kantsasar.com – Կիրակի, 7 Յուլիս 2013-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Հալէպի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ` Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի: Սիրիան Պարագայի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ 1990-էն սկսեալ մինչեւ Յուլիս 2012, ամէն Հինգշաբթի առաւօտ Ս. եւ անմահ պատարագ կը մատուցուէր, ինչպէս նաեւ մեծ պահքի օրերուն` Արեւագալի արարողութիւն, թեմիս քահանայ հայրերը, զոյգ-զոյգ, հերթաբար կ՛այցելէին եկեղեցին եւ իրենց հոգեթով քարոզներով ու խորհրդածութիւններով կը լուսաւորէին մեր հաւատացեալ ժողովուրդին սիրտն ու հոգին:
2006-ին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի անմիջական ջանքերով հաստատուեցաւ Ս. Յակոբ հայրապետի նուիրուած հսկումի շաբաթը:
Հսկումի շաբաթներուն մեր ժողովուրդի զաւակները հոծ բազմութեամբ ներկայ կը գտնուէին արարողութիւններուն եւ իրենց աղօթքներուն ճամբով բարեխօսութիւնը կը խնդրէին հրաշագործ Ս. Յակոբէն:
2012-ի Օգոստոսէն սկսեալ երկրիս մէջ տիրող պատերազմական անապահով վիճակը պատճառ դարձաւ, որ եկեղեցին իր հերթական հոգեւոր առաքելութիւնը չմատակարարէր:
Սրբազան հօր ցուցմունքներով ու թելադրութեամբ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամները յաճախակի այցելութեամբ անտէր չձգեցին այս հոգեւոր կառոյցը:
Արեւագալի ժամերգութիւն մը կատարուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, քահանայից դասուն եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ:
Այսօր, Այլակերպութեան տօնին առիթով, որ հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրամանով եւ իր նախագահութեամբ, ինչպէս նաեւ կրօնական ժողովի նախաձեռնութեամբ, եկեղեցւոյ դռները բացուեցան եւ զանգերու ղօղանջումով հաւատացեալներու ներկայութեամբ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան եւ Թաղական Խորհուրդը դիմաւորեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:
Օրուայ պատարագիչն էր Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Զերենցեան, Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին Բարեշնորհ Վահէ Սրկ. Հայրապետեան, Բարեշնորհ Միհրան Սրկ. Պալգէորեան, բուրվառակիր` Քրիստ Կիս. Սրկ. Գարամանլեան, մոմակիրներ` Համազասպ եւ Յակոբ Շաքարեաններ:
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը եռաձայն կատարուեցաւ խմբավարութեամբ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր օրհնաբեր քարոզին որպէս բնաբան ընտրեց` Պետրոս Առաքեալի հաւատքի խոստովանութիւնը. «Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մտ 16.16):
Սրբազան Հայրը Տէրունական այս տօնին հրաշալի խորհուրդէն մեկնելով դիտել տուաւ հաւատացեալներուն, որ Այլակերպութիւնը Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի կարեւոր դէպքերէն է, որուն ընդմէջէն կը յայտնուի Քրիստոսի Աստուածային լուսեղէն փառքը:
Ապա անդրադառնալով Պետրոս Առաքեալի հաւատքի վկայութեան շեշտեց, թէ հարկ է` անվախօրէն խոստովանիլ մեր հաւատքը եւ միաժամանակ աստուածահաճոյ գործերով ապացուցել թէ ճշմարտապէս կը պատկանինք հաւատացեալներու խումբին: Ապա նկարագրելով Հին կտակարանի մեծագոյն դէմքերէն` Մովսէսի ու Եղիայի երեւումը, նշեց որ այս մարգարէները աստուածային տնօրինումով խօսեցան Յիսուսի կրելիք չարչարանքներուն մասին, բան մը որ փրկութեան ծրագրի կատարման պիտի ծառայէր:
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները` հաստատուն հաւատքով, վերանորոգ հոգիով եւ աննկուն կամքով դիմադրել փորձանքներն ու փորձութիւնները, հասնելու համար խաղաղ նաւահանգիստ»:
Հաւատացեալները Զղջումի եւ խոստովանութեան պահէն ետք խնդրեցին երկնաւոր Հօրմէն` Սուրիական հայրենիքի խաղաղութիւն, բարօրութիւն եւ փակ եկեղեցիներու վերաշինութիւն ու վերաբացում, որպէսզի հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին այլակերպուած ու պայծառակերպուած շարունակէ իր Առաքելութիւնը:
Պատարագի աւարտին «Կիլիկիա» մաղթերգով, հաւատացեալ ուխտաւորները գոհունակութեան զգացումներով, սրտի անհուն բերկրանքով եւ խաղաղութեամբ արձակուեցան:
Հոգեւոր հովիւ
Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ