kantsasar.com – Առա­ւօտ կա­նուխ գլ­խա­ցա­ւով արթն­ցաւ, հա­կա­ռակ նես­քա­ֆէ խմե­լու իր սո­վո­րու­թեան` մօր­մէն խնդ­րեց, որ գա­ւաթ մը հայ­կա­կան սուրճ պատ­րաս­տէ: Կուրծ­քին վրայ ծան­րու­թիւն եւ ճն­շում մը կը զգար: Սուր­ճին բոյ­րը զինք փո­խադ­րեց իր ծնն­դա­վայ­րը` Հա­լէպ, ու կր­կին սիր­տը մղկ­տաց: Հա­լէ­պը հի­մա ո՛չ միայն իր ծնն­դա­վայրն էր ու ման­կու­թեան յի­շա­տակ­նե­րու օր­րա­նը, որ­մէ տասն­չորս տարիէ ի վեր հե­ռա­ցեր էր, այլ հի­մա հո՛ն է նաեւ ԱՆ` իր սի­րու­հին… Սուր­ճին առա­ջին ում­պին հետ զգաց, որ գի­շեր­ուան գլ­խա­ցա­ւը կը սաստ­կա­նար, ամ­բողջ գի­շե­րը մտա­ծած էր իր սի­րոյն մա­սին, սի­րե՞լ, հի­մա՞, պա­տե­րազ­մի դժն­դակ օրե­րո՞ւն, ի՞նչ պի­տի ըլ­լար այս­պի­սի սի­րոյ մը ճա­կա­տա­գի­րը, նր­բա­գոյն այս զգա­ցու­մը պի­տի դի­մա­նա՞ր արդ­եօք այս սեւ օրե­րուն, ի՜նչ իմաստ ու­նէր հի­մա սէ­րը, սի­րե­լը, երազ­նե­րու աղ­ջի­կը գտ­նե­լը, երբ անոր դի­մաց կանգ­նած էր ան­յայտ ճա­կա­տա­գի­րը…

Եր­կու շա­բաթ առաջ ճամ­բոր­դու­թեան տոմ­սե­րը ապա­հո­ված էին, ըն­դա­մէ­նը մէկ ամիս ալ պի­տի համ­բե­րէ­ին, որ­մէ ետք ինք Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րէն Լի­բա­նան պի­տի եր­թար, իսկ ան` Հա­լէ­պէն: Վեր­ջա­պէս պի­տի տես­նէ­ին զի­րար- նա­խա­պէս բնաւ չէ­ին տեսն­ուած, արդ­ի­ա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րու շնոր­հիւ ծա­նօ­թա­ցած էին, ուս­եալ էր, հա­մալը­սա­րա­նա­ւարտ, Հա­լէ­պի հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն մէջ լաւ պաշ­տօն եւ լաւ շր­ջա­նակ ու­նէր, հան­գիստ կեանք մը ապ­րե­լու բո­լոր տու­եալ­նե­րով, նա­եւ գե­ղե­ցիկ էր, խե­լա­ցի աչ­քե­րով, կա­նա­ցի կա­խար­դա­կան կազմ­ուած­քով եւ գրա­ւիչ կեն­դա­նութ­եամբ, որ կը թա­փան­ցէ տղու սիր­տին ամե­նա­խոր ծալ­քե­րը: Բայց այս բո­լո­րը չէ­ին զինք կա­պո­ղը այդ աղջ­կան, շա՜տ գե­ղե­ցիկ­ներ մուտք գոր­ծած էին իր կեան­քին մէջ, անոնց մէջ ար­ուես­տա­կան բան մը կար, ոչ իրա­կան, այլ` սառն ու, հա­ւա­նա­բար, պար­զա­պէս կիր­քեր գո­հաց­նող, սա­կայն սէ՞ր, բա­ցար­ձա­կա­պէ՛ս… Ինք Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու զե­խու­թիւն­նե­րը, աղ­ջիկ­ներն ու կի­նե­րը վա­յե­լած էր, բայց չէր կր­ցած երե­ւա­կա­յել, թէ անոնց­մէ մէ­կուն հետ կա­րե­լի էր ըն­տա­նիք կազ­մել:

Իսկ այս ան­գա՞մ. ամէն ինչ տար­բեր էր, այս ան­գամ հրա­ժա­րած էր ամէ՛ն ին­չէ, ամէ՛ն, ին­չո՞ւ` չէր գի­տեր, ի՞նչ կր­ցած էր պար­գե­ւել իրեն այդ հեք­ի­ա­թա­յին սէ­րը, զոր ո՛չ մէ­կը կր­ցեր էր շնոր­հել շօ­շա­փե­լի իրա­կա­նու­թեան մէջ, հա­կա­ռակ անոր որ այս ան­գամ իրա­րու ներ­կա­յու­թիւնն ու մտեր­մու­թիւնը վա­յե­լել չկար, ձեռ­քը բռ­նել, գգ­ուել ու շո­յել չկար, անոր կա­նա­ցի զգլ­խիչ բոյ­րով ար­բե­նալ, գր­կել ու ան­յա­գօ­րէն համ­բու­րել չկար, բայց կար շատ աւե­լի զօ­րա­ւոր, անե­րե­ւոյթ կապ մը, ան­տե­սա­նե­լի, խորհր­դա­ւոր, զոր ա՛լ աւե­լի կը դիւ­թէր, կը հմա­յէր զինք, կար ան­հա­ւա­տա­լի՛ն, կար զգաց­մո՛ւն­քը, անա­րա՛տը, ան­բի՛ծը, անոր ներ­կա­յու­թիւնը ի՛ր մէջ, ի՛ր շուր­ջը, հոգիի՛ն ու սր­տի՛ն մէջ զգա­լու իրա­կա­նու­թիւնը, հրա՞շք էր այս, թէ՞ ող­բեր­գու­թիւն, թե­րեւս ալ իս­կա­կա՛ն սէր:
Բայց ի վեր­ջոյ պի­տի հան­դի­պէ­ին, չէ՞, որ­քա՜ն դան­դաղ կ՛ըն­թա­նար այս ամի­սը, վեր­ջա­պէս երա­զան­քը պի­տի իրա­կա­նա­նար, վեր­ջա­պէ՜ս պի­տի տես­նէր զայն, եւ այս մտա­ծու­մը զօ­րա­ւոր ցան­կու­թիւն մը կ՛արթնց­նէր մէ­ջը, ան­զուսպ ցան­կու­թիւն մը` գր­կե­լու զայն, զգա­լու անոր հպու­մը, պինդ սեղ­մե­լու իր կուրծ­քին, այն­քա՛ն պինդ, մին­չեւ որ մուծ­ուի եւ ներծծ­ուի իր էու­թեան մէջ, ար­եան եւ հոգի­ին մէջ, ի՜նչ երա­նու­թիւն, թե­րեւս այդ վայրկ­եա­նին աշ­խար­հի ամե­նա­եր­ջա­նի­կը ի՛նք պի­տի ըլ­լար, ու այս երա­զան­քը թա­քուն ուժ կը պար­գե­ւէր իրեն, պատ­րանք մը, որ համ­բե­րանք կը շնոր­հէր եւ յոյս կը ներշն­չէր… բայց ժա­մա­նա­կի սլա­քը ին­չո՞ւ այս­պէս կանգ առած էր ու յա­մա­ռօ­րէն կը շա­րու­նա­կէր իր դան­դաղ գնաց­քը:

Բայց… երէկ… «Հա­լէ­պի օդա­կա­յա­նը կը փակ­ուի ցնոր տնօ­րի­նու­թիւն…», կը հա­ղոր­դէ ան հե­ռա­ձայ­նով, մեղմ ձայ­նով մը, որուն մէջ վշ­տա­լի թրթ­ռանք մը կար, սա­կայն յոյ­սով էր, որ մօտ օրէն կամ առա­ւե­լա­գոյ­նը եր­կու շա­բա­թէն կը բաց­ուէր օդա­կա­յա­նը: Իսկ ինք այս լու­րը ստա­ցած էր ջախ­ջախ­ուած սըր­տով ու ամ­բողջ գի­շե­րը տա­ռա­պեր էր: Որ­քա՛ն մօ­տե­նար երա­զին իրա­կա­նա­նա­լու յոյ­սը, այդ­քան ճա­կա­տագ­րի հար­ուա­ծը կը հաս­նէր ու կը շպր­տէր զայն ան­յայ­տու­թեան մէջ. համ­բե­րա՛նք, համ­բե­րա՜նք…

***
Ան­ցան տասն­հինգ ծան­րա­գին օրեր, պա­տե­րազ­մը կը շա­րու­նակ­ուէր Սուր­իոյ մէջ, ամէն կողմ, Հա­լէ­պի մէջ, նոյ­նիսկ անոր բնա­կած թա­ղա­մա­սե­րո՛ւն մէջ, պա­տե­րազ­մը կը շա­րու­նակ­ուէր նա­եւ իրենց հո­գի­նե­րո՛ւն մէջ, փո­թոր­կա­լից սր­տե­րո՛ւն մէջ, իրար­մէ հե­ռո՜ւ, իրա­րու կա­րօ­տով խանձ­ուած սր­տե­րո՛ւն մէջ:
Այ­սօր ան եր­կու ան­գամ զան­գեր էր, եր­կու ան­գամ­նե­րուն ալ` լա­ցեր, չէր խոս­տո­վա­ներ, որ կա­րօ­տէն կու լար, այլ կ՛ըսէր, թէ պա­տե­րազ­մը հետզ­հե­տէ կը սաստ­կա­նար, զո­հեր կը խլէր, սար­սա­փե­լի կը դառ­նար, ու տա­կաւ առ տա­կաւ կը ջլա­տէր զայն: Բայց ի՛նք վս­տահ էր, որ ան կա­րօ­տէն կու լար… եւ ինչ­պէ՞ս դի­մա­նար անոր ար­ցունք­նե­րուն ի տես, այո՛, ինք կը տես­նէր անոր ար­ցունք­նե­րը, կար­ծես կը թըր­ջէ­ին իր մատ­նե­րը, կար­ծես ի՛նք կը սր­բէր զա­նոնք, անոր գլու­խը կը հանգ­չեց­նէր իր կուրծ­քին եւ ան կու լար, եր­կա՜ր կու լար, մին­չեւ հանգ­չէր… օ՜, պատ­րա՜նք, կր­կին սիր­տը կը ճմլ­ուի, եւ նոյն բաղ­ձան­քը կը հա­մա­կէ էու­թիւնը, նո՛յնը, գր­կել, շո­յել իր եր­կար եւ շա­գա­նա­կա­գոյն մա­զե­րը, շն­չել իր իգա­կան զգըլ­խիչ բոյ­րը, զոր կար­ծես ներ­քուստ վա­ղուց կը ճանչ­նար, թո­քե­րը վա­ղուց լեց­ուած էին անով եւ կեա՛նք կը ներշն­չէ­ին: Պի­տի մոռց­նէր անոր ամէն դառ­նու­թիւն, պի­տի ամո­քէր սր­տին բո­լոր ցա­ւե­րը ու յա­գեցը­նէր կա­րօ­տը…, պատ­րա՛նք, պատ­րա՛նք…

***
Օդա­կա­յա­նը տա­կա­ւին գոց է…

Պա­տե­րազ­մը ուր­ուա­կա­նի մը պէս կար­ծես կը հա­լա­ծէր զի­րենք ցե­րեկ-գի­շեր, նոյ­նիսկ` երազ­նե­րուն մէջ…

Ամե­րի­կա­հա­յե­րը օր ու գի­շեր ժա­մե­րով կը փոր­ձեն կապ­ուիլ Սուր­իա գտ­նուող իրենց հա­րա­զատ­նե­րուն հետ եւ չեն յա­ջո­ղիր, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րը չեն գոր­ծեր, կա­պե­րը խզ­ուած են, կը գան­գա­տին, կը դժ­գո­հին…

Հե­ռա­ձայ­նը կը հն­չէ, Հա­լէ­պէն է, ա՛ն է, հա­ւա­տա՞լ, երա՞զ է: Քաղցր, փա­փուկ, տա­քուկ, քն­քուշ, մարդ­կա­յին սր­տին նր­բազ­գաց թե­լե­րը խռո­վող կա­նա­ցի ամե­նա­նուրբ ձայ­նը կը հն­չէ. «Ուշ գի­շեր է, քա­ղա­քին իրա­վի­ճա­կը նոյնն է, չեմ կր­նար քնա­նալ, կը տա­ռա­պիմ ան­կո­ղի­նիս մէջ մի­նակ, հե­ռա­ձայ­նը ձեռքս, աղօ­թե­ցի եւ զան­գե­ցի, ներ­քուստ վս­տահ էի, որ պի­տի կա­րե­նամ ձայնդ լսել, պի­տի հանգ­չիմ եւ ան­կէ ետք կա­րե­նամ քնա­նալ…»:

Ի՞նչ ընել, ըսէ՛ք, ել­լել բարձր լե­րան մը գա­գա­թը եւ պո­ռա՞լ, նետ­ուի՞լ, ի՞նչ ընել, որ­քա՜ն կը նա­խան­ձէր հի­մա թռ­չուն­նե­րուն, որ­քա՜ն կը ցան­կար անոնց պէս թե­ւեր ու­նե­նալ, որ թռ­չի, հաս­նի անոր, փաթթը­ւի ու մի­ա­սին շա­րու­նա­կեն թռ­չիլ, հե­ռա­նա՜լ, հե­ռա­նա՜լ, ան­հե­տա­նա՜լ մար­դոց աչ­քե­րէն ու ատե­լութ­եամբ լեց­ուած հո­գի­նե­րէն, մի­ա­նա՜լ ու ա՛լ եր­բեք չբաժն­ուիլ: Մէյ մը որ մի­ա­նար, ա՛լ պի­տի չհե­ռա­նար ան­կէ, պի­տի կան­չէր անոր առ­յա­ւէտ, պի­տի ապ­րէ­ին մի­ա­սին` իւ­րա­քան­չիւր երկ­վայրկ­եան ան­սահ­ման սի­րով լե­ցուն, ալ ո՛չ մէկ բան, ո՛չ իսկ ճա­կա­տագ­րի սեւ բա­զու­կը պի­տի կա­րե­նար բաժ­նել զի­րենք, պի­տի սի­րէ­ին զի­րար տար­բեր սի­րով մը, այո՛, իր սէ­րը սո­վո­րա­կան սէր չէր, տար­բե՛ր էր, տար­բե՛ր…

Բայց մի՞թէ իրենք հի­մա ալ մի­ա­սին չէ­ին ապ­րեր, իրար­մո՛վ…
* * *
Գի­շեր ցե­րեկ կը հե­տե­ւէր Սուր­իոյ լու­րե­րուն: Հա­լէ­պի օդա­կա­յա­նը ամիս­նե­րէ ի վեր գոց է:

Այ­սօր ան խօ­սած էր բա­ժա­նու­մի մա­սին, ըսած էր, թէ պար­տա­ւոր չէր իր ճա­կա­տա­գի­րը կա­պե­լու ան­ձի մը, որ կ՛ապ­րէր դա­ժան պա­տե­րազմ ապ­րող երկ­րի մը մէջ, պար­տա­ւոր չէր Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու խա­ղաղ երկն­քին տակ ապ­րե­լով հան­դերձ, իրեն հետ ապ­րե­լու պա­տե­րազ­մի բո­լոր տագ­նապ­նե­րը…

Բա­ժա­նո՞ւմ, կա­րե­լի՞ էր արդ­եօք, երբ մագ­նի­սի պէս անե­րե­ւոյթ բան մը զինք կը մղէր դէ­պի այն էա­կը, որ իր սի­րոյն մարմ­նա­ցումն էր կա­խար­դիչ կեր­պա­րան­քով, ինք ամէն վայրկ­եան կ՛ապ­րէր անո՛ր հետ, ակն­թարթ մը իսկ չէր հե­ռա­նար ան­կէ, էու­թեա­նը մէկ մաս­նի­կը եղեր էր այ­լեւս, մարդ իր էու­թե­նէն ինչ­պէ՞ս կր­նայ բաժն­ուիլ, «պար­տա­ւոր չէ՞ր իրեն հետ այդ տագ­նապ­նե­րը ապ­րե­լու», բայց այ­լեւս շատ ուշ չէ՞ր ասոր մա­սին խօ­սե­լու, ընկղ­մեր էր ինք այդ ովկ­ի­ա­նո­սին մէջ ու փր­կու­թիւն չկա՜ր: Անոր քաղցր ժպի­տը կը հա­լա­ծէր զինք, մար­դոց դէմ­քե­րուն մէջ զա՛յն կը փնտ­ռէր: Ամէն րո­պէ հե­տը կը խօ­սէր, կը կար­ծէր, որ երբ դու­ռը բա­նայ` զայն պի­տի գտ­նէ` թա­փան­ցող հայ­եաց­քը իր աչ­քե­րուն մէջ հանգ­չած. երբ նս­տած ըլ­լար, կը կար­ծէր, որ ան կանգ­նած է իր ետին եւ կար­ծես անոր մատ­նե­րուն հպու­մը կը զգար վի­զին, կը փաթթ­ուէր իրեն ու զինք կը պա­րու­րէր ան­հուն սի­րով ու գո­րո­վով, դէմ­քին քով կը զգար անոր տա­քուկ շուն­չը, երբ ական­ջին կը փսփ­սար, թէ որ­քա՜ն կը սի­րէր զինք. օ՜, պատ­րա՛նք… պատ­րա՛նք…

Էա­պէս կը գի­տակ­ցէր պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռած դժ­ուա­րու­թեանց. այդ գի­շեր խել­քը գլու­խը հա­ւա­քե­լով` եր­կա՜ր քն­նած էր իրենց դրու­թիւնը եւ` շատ անմ­խի­թար գտած, բայց այս բո­լո­րը ինչ­պէ՞ս հասկցը­նել այս սր­տին, որ իւ­րա­քան­չիւր երկ­վայրկ­եան կար­ծես ոչ թէ ապ­րե­լու հա­մար կը բա­բա­խէր, այլ` միայն ու միայն անո՛ր հա­մար…

Ու այս ան­գամ ի՛նք կ՛ընդվ­զէր, ի՞նչ էր այս պա­տե­րազ­մի օրէն­քը, ի՜նչ անաստ­ուա­ծա­յին ու հա­կա­մարդ­կա­յին օրէնք, ո՞ր չոր­նա­լիք ու­ղե­ղը ծրագ­րեր է, եւ ո՞ր անի­ծած ձեռ­քը կը գոր­ծադ­րէ զայն, ի՞նչ բար­բա­րո­սու­թիւն եւ հրէ­շու­թիւն, ի՜նչ ան­մեղ արիւն­ներ ու զո­հեր, ին­չի՞ հա­մար:

Ի՞նչ ըսել է սի­րել, անոր կա­րօ­տով հիւ­ծիլ եւ չկա­րե­նալ մի­ա­նալ, ին­չո՞ւ ան իր կող­քին չէր հի­մա՛, ա՛յս վայրկ­եա­նին, սի­րա­հա­րած բո­լոր զոյ­գե­րուն պէս պի­տի ժա­մադր­ուէ­ին, ներ­քին հրճ­ուան­քով հա­յելի­ին եր­կա՜ր պատ­րաստ­ուէ­ին, թե­րեւս ինք սափ­րի­չին այ­ցե­լէր, իսկ ան` վար­սա­յար­դա­րին, ժա­մադ­րա­վայր չհա­սած` պի­տի զգա­յին սր­տի խռովքն ու զուար­թու­թիւնը, ի՜նչ կ՛ըլ­լար, եթէ առ­նա­կան ինք­նա­սի­րութ­եամբ ձեռ­քը բռ­նած պտ­տէր մար­դոց մէջ, եր­բեմն ալ մութ գի­շեր­նե­րուն մի­ա­սին թա­փա­ռէ­ին ամա­յի ճամ­բա­ներ, թե­րեւս ծո­վե­զերք եր­թա­յին եւ զի­րար գր­կած` դի­տէ­ին ծո­վը, որ իրենց սի­րոյն չափ ան­սահ­ման է, խօ­սէ­ին, լռէ­ին, եր­գէ­ին, գու­ցէ մեղ­մօ­րէն նա­եւ համ­բու­րէր անոր նուրբ ձեռ­քե­րը, ճա­կա­տը, երե­սը, սպի­տակ վի­զը, ին­չո՞ւ չէ, նա­եւ` վառ շր­թուն­քը, պի­տի ընդ­դի­մա­նա՞ր արդ­եօք` Հա­լէ­պի աղ­ջիկ­նե­րուն յա­տուկ ամօթ­խա­ծու­թեամբ, բայց ինք այն­քան ու­ժով պի­տի սեղ­մէր զայն, որ բնաւ պի­տի չկա­րե­նար պր­ծիլ իր առ­նա­կան թե­ւե­րէն եւ իր ու­ժեղ բա­զուկ­նե­րուն մէջ պի­տի զգար անոր մարմ­նէն անց­նող դո­ղը եւ կա­նա­ցի նուա­ղումն ու յանձն­ուի­լը… կր­կի՛ն պատ­րա՜նք…
* * *
Նա­խորդ իրի­կուն գոր­ծէն վե­րա­դար­ձին ան­գի­տակ­ցա­բար ուղղ­ուած էր ծո­վե­զերք, եր­կար մնա­ցեր էր հոն, եր­կա՜ր ժա­մեր, չէր կր­ցած մտա­ծել որե­ւէ բա­նի մա­սին, ո՛չ հան­դիպ­ման, որ կ՛ու­շա­նար, ո՛չ իր մա­սին, ո՛չ ալ անոր մա­սին, ու­ղե­ղը կար­ծես ա՛լ կանգառած էր, ի՞նչ ըներ, ի՞նչ կր­նար ընել. մէկ բան կը զգար միայն, կա­րօտ, միայն ու միայն կա­րօտ` աղջ­կան մը, որուն միայն նկար­նե­րը տե­սած էր հա­մա­կար­գի­չի պաս­տա­ռէն, կա­խար­դիչ ձայ­նը լսած, եւ որուն յա­ւի­տե­նա­պէս նուիր­ուած էր, որուն խորհր­դա­ւոր ու անն­կա­տե­լի կա­պան­քով մը գեր­ուած էր, եւ ո՛չ մէկ ելք կար այս անել վի­ճա­կէն: Ուշ գի­շե­րին վե­րա­դար­ձած էր տուն` բո­լո­րո­վին ջլատ­ուած:

Կի­րա­կի:

Պատ­րաստ­ուե­ցաւ, կր­կին մօր­մէն հայ­կա­կան սուրճ խնդ­րած էր, խմեց Հա­լէ­պը յի­շեց­նող սուր­ճը, մե­քե­նա­բար իջաւ տու­նէն, ինք­նա­շար­ժով ուղղ­ուե­ցաւ եկե­ղե­ցի, ուր մտաւ ան­գի­տակ­ցա­բար, բա­րե­ւեց դպ­րաց դա­սի իր ըն­կեր­նե­րուն, հագ­ուե­ցաւ շա­պի­կը ու մի­ա­ցաւ անոնց: Այ­սօր խն­կա­բոյր մթ­նո­լոր­տը կը գի­նովց­նէր, ինք ար­դէն զգաց­ուած էր, միտ­քը կը սա­ւառ­նէր դէ­պի Հա­լէպ, արդ­եօք ռմ­բա­կո­ծում­ներ կամ բա­խում­ներ տե­ղի կ՛ու­նե­նա­յի՞ն, արդ­եօք այդ ժա­մուն ո՞ւր էր ան, մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ` տու­նը փակ­ուած, բան­տարկ­ուած. հա­կա­ռակ որ իր սի­րու­հին ընդ­հան­րա­պէս չէր գան­գա­տեր ու կը հա­ւա­տար, որ այս ամէ­նը շու­տով վերջ պի­տի գտ­նէ­ին եւ պի­տի կա­րե­նար մի­ա­նալ իր սր­տի հա­տո­րին, բայց կար­ծես պա­տե­րազ­մը կա­մաց-կա­մաց կը հա­լեց­նէր այդ յոյ­սը… Մշու­շա­պատ տրա­մադ­րու­թիւն մը եւ խիստ անա­խորժ մե­լա­մաղ­ձո­տու­թիւն մը կը տի­րէր, կա­խարդ­ուած դրու­թեան մէջ էր կար­ծես, որ սկիզ­բը կեն­դա­նու­թիւն եւ ու­րախ ուժ կը պար­գե­ւէր, սա­կայն այ­լեւս սկ­սած էր գող­նալ իր երի­տա­սարդ հոգիի զուար­թու­թիւնը, կո­կոր­դին մէջ ճն­շում մը զգաց, կար­ծես մէ­կը զինք կը խեղ­դէր, ու այդ վայրկ­եա­նին տղա­յա­կան, ան­միտ, ան­հա­շիւ ու ծի­ծա­ղե­լի թուե­ցաւ իրեն այս ցնո­րա­կան կա­պը…
Իր մտո­րում­նե­րէն կ՛արթն­նար քա­հա­նա­յին ձայ­նէն. «Խա­ղա­ղու­թի՜ւն ամե­նե­ցուն», քա­հա­նա­յին ձայ­նը կը հն­չէր նա­եւ իր մտ­քին, ու­ղե­ղին եւ էու­թ­եա՛նը մէջ. «Խա­ղա­ղու­թի՛ւն ամե­նե­ցուն»: Այո՛, խա­ղա­ղու­թի՛ւն ամ­բո՛ղջ աշ­խար­հին, խա­ղա­ղու­թիւն բո­լո՛ր տագ­նա­պա­հար եր­կիր­նե­րուն, խա­ղա­ղու­թի՜ւն անոր ապ­րած երկ­րին` Սուր­իոյ եւ ի՛ր ծնն­դա­վայ­րին` Հա­լէ­պի՛ն…

Դպ­րաց դա­սը շա­րա­կան­նե­րը կ՛եր­գէր սո­վո­րա­կան շեշ­տով, բայց ինք այ­սօր, հա­կա­ռակ իր կեն­սու­րախ բնա­ւո­րու­թեան, տխուր ու երազ­կոտ էր, յա­ճախ ուշ կը մի­ա­նար անոնց եր­գե­ցո­ղու­թեան…

«Խա­ղա­ղու­թի՛ւն ամե­նե­ցուն», «Եւ ընդ հոգ­ւո՜յդ քում», այո՛, խա­ղա­ղու­թիւն նա­եւ ի՛ր սր­տին ու հոգի­ին, որոնք շա­տոնց կորսն­ցու­ցած էին իրենց ան­դոր­րու­թիւնը…

Կր­կին. «Խա­ղա­ղու­թի՛ւն ամե­նե­ցուն»…

Ու կը հն­չէր նա­եւ ի՛ր ու­ղե­ղին մէջ.

– Խա­ղա­ղու­թի՜ւն, խա­ղա­ղու­թի՜ւն, խա­ղա­ղու­թի՛ւն ամե­նե­ցուն…

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ-ԿԷՏԻԿԵԱՆ