kantsasar.com – Ընթացիկ 5 Յուլիսին Երեւանի մէջ կայացած իրաւաբաններու համահայկական խորհրդաժողովի ընթացքին, Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի կատարած պահանջատիրական բնոյթի յայտարարութեան Թուրքիա արձագանգեց շուրջ տասնօրեայ ուշացումով, համեմատաբար զուսպ ու հաւասարակշռուած հակազդեցութեամբ, ինչ որ յստակ նախաճաշակ մը կը փոխանցէ Անգարայի քաղաքական-քարոզչական նորագոյն մօտեցումներուն ու աշխատանքային վերափոխուած ունակութեանց մասին:
Հայոց պահանջատիրութեան հիմնական ուղղութիւնները բնորոշող Աղուան Յովսէփեանի խօսքը շրջանառուած էր ամենակարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին եւ հասած` առ որ անկ է: Արդարեւ, եթէ ոչ թրքական` ապա ազրպէյճանական լրատուամիջոցները քայլ առ քայլ կը հետեւին հայկական ելեկտրոնային կայքերու վրայ յայտնուող գրեթէ բոլոր տեղեկութեանց, արագ եւ բազմակողմանի վերլուծութեանց կ՛ենթարկեն զանոնք, հուսկ`ամփոփուած եզրակացութեանց արդիւնքով կողմնորոշուելու եւ պատասխանելու անոնց:
Ինչպէս կանխանշեցինք, Աղուան Յովսէփեանի յայտարարութեան թրքական կողմը կ՛արձագանգէր ուշացումով եւ միայն արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերի մակարդակով, այսինքն` երբ յայտարարութիւնը արդէն կորսընցուցած էր իր այժմէականութիւնն ու հրատապութիւնը:
Անակնկալ եւ զգայացունց այդ յայտարարութեան նկատմամբ Անգարա կը դրսեւորէր առաջին հերթին հարցը արհամարհելու, միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու, ապա քանի մը նախադասութեամբ հակադարձելու քաղաքականութիւն` պարզելով, որ քաջատեղեակ է Երեւանի մէջ հնչած յայտարարութենէն եւ լրջօրէն բարկացած այդ առնչութեամբ:
Այսօրինակ մօտեցումով թրքական կողմը կը փորձէ անմիջականօրէն շրջանցել դիմագրաւած հրատապ հարցերը, հնարաւորինս խուսափիլ անոնցմէ, մինչեւ այն պահը, երբ անոնք կը սկսին կորսնցնել իրենց հնչեղութիւնն ու կարեւորութիւնը, ապա կը պատասխանէ անոնց: Այլ խօսքով` կը թուլցնէ, կը մեղմացնէ հարուածը եւ յետոյ սլաքները կը շրջէ հակառակորդի ուղղութեամբ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակի յապաղած արձագանգը կ՛անդրադառնայ միմիայն տարածքային պահանջներուն: Մինչդեռ` գլխաւոր դատախազի յայտարարութիւնը կ՛ընդգրկէր նաեւ հայ-թրքական սահմանի վիճելի իրողութեան կապակցաբար բացորոշ տեսակէտ եւ ձեւակերպում. «Մենք տարածքային վէճեր ունենք ինչպէս Թուրքիայի, այնպէս նաեւ Ազրպէյճանի հետ»: Ուրեմն` թուրք բանբերը ճիշդ ընկալած ու վերարտադրած էր հայ-թրքական սահմանը իրաւականօրէն չհաստատուած ըլլալու Հայաստանի գլխաւոր դատախազին կարծիքը: Դատախազի ուղերձը կը ներփակէր ոչ միայն տարածքային պահանջք, այլ նաեւ հայ-թրքական սահմանը չճանչնալու բացայայտ ու վճռական կեցուածք:Թուրքիա կը փորձէր Աղուան Յովսէփեանի յայտարարութիւնը ներկայացնել որպէս մեր երկրի պաշտօնական տեսակէտ` Հայաստանի իշխանութեանց դիրքորոշում, որ կը հրամցուի անորոշ, անյստակ ձեւակերպումով:
Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, մեր երկրի ղեկավարներն ու արտաքին գերատեսչութեան պատասխանատուները, արտգործնախարարները միշտ ալ հանդէս եկած են Թուրքիայէն տարածքային պահանջքներ չունենալու մասին յայտարարութիւններով: Հայաստանի գլխաւոր դատախազի զուտ իրաւական բնոյթ կրող գնահատականը, որ թէեւ ճշգրտօրէն չի յստակացներ, թէ ինչպիսի գործընթացներով պիտի իրականացուի հայկական հողերու վերադարձը, թրքական կողմէն առաջին անգամ ըլլալով ընկալուած է որպէս տարածքային պահանջատիրութիւն:
Գաղտնիք չէ, որ որեւէ յանցագործութեան իրաւական գնահատական տալն ու անոր հետեւանքները դարմանելու նպատակով իրաւաբանօրէն հիմնաւորուած խնդրի առաջադրումը բոլորովին կը տարբերի, պետութեան մը կողմէ այլ որեւէ տէրութեան տարածքային պահանջ ներկայացնելու վերաբերումէն:
Տուեալ հարցը կրնայ առաջադրուիլ նաեւ միջազգային դատարաններու եւ այլ ատեաններու կողմէ: Հայաստանի նախագահը կամ արտգործնախարարութիւնը այնքան ատեն որ նման հարց չեն բարձրացուցած, ապա վաղաժամ է խօսիլ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած տարածքային որեւէ պահանջքի մասին:
Շրջանցելով այս ակնյայտ փաստը Թուրքիոյ մամլոյ խօսնակը փորձած է իր արժեւորման անբաւարարութիւնը թաքցնել այն յիշեցումով, որ այդ դիրքորոշումը կը հակադրուի ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի գլխաւորութեամբ միջազգային կազմակերպութիւններու նկատմամբ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն:
Այստեղ կը պարտաւորուինք հարց տալ, թէ վերոնշեալ կազմակերպութիւններուն անդամագրուելով իւրաքանչիւր երկրի կողմէ ընդուն-ուող պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու սկզբունքը արդեօք որեւէ կերպով աղերսուա՞ծ է Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հիմնախնդրին հետ: Ծանօթ է բոլորին, որ ցեղասպանութեամբ, այսինքն` մարդկութեան դէմ գործուած անքաւելի մեղքով ու յանցապարտութեամբ ձեռքբերուած տարածքներու հաշւոյն հնարաւոր չէ ընդհանրացնել, ինչպէս նաեւ ապագային եւս կարելի չէ կիրառել պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը:
Հայաստանի դատախազի ուղերձին անմիջականօրէն չպատասխանելով, խնդիրը առերեւոյթ անտեսելով, շրջանցելով, ապա զայն միջազգային իրաւունքի հարթութենէն երկկողմ յարաբերութիւններու ոլորտ տեղափոխելով եւ անոր գումարելով ՄԱԿ-ի կամ ԵԱՀԿ-ի կանոնադրութիւններու հանրածանօթ կէտերը, թրքական կողմը կը փորձէ հիմնովին խեղաթիւրել, նենգափոխել հարցը եւ մղել զայն բոլորովին տարբեր հարթակ:
Բնական է, որ թրքական այդ ուղղուածութիւնը հրամցուէր զուտ թրքական սպառնալիքով սքողուած` «Ոչ ոք պէտք է համարձակի հողային պահանջներ ներկայացնել Թուրքիային»:
Այսպէս` 5 Յուլիսին իրաւաբաններու համահայկական խորհրդաժողովի ընթացքին Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի հընչեցուցած պահանջատիրական յայտարարութիւնը կը համարուի այն իւրօրինակ փորձաքարներէն, որ մեր հայրենի պետական ու քաղաքական շրջանակներուն պատեհութիւն ընձեռեց որոշակիօրէն ծանօթանալու թրքական կողմի անմիջական կողմնորոշումներուն եւ ապագային որդեգրելիք հաւանական քաղաքականութեան ու հակազդեցութեան եղանակներուն:
Անտարակոյս, տեղի ունեցածը ուսանելի է եւ օգտակար, երբ հարցը կը տեղադրենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ սպասուող հայ-թրքական յարաբերութեանց յետագայ զարգացումներու շրջածիրին մէջ:
Անշուշտ ներկայացուածը հայրենի գլխաւոր դատախազին անձնական համոզումը չէր, այլ ինչպէս Թուրքիոյ արտգործնախարարութեան մամլոյ խօսնակը կ՛ընդգծէ` յայտարարութիւնը բարացուցական էր այն առումով, որ կը կատարուէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հովանաւորութեամբ եւ բացման ողջոյնի խօսքով Երեւանի մէջ կազմակերպուած հայ իրաւաբաններու համահայկական համաժողովի ընթացքին:
Բարձրագոյն հովանաւորութիւն վայելող պատասխանտու ատեանէ հնչած երեւանեան պատգամը միանշանակօրէն հայկական բռնագրաւուած տարածքներու պահանջ կը ներկայացնէր Օսմանեան եւ իթթիհատական Թուրքիոյ նորօրեայ ժառանգորդներուն, հայ-թրքական ներկայ սահմանը վիճելի եւ անվաւեր կը համարէր:
Նոյն միջոցին, Թուրքիոյ արտգործնախարարութեան համացանցային կայքէջին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է թէ` թրքական հողերու նկատմամբ Հայաստանի յաւակնութիւնները ակնյայտօրէն կը հակասեն ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի նման միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ որդեգրուած սկզբունքներուն, չմոռնալով յիշեցնելու, որ այդ կառոյցներուն կ՛անդամակցի նաեւ պաշտօնական Երեւանը:
Հայաստանի կառավարութեան մաս կազմող բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը կողմէ բարձրաձայնուած այլ յայտարարութիւնը անակնկալի բերած էր թուրք իշխանութիւնները եւ խուճապի մատնած զանոնք: Առ այդ` պատահական չէ, որ թուրքեր ուշացումով եւ ապա երկրորդ կարգի պատասխանատուի մը բերնով կը հակազդէին հայկական կողմէն հնչած մարտահրաւէրին, փորձելով կերպով մը մեղմացնել անոր անդրադարձն ու լիցքաթափել անոր բովանդակութիւնը:
Այստեղ անհրաժեշտ կը համարենք նաեւ արձանագրել, որ գլխաւոր դատախազի յայտարարութեան ընդմէջէն Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կը խզէ լռութիւնը, կը ձերբազատուի կրաւորական ու անհամարձակ վերաբերումէ, յանդգնութեամբ յայտնուելու համար նախաձեռնող եւ ազդեցիկ դիրքի վրայ, ու մանաւանդ` հակառակորդին պարտադրելով սոսկ հակազդողի կամ հետեւակի աննախանձելի կարգավիճակ:
Խ.Շ.