kantsasar.com – Եզրափակիչ խօսք` արտասանուած Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի կողմէ, Կիրակի, 14 Յուլիս 2013-ին Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցած «Կեանքը Կը Շարունակուի…» խորագրեալ մշակութային-գեղարուեստական փառատօնի աւարտին:
Կը շնորհաւորեմ ձեզ բոլորդ այս ձեռնարկին առթիւ, խուռներամ բազմութեամբ:
Այս սրահը սահմանափակ թիւ մը միայն կրնայ ընդունիլ, այսօր սակայն շատ աւելին է. անոնք որոնք չկրցան այսօր ներկայ գտնուիլ յառաջիկայ Կիրակի անպայմանօրէն նոյն յայտագիրը կրնան վայելել: Եթէ քիչ յետոյ ձեր հեռաձայնը հնչէ կամ ազգական մը հարց տայ թէ ի՞նչ ունինք,- ըսէ՛ք, հայ մշակոյթի փառաբանանքն է, բայց մանաւանդ հոգին խանդավառող, զօրացնող, կեանքը փոխող առիթ է. մենք Հալէպահայերս պատերազմի եւ սպառնալիքի դէմ կ՛ապրինք եւ կ՛ապրեցնենք. տնտեսական, ընկերային դժուարին պայմաններուն տակ աչք եւ ականջ փակած կ՛ապրինք տակաւին, որպէս Մայր Գաղութ, որովհետեւ կազմակերպուած համայնք ենք եւ առաւել կերպով կապուած մեր արմատներուն, որոնցմէ մեր կենսաւիշը կը ստանանք: Ամբողջ աշխարհը թող գիտնայ, որ մենք պիտի շարունակենք ապրիլ բոլոր ճակատներու վրայ, որպէսզի մեր պատիւն ու իրաւունքը պաշտպանենք: Աստուած մեզի տուած է սիրոյ զգացումը, հաւատք կամ ուժականութիւն, իսկ սիրոյ վեհութիւնը միայն քաջ մարդոց կը պատկանի, մեր հայրենակիցները թող գիտնան, որ հալէպահայերը կ՛ապրին տակաւին, ականջ ունեցողները թող լսեն եւ աչք ունեցողներ տեսնեն, թէ մենք ծրագիր կը մշակենք, կազմակերպ կ՛ապրինք, թէ մենք պիտի շարունակենք ապրիլ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար եւ ի պատիւ մարդկութեան պիտի պաշտպանենք մեր պատիւն ու իրաւունքը: Յուզուեցայ` երբ այս փոքրիկները նշմարեցի, մեր հարազատները եւ ազգականները, ուրախութեան արցունքները աչքիս մէջ էին: Յուսահատութիւնը մարդկութեան կեանքին մէջ թերահաւատին եւ տկարամիտին կը պատկանին, սակայն մեր ճակատագիրը հետեւեալ երեքին մէջ է` հաւատք, կամք եւ ուժականութիւն, կեանքը սիրելու, երկիրը սիրելու եւ մարդը սիրելու մէջ է: Սիրելը քաջ մարդու գործ է, տկար մարդիկ չեն կրնար սիրել: Այս առթիւ հետեւեալ մտքերը կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ ձեզի հետ առաջինը` ձեր անունով եւ անձամբ կ՛ուզեմ բարձրօրէն շնորհաւորել, գնահատել Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամ-անդամուհիները, արուեստագէտ-արուեստագիտուհիները:
Պիտի փորձենք այս տագնապալի օրերուն բարի գործ մը կատարել, ինծի մի՛ հարցնէք, թէ ի՞նչ են բարի գործերը, միա՛յն չարը չի կրնար բարիք ընել, բայց բարի մարդը գիտէ, որ բարին երկնքի աստղերուն չափ տեսակաւոր է եւ որեւէ ժամանակ բարիք կրնայ ընել օրինակ` օգնել իր եղբօրը եւ քրոջը, օգնել իր նմանակիցներուն, օգնել քաղաքին: Օրինակ մը` եթէ այս սրահի ներսի կողմէն մըտնէք Կիւլպէնկեան Վարժարան, բակի մուտքին կան ութը կամ տասը ծորակներ, որպէսզի ջուր հոսի եւ մարդիկ օգտուին:
Մենք չենք ըներ մեզի համար, այլ` հանրութեան: Աստուած ի՛նք գիտէ, որ բարիք կ՛ընենք ամբողջ ժողովուրդին համար, ոչ միայն հայուն, այլ` իսլամին, քրիստոնեային, արաբին, քիւրտին, տաճիկին… ինչ անուն որ կ՛ուզէք. օր մըն ալ կը տեսնէք որ ջուրը եւ կազը կը բաժնենք:
Պիտի փորձենք բարիք ընել:
Երէկ գիշեր որպէսզի այս նշանաւոր հեռաձայններուն պատասխանած ըլլամ, հեռաւոր տեղէ մը հեռաձայն հնչեց, որ կ՛ըսէր. այս պահուն ռումբեր կ՛իյնան հին քաղաքին վրայ. ըսի.- հեռաձայնդ եթէ փակես գոնէ գլուխիս վրայ չ՛իյնար: Մենք ռումբէն չենք վախնար, բայց զգոյշ ըլլալը վախկոտութեան նշան չէ, զգոյշ, շրջահայեաց ըլլալը ձեր եւ մեր պարտականութիւնն է ամէն ատեն. փոքրիկէն մինչեւ ծերունիին մատին անգամ եթէ բան մը ըլլայ, մենք բոլորս պատասխանատու ենք. եւ այդ իմաստով փորձենք, որ անախորժ անակնկալներէն հեռու մնանք: Իսկ վերջին խօսքս կ՛ուզեմ երազային կապերով` ձայնասփիւռով եւ հեռուստացոյցով հասնի ձեր եւ մեր բոլորին ձայնը եւ պատկերը մեր հարազատներուն: Հայրենակիցնե՛ր, խօսքով շատ բաներ կարելի է ընել բայց գործով քիչ, ժողովուրդներ կ՛ապրին, այլ ժողովուրդներ կ՛ապրին չնաշխարհիկ կարծիքներ տալով երբեմն facebook-ի, երբեմն internet-ի միջոցով, մանաւանդ մեր դուրսի ազգակիցները որոնք կ՛ուզեն տրուի ընդմիշտ: Մի՛ վախնաք, դուք եթէ կը վախնաք մենք չենք վախնար, մեր տեղը շատ ամուր կեցած ենք, աշունը կու գայ տերեւները կը թափին, բայց աշունը 12 ամիսներ չէ որ կը շարունակուի, մենք կը հաւատանք, որ խաղաղութիւնը պիտի իջնէ Սուրիոյ վրայ, խաղաղութիւնը պիտի իջնէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ. մեր ժողովուրդը նոյնը չի կրնար մնալ, բայց կրնայ վերականգնիլ. մէկ ապացոյց ունինք կեանքին մէջ, աշխարհի բոլոր մարդոց առջեւ, որ մեր ժողովուրդը պիտի վերականգնի: Հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութիւն ու ջարդեր տեսած ազգ է, սակայն կաղնիի նման կանգուն է եւ ամրակուռ:
Կը շնորհաւորեմ մեր ժողովուրդի զաւակները ամէն տեղ, նաեւ Համազգայինը իր բոլոր անդամներով եւ կը թելադրեմ` որ փափաքողները անյապաղ կերպով երթան եւ մաս կազմեն այս մեծ կազմակերպութեան:
Կը շնորհաւորեմ ձեզ բոլորդ: