալումը` հայութեան սրտին մէջ տեղ գտած յարգանքի ու հաւատարմութեան զգացումները այնքան հարազատ են ու անխառն, որ կու գայ դարերու խորքէն հայ եւ արաբ ժողովուրդներու դարերու պատմութիւն ունեցող, դարերու հետ ծաւալուած ու ամրապնդուած սերտ յարաբերութիւններէն: Անքակտելի կապեր, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր:
Ինչ խօսք, որ նման պարագաներուն հպարտութեան զգացումը անբաժանելի է երախտագիտութենէն: Եւ ինչպէ՛ս չհպարտանալ, երբ կը տեսնենք մեր հայրենի ժողովուրդին հոգատար վերաբերմունքը հանդէպ սուրիացի ժողովուրդին, եւ այդ հողին վրայ ապրող իր հարազատ զաւակներուն:
Ինչպէս կարելի է մոռնալ, սուրիացին` այն ասպնջական ժողովուրդը, որ գրկաբաց ընդունեց դարաւոր արհաւիրքներէն ու աղէտներէն մազապուրծ փրկուած հայերը:
Այն ժողովուրդն է, որ կարելի է առանձնացնել ոչ միայն իր մշակոյթով, իր բարքերով ու սովորութիւններով, այլ իր իւրայատուկ մարդկային ըմբռնումներով, համակեցութեան իր ուրոյն կենցաղաձեւով, ուր այլեւայլ ազգութիւնները կ՛ապրին իրար հետ եւ իրարմով, իրար հետ ձեռք-ձեռքի տուած հաշտ ու համերաշխ: Մշակութային կենցաղին հետ մէկտեղ կը գտնէք ժողովուրդին հոգեբանութեան մէջ արմատաւորուած սերտ բարեկամութիւնը:
Որքան խոհեր, մտորումներ ու զգացումներ կը ծնին խռովայոյզ այս օրերուն:
Խոհեր, մարդկային գեղեցիկ իտէալներու մասին, հասարակական փոխ-յարաբերութիւններու մասին, նոր կեանք կառուցելու, ատելութիւնն ու անվստահութիւնը վերացնելու մասին:
Եւ այն մասին, որ մարդուն ազատ անհատականութիւնը, մարդուն ստեղծագործ ոգին, ընդունակ են հրաշքներ գործելու: Անկաշկանդ մտածողութիւնը, որ մարդուն հնարաւորութիւններ կու տայ դրսեւորելու իր տաղանդը, իր անբռնազբօսիկ տարերքը:
Ահա թէ ինչու, հայութիւնը որպէս բարոյական ուժ իր ունեցած հնարաւորութիւններով չի զլանար նեցուկ կանգնելու սուրիացի ասպընջական մարտնչող ժողովուրդին, հաւատալով որ երկիրը պիտի դուրս գայ այս ճգնաժամէն, եւ պիտի վերագտնէ իր երբեմնի կենսունակութիւնը:
Եւ անկասկած` գաղութին նուիրումն ու գործնական ջանքերը պատմութեան համար պիտի մնան մնայուն փաստեր:
Հոն ուր քաղաքակրթութիւնը ծնաւ, իր ազգերով ու ժողովուրդով պիտի յառնին վերջապէս:
Հոն` ուր խաղաղութեան մրմունջներ կը լսուին ամենուրեք, հայութեան վաղեմի սրտի խօսքն է կարծես որ կը հնչէ` «Խաղաղութիւն Ամենեցուն…»:
Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան