kantsasar.com – Մարդկային կեանքը դժուար է պատկերացնել առանց երգի եւ երաժշտութեան: Բացայայտ ճշմարտութիւն է, որ երաժշտական կրթութիւնը, իր ամբողջական հասկացողութեամբ, որոշադրիչ դեր կը խաղայ երեխայի եւ պատանիի հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ:
Մեկնելով վերոյիշեալ ճշմարտութենէն, անցնող 27 տարիներու աշխատանքով ուռճացած Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցը, այսօր դարձեալ կ՛ընծայէ շրջանաւարտներու ընտիր հունձք մը:
Հովանաւորութեամբ` Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի, Կիրակի 7 Յուլիս 2013-ին, «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխման հանդիսութիւն:
Համերգին սկզբնաւորութեան, Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի վարչութեան անունով խօսք առաւ տիկ. Արուս Շահինեան ու նշեց, թէ` հակառակ գաղութիս մէջ տիրող ներքաղաքական անբարենպաստ պայմաններուն եւ ապակայուն իրավիճակին, հալէպահայ արուեստասէր հասարակութիւնը հրաւիրուած է այս պահուն վայելելու դարերու խորքէն հասած հայկական եւ միջազգային երաժշտութեան հոգեհարազատ գոհարները: Տիկ. Շահինեան «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի վարչութեան անունով ջերմապէս շնորհաւորեց շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիները` քաջ հաւատալով, որ անոնք յառաջիկային հաստատաքայլ պիտի շարունակեն իրենց երաժշտական ուսումնառութիւնը, նուաճելով բարձրագոյն հանգրուաններ, տիտղոսներ եւ յաջողութիւններ մշակոյթի այդ վսեմ ու նուիրական անդաստանէն ներս:
Ապա յաջորդաբար բեմ բարձրացան շրջանաւարտները ընտրեալ կտորներով, այն խոր համոզումով, որ հանդիսատեսը պահ մը ձերբազատուելով իր մտահոգիչ ու տագնապալի առօրեայէն սրտի յորդառատ զեղումով պիտի ըմբոշխնէ մեկնաբանուած եղանակները, որոնք հոգին ազնուացնող կազդուրիչ յատկութիւններ կը ներփակեն, նաեւ երաժշտական գանձարանի անգնահատելի արժէքներ, որոնցմով սէր եւ գիտակցութիւն կը զարթնի դէպի հայրենին եւ ազգայինը, որոնք օրհնութիւն եւ բերկրանք են յատկապէս սփիւռքահայերուն համար:
Շրջանաւարտներ` Արփի Տարագճեան, Արարատ Մազլումեան, Սարին Ճանանեան, Ներսէս Գոնճայեան, Նարեկ Գարամարտեան, Կասիա Պաթթուք եւ Քարէն Պչաքճեան` դաշնամուրով, շրջանաւարտ Մեսրոպ Արսէնեան` երգեհոնով, իսկ շրջանաւարտ Մայտա Նագգաշեան` ջութակով ներկայացուցին աշխարհահռչակ երաժշտական կտորներ, ինչպէս նաեւ ձայնամարզութեան շրջանաւարտներ` Արամ Խաչատուրեան եւ Յակոբ Այնթէպլեան իրենց հրապուրիչ ձայնով ներկայացուցին հայրենաշունչ երգեր:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականց բաշխում` տիկ. Թագի Տողրամաճեանի, տիար Լեւոն Իսկէնտէրեանի եւ տիար Գօգօ Յարութիւնեանի ձեռամբ: Ապա շրջանաւարտները ծաղկեփունջերով պարգեւատրեցին իրենց ուսուցիչները: Անոնք իրենց արտասանած սրտի խօսքերուն մէջ երախտագիտութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցիչներուն, երաժշտանոցի վարչութեան, տնօրէնութեան եւ վերջապէս` ծնողներուն, որոնց յարատեւ քաջալերանքով ստացան շրջանաւարտի տիտղոսը:
Սոյն համերգը փաստն էր այն իրողութեան, թէ երաժշտանոցի ուսումնական ծրագրի ընդմէջէն աշակերտներ ձեռք բերած էին թէ՛ ազգային եւ թէ համաշխարհային արուեստի հանրօգուտ առաքելութեան սկզբունքները, ուսանողին մատուցելու երաժշտական կրթութիւն, որուն նպատակն էր արուեստի յղկող եւ վեհացնող միջոցներով նպաստել անոնց հոգեզգացական նրբերանգ կազմաւորումին, ան իր նուիրական ու սրբազան առաքելութեամբ գործած է անշահախնդիր` հայ պատանիին ու երիտասարդին անսակարկօրէն ջամբելու համար հայ մշակոյթին անփոփոխարինելի եւ ազնըւագոյն արժէքները:
Վ.Խ.